ԱՆՆԱ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՅԱՋՈՐԴ ՇԱԲԱԹ ՓԱՐԻԶ ՊԻՏԻ ԱՅՑԵԼԷ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Փարիզ։ Կը հաղորդուի, որ 9 օգոստոսին ան Փարիզի հայկական դեսպանատան մէջ պիտի մասնակցի բաց հանդիպումի մը ու պիտի պատասխանէ ներկաներու հարցումներուն։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական հիմնական վարիչները երէկ հիւրընկալուեցան Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալընի կողմէ։ Տոլմապահչէի պաշտօնական ընդունարանի երդիքին տակ ճաշասեղանի շուրջ կազմակերպուած հանդիպումը տեւեց մօտաւորապէս չորս ժամ։ Ներկայ էին նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Ատնան Էրթէմ եւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի։
Պատրիարքարանի Խորհրդակցական մարմինը երէկ յետմիջօրէին գումարեց իր հերթական ժողովը։ Նկատի ունենալով, որ Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մասնակցէր Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի բանբերին՝ Իպրահիմ Քալընի եւ փոքրամասնութիւններու առաջնորդներու հանդիպման՝ Խորհրդակցական մարմնի ժողովը այս անգամ տեղի ունեցաւ առանց իր նախագահութեան։
Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդներն ու աշխարհական հիմնական վարիչները երէկ հրապարակեցին համատեղ յայտարարութիւն մը:
Հայաստանի եւ Իտալիոյ ղեկավարութիւնները պատրաստակամ են զարգացնել համագործակցութիւնը:
Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը երէկուան ժողովին ընթացքին քննարկեց Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքի առկայ բարդ հարցերը:
Երեւանի մէջ այս առաւօտ հանդիսաւորապէս բացուեցաւ մշակութային ժառանգութեան կեդրոն: