«ԵՐԿՈՒ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ՝ ԵՐԿՈՒ ՄԵԾ ՀԱՅ»
«Երկու Յովհաննէս՝ երկու մեծ հայ» ցուցահանդէսը նուիրուած է Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի յոբելեաններուն։ Այսպէս, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետին՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակներուն նուիրուած ցուցադրութեան դէմ-դիմաց ներկայացուած էին երկու մեծ հայերու ընդհանրութիւններու, ճակատագրերու համընկնումներու մասին պատմող ցուցանմոյշներ՝ որպէս ընտանիքի հայրեր, զինուորներ:
Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին մէջ տեղի կ՚ունենայ գրքի փառատօն։ Այսպէս, Երեւանի Կենդանաբանական պարտէզը տարիներէ ի վեր կը զբաղի ոչ միայն կենդանիներու պահպանութեամբ, խնամքով եւ վերականգմամբ, այլ նաեւ մշտական ուշադրութիւն կը դարձնէ կրթական, հետազօտական, գիտական ծրագրերու, որոնք պարբերաբար կ՚իրականացուին բազմաբնոյթ միջոցառումներու, էքօ-ակումբներու, յատկանշական օրերու եւ զանազան նախաձեռնութիւններու տեսքով:
Փաշինեան. «Մենք պատրաստ ենք բանակցութիւններու, սակայն պատրաստ ենք նաեւ պատերազմի»:
Արմէն Սարգսեան երէկ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Ազգային արխիւէն ներս:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը շնորհաւորական պատգամ մը հրապարակեց Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի մէջ հաստատման 300-ամեայ յոբելեանին առթիւ։ Վերջերս, Ս. Ղազար կղզիի մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով եզրափակուեցան Մխիթարեան միաբանութեան յոբելենական տօնակատարութիւնները։
Էրտողան եւ Փութին երէկ Սոչիի մէջ բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեցին Սուրիոյ տագնապին շուրջ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հարաւային եւ Հիւսիսային Քարոլայնայի նահանգներուն մէջ «Ֆլորենս» փոթորիկի զոհերու թիւը հատած է տասնհինգի սահմանը: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, նախապէս հաղորդուած էր 11 զոհերու մասին։
Նիժերիոյ մէջ վերջին օրերուն աւելի քան հարիւր հոգի զոհուած է հեղեղներու հետեւանքով։ Տեւական տեղատարափներէ յետոյ ափերէն դուրս եկած են երկրի երկու խոշորագոյն գետերը՝ Նիժերը եւ Պենուէն: