ՇԱՀԵՐՈՒ ՇԵՇՏԱԴՐՈՒՄ
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պերլին, ուր փոխանակուեցան պատգամներ:
Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն Սուրիոյ հարցին շուրջ գագաթաժողովը՝ յաջորդ ամիս:
Հանրապետութեան նախագահը պաշտօնական այց մը տուաւ Պերլին, ուր փոխանակուեցան պատգամներ:
Թուրքիոյ, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն Սուրիոյ հարցին շուրջ գագաթաժողովը՝ յաջորդ ամիս:
Նիկոլ Փաշինեան եւ Իլհամ Ալիեւ կարգ մը համաձայնութիւններու հասան ԱՊՀ-ի գագաթաժողովի ընթացքին:
Երկու ղեկավարները վերահաստատեցին բանակցային գործընթացի նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Անպայման նորէն Հայաստան պիտի երթամ»։ Այսպէս յայտնեց մեզի Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն։ Իր ոդիսականը վերջին օրերուն լայն արձագանգ ստեղծեց։ Ումութ Ալի Էօզմէն եւ իր հայրը՝ Մուսթաֆա Էօզմէն Թուրքիա վերադառնալէ առաջ Երեւանի մէջ պատասխանեցին մեր հարցումներուն։
Թուրքիոյ Հայ կաթողիկէ հասարակութեան վիճակաւոր եւ Մխիթարեան միաբանութեան ընդհանուր կառավարիչ Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեան վերջին օրերուն այցելեց Պէյրութ։ Այս ծիրէն ներս Զեքիեան Գերապայծառ Անթիլիասի մէջ ընդունուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին կողմէ։
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները համաձայնեցան՝ մինչեւ տարեվերջ դարձեալ հանդիպում մը ունենալու համար:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները յայտարարութիւն մը հրապարակեցին՝ Նիւ Եորքի վերջին օրերու բազմակողմանի շփումներու լոյսին տակ:
Համայնքային շրջանակներէ ներս վերջին օրերուն շրջանառութեան մէջ են ուրախառիթ լսումներ, ըստ որոնց Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը պետական իշխանութիւններէն ստացած է՝ երկար ժամանակէ ի վեր սպասուած հատուցման գումարները։ Հարկ է նշել, որ Վոսփորի կամուրջի շինարարութեան շրջանին Սուրբ Խաչ դպրեվանքին պատկանող տարածք մը օգտագործուած էր ճանապարհաշինութեան համար։
Նիւ Եորքի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հանդիպումը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, տեսակցութեան ներկայ էին նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, որ կը գտնուի Նիւ Եորքի մէջ, երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ան այս առթիւ ահազանգ հնչեցուց Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դէմ, որ կը զինէ ՓՔՔ-ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնը, նաեւ իր տարածքէն ներս կը պահէ ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան պարագլուխը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ելոյթ մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ամպիոնէն։ Ընդհանուր ժողովի առջեւ ունեցած ելոյթին ժամանակ ան անդրադարձաւ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 73-րդ նստաշրջանի բացման փուլին Նիկոլ Փաշինեան միջազգային այդ ամենահեղինակաւոր ամպիոնէն ներկայացուց հայկական կողմի մօտեցումները։
Թուրքիա-Հայաստան սահմանը խախտած հովիւ Ումութ Ալի Էօզմէն ազատ արձակուեցաւ Երեւանի մէջ։ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ պատկան իշխանութիւնները մարդասիրական նկատառումներով կարճած են Ումութ Ալի Էօզմէնի գործը։