Լրահոս

ԹՈՒԱՅՆԱՑՆԵԼ ԵՒ ՄԻԱՒՈՐԵԼ

«Հրանդ Տինք» հիմնարկի նախաձեռնութեամբ քաղաքիս մէջ կը կազմակերպուին քննարկումներ, որոնք այժմէական բնոյթ կը կրեն հայութեան մշակութային օրակարգին վրայ:
Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրման կեդրոնի ղեկավար Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը: Լիբանանահայ գաղութի պատմութեան ու ներկային մասին ծաւալուն ու շահեկան դասախօսութիւն՝ տեսողական առարկաներով:

ԱՄՆ-Ի ՀԱՒԱՏԱՐՄԱՏԱՐԸ ԵՐԷԿ ՀՐԱՒԻՐՈՒԵՑԱՒ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հաւատարմատար Ֆիլիփ Քասնըթ երէկ հրաւիրուեցաւ Արտաքին գործոց նախարարութիւն։ Թուրքիա այս առթիւ դիւանագիտական միջոցներով արտայայտեց իր հակազդեցութիւնը՝ ԱՄՆ-ի կողմէ Սուրիոյ պարագային առնուած վերջին կարգ մը քայլերուն շուրջ։

ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ՆՈՐ ԵՐԳԸ. «ՄԵՆՔ Կ՚ԱՊՐԻՆՔ ԺԱՄԱՆԱԿՈՎ»

«Վերջին հսկան չեմ, սակայն ֆրանսական երաժշտութեան առաջին դասականն եմ», յայտնեց ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր՝ Le Telegramme-ին տուած հարցազրոյցին մէջ։

ԱՐԺԷՔՆԵՐՈՒ ԾԱՆՕԹԱՑՈՒՄ

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթըն թանգարանին մէջ յառաջիկայ Սեպտեմբերին բացուելիք «Հայաստան» խորագրեալ ցուցահանդէսը այժմէն կը զբաղեցնէ հայաշխարհի օրակարգը. նմոյշները պիտի տարուին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն, Մատենադարանէն եւ Պատմութեան թանգարանէն։
Երկու տարուան նախապատրաստական ամուր աշխատանքի մը հիման վրայ պատրաստուած է ծրագիրը: Ձեռնարկը պիտի տեւէ չորս ամիս եւ պիտի հրատարակուի մասնաւոր քաթալոկ մը:
Հայ եւ ամերիկացի մասնագէտները համատեղ քննարկումներու հիման վրայ միասնաբար ընտրած են ցուցադրուելիք առարկաները, որոնց շարքին կը գտնուին հին ձեռագրեր, խաչքարեր, ոսկերչական գործեր, եկեղեցական արծաթեայ մասունքարաններ, վարագոյրներ, ինչպէս նաեւ Մայր Տաճարի մարմարեայ մանրակերտը։

ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՊԱՀԱՆՋԷ, ՈՐ ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ԹԵՀՐԱՆ ՅԱՐԳԵՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ ԻՐԵՆՑ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները վերստին անհանգստացուցիչ հունի մը մէջ ընթանալ սկսած են Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ղեկավար Պեշար Էսատի ենթակայ զօրքերը վերջին շրջանին լայնածաւալ գործողութիւններու ձեռնարկած են՝ Իտլիպ քաղաքը իրենց հակակշռին տակ առնելու նպատակով։

ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԲԱԽՏԸ

Հայաստանի յաջորդ բոլոր իշխանութիւններուն առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ ժողովրդագրական հարցը
Սամուէլ Ֆարմանեան. «Պատմական ընթացքը, որու մէջ մենք հիմա կը գտնուինք, մեզի կու տայ հնարաւորութիւն»

2019-Ի ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄՀՓ ՊԻՏԻ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ԷՐՏՈՂԱՆԻ ԹԵԿՆԱԾՈՒԹԻՒՆԸ

ՄՀՓ-ի կուսակցապետ Տեւլէթ Պահչելի երէկ յայտարարեց, որ 2019 թուականի ընտրութիւններուն իր կուսակցութիւնը թեկնածու մը պիտի չառաջադրէ հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար։ Այսպէս, ՄՀՓ պիտի պաշտպանէ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի թեկնածութիւնը։

ԴԵՍՊԱՆ ԼԻՒԹԵՄ ՄԱՀԱՑԱՒ

Թրքա­կան դի­ւա­նա­գի­տու­թեան յայտ­նի դէմ­քե­րէն վաս­տա­կա­ւոր դես­պան Էօ­մէր Էն­կին Լիւ­թեմ շա­բա­թա­վեր­ջին կըն-քեց իր մահ­կա­նա­ցուն։ 85 տա­րե­կան հա­սա­կին մա­հա­ցաւ ան։ 
Էօ­մէր Էն­կին Լիւ­թեմ ու­սու­մը ստա­ցած էր Կա­լա­թա­սա­րայ լի­սէին եւ Ան­գա­րա­յի հա­մալ­սա­րա­նի քա­ղա­քա­գի­տու­թեան ֆա­քիւլ­թէին մէջ։

Էջեր