ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵԳԻՊՏՈՍ ԿԸ ՄԵԿՆԻ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան կը պատրաստուի պաշտօնական այցելութիւն մը տալ Եգիպտոս։ Երեւանի աղբիւրներու հաղորդումներով, պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Մխիթար Հայրապետեան պիտի մէկտեղուի եգիպտահայ համայնքի շրջանակներուն հետ։
Միջերկրականի արեւելքին մինչեւ 2022-ը պիտի կառուցուի նոր կազամուղ մը:
Քուէյթահայ գործարար, հրապարակագիր Կիրակոս Գույումճեան վերջերս արձագանգեց Հայաստանի նոր կառավարութեան կողմէ նախատեսուած բարեփոխումներուն։ Ան ողջունելի համարեց մանաւանդ զբօսաշրջութեան ոլորտէ ներս բարեփոխումներու իրականացման առումով Հայաստանի կառավարութեան պատրաստակամութիւնը։
Ս. Փ. Ազգ. հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու այս առաւօտ հանդիպում մը ունեցաւ Իսթանպուլի կուսակալ Վասիփ Շահինի հետ։ 40 վայրկեան տեւեց զրոյցը, որու բովանդակութեան մասին մանրամասնութիւններ առայժմ չկան։
Էրտողան խօսեցաւ Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի միջեւ Սոչիի մէջ գոյացած համաձայնութեան շուրջ:
Եւրոխորհուրդի մարդու իրաւանց յանձնակատարը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ:
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Սուրիահայ մշակոյթի շունչը Երեւանի մէջ» խորագրեալ բարեգործական ցուցահանդէս-տօնավաճառը։ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ «Սուրիահայերու հիմնախնդիրները համակարգող կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէս-տօնավաճառը։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ «ՓՈՒՇ» նախագծի համատեղ ջանքերով: