ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր երէկ ընդունուեցաւ Ռուսաստանի Դաշնակցութեան խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիէնքոյի կողմէ։ Երկու երկիրներու օրէնսդիր մարմիններու ղեկավարները քննարկեցին Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգի վերաբերեալ զանազան հարցեր։
ԱՔ կուսակցութեան Թեքիրտաղի երեսփոխան Մուսթաֆա Շենթոփ ընտրուեցաւ Ազգային մեծ ժողովի նախագահ։ Ինչպէս ծանօթ է, խորհրդարանի նախագահի աթոռը թափուր մնացած էր Պինալի Եըլտըրըմի հրաժարականով, որովհետեւ ան Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան եւ «Ճումհուր» դաշինքին կողմէ։
Սարգսեան եւ Փաշինեան հիւրընկալեցին Ամենայն Հայոց Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը:
Աշխարհահռչակ մեներգչուհի Յասմիկ Պապեան փառաշուք համերգով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ:
Նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի մահուան ստեղծած ցաւը կը շարունակէ մնալ հայաշխարհի օրակարգին վրայ։ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի կեդրոնին մէջ սգոյ տոմար մը բացուած է Լուիզ Մանուկեան-Սիմոնի համար։
Պատրիարքական Աթոռը երէկ հանդէս եկաւ նախաձեռնութիւնով մը, որով կանխուեցաւ քրիստոնեաներու տեսակէտէ վիրաւորական երեւոյթ մը, գեղարուեստի պատրուակով։ Այսպէս, վերջին օրերուն համացանցի վրայ շրջանառութեան մէջ մտած էր աշխարհահռչակ նկարիչ Լէոնարտօ տա Վինչիի նշանաւոր Վերջին ընթրիքի կտաւին աղաւաղուած ձեւը։
«Միջնորդներու այցի նպատակն է ծանօթանալ Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպման մանրամասնութիւններուն»:
Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ստորագրուեցաւ 2019-ի ռազմական համագործակցութեան ծրագիրը: