ՄՆԱՑԱԿԱՆԵԱՆ ԵՒ ՄԱՄէՏԵԱՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՆ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ
Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ընդհանուր ժողովի առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այդ ամենահեղինակաւոր ամպիոնէն ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ երէկ համայնքային մարմիններու ատենապետները գումարեցին կարեւոր ժողով մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Գումգաբուի խորհրդակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցան գրեթէ բոլոր հրատապ հարցերը։ Հաւաքի կարգ մը բացականերն ալ եղան ուշագրաւ այժմու իրադրութեան լոյսին տակ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։
Երեւանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու 43.65 տոկոսը:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։