ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
Անգարայի ղեկավարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շփման մէջ կ՚անցնին՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան 11 տարուան վաղեմութեամբ հարցին շուրջ: Երկխօսութեան գետին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ հիւրընկալեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ու Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանը, որոնք իր հետ կը տեսակցին՝ որպէս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Փետրուարի 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմ:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հետզհետէ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան յստակ օրակարգ մը։
Միշել Լըկրան յուղարկաւորուեցաւ Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոնի մասնակցութեամբ։
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։
Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն ընդառաջ ԱՔ կուսակցութիւնը ներկայացուց իր որդեգրած նպատակները: