Լրահոս

ԱՄՆ-Ի ԵՒ ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ԿՈՂՄԷ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Հիւսիսային Քորէայի նախագահ Քիմ Եոնկ Ունի միջեւ երէկ Սինկափուրի մէջ ստորագրուած յայտարարութեան արձագանգները կը շարունակեն զբաղեցնել միջազգային օրակարգը։ Երկու նախագահներուն ստորագրութեամբ հրապարակուած համատեղ փաստաթուղթին մէջ շեշտուած է, որ ԱՄՆ եւ Հիւսիսային Քորէա պատրաստ են նոր յարաբերութիւններ կառուցելու եւ խաղաղութեան։

ՊԻՒՅԻՒՔՏԷՐԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՄԷ ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ վերջերս լուսաբանութեան նամակ մը ուղարկուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրութեան։ Այդ նամակը ստորագրուած է՝ Մուրատ Սիւմէի (ատենապետ), Արէտ Շէնի, Պերճ Զիայի եւ Անահիտ Սերկուտի կողմէ։

ՔԱՆՏԻԼԻ ԴԷՄ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ

Թուրք զինեալ ուժերը լայնածաւալ գործողութիւններով կը ջանան երկրի սահմաններէն բացարձակապէս հեռու պահել ահաբեկչութիւնը:
Փենթակոնի ղեկավար Մաթիս պատրաստակամօրէն կ՚արտայայտուի Մենպիչի վերաբերեալ ճանապարհային քարտէսի գործադրութեան մասին՝ զինուորականներու հանդիպման սեմին:

ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ԱԼԻԵՒ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՊԻՏԻ ԳՏՆՈՒԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ, ՍԱԿԱՅՆ ՉԷ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ ԱՆՈՆՑ ՄԻՋԵՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՄԸ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս շաբաթավերջին պիտի այցելէ Մոսկուա՝ 2018 թուականի Համաշխարհային ֆութպոլի ախոյենութեան պաշտօնական բացման արարողութեան մասնակցելու համար։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները շաբաթավերջին արդէն տեղեկացուցած էին այս մասին։ Մոսկուայի աղբիւրները նոյնպէս վերահաստատեցին այս տուեալը։

«ԱՐԱՍ»ԷՆ ԵՍԱՅԵԱՆԻ ՎԷՊԵՐԸ

Կը տեղեկանանք, որ «Արաս» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է հայերէն նոր գիրք մը, որ կը բովանդակէ Զապէլ Եսայեանի երկու վէպերը։ Այսպէս, գիրքին մէջ համատեղուած են հեղինակի «Շնորհքով մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» գործերը։

Էջեր