ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ 2018-Ի ԱՇԽԱՐՀԻ ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ ԱԽՈՅԵՆՈՒԹԵԱՆ
Նոյեմբերի 1-11 թուականներուն միջեւ Թուրքմենիստանի մայրաքաղաքը՝ Աշխապատի մէջ տեղի պիտի ունենայ 2018-ի աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյենութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան:
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէն հրապարակեց հաւաքականի կազմերը, որոնք պիտի մասնակցին այս ախոյենութեան: