ՈՒՄՈՒԹ ԱԼԻ ԷՕԶՄԷՆ ԱԶԱՏ ԱՐՁԱԿՈՒԵՑԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պատկան իշխանութիւնները մարդասիրական նկատառումներով կարճած են Ումութ Ալի Էօզմէնի գործը։
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ երէկ համայնքային մարմիններու ատենապետները գումարեցին կարեւոր ժողով մը, որ տեւեց շուրջ երեք ժամ։ Գումգաբուի խորհրդակցութիւններուն ժամանակ քննարկուեցան գրեթէ բոլոր հրատապ հարցերը։ Հաւաքի կարգ մը բացականերն ալ եղան ուշագրաւ այժմու իրադրութեան լոյսին տակ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։
Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը երէկ ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին կողմէ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան «Դիմագիրք»ի իր էջին վրայ շաբաթավերջին հրապարակեց ուշագրաւ լուսանկար մը։ Այսպէս, սա Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի լուսանկարն էր։ Հայաստանի վարչապետն ու Նորին Սրբութիւնը շաբաթավերջին միասնաբար ուղեւորուեցան Նիւ Եորք։
Երեւանի մէջ քաղաքապետական ընտրութիւններ, որոնց մասնակցեցաւ ընտրողներու 43.65 տոկոսը:
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան արտահերթ համագումարը։ Արդիւնքին Հայաստանի ֆութպոլի դաշնակցութեան նախագահ ընտրուեցաւ Արթուր Վանեցեան։
Արմէն Սարգսեան Շամոնի հաւաքին մասնակցեցաւ՝ որպէս գլխաւոր բանախօս:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։