Հարթակ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԸՆՏՐԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՐՄԻՐ ԾՈՎԷՆ ԱՆՑՔԸ (Գ.)

Աշխատասիրեց՝
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

Ելիցի մէջ յիշուած արեւելեան հովը շատ մը քննադատներու կողմէ գործածուած է որպէս բանալի «արդար» բացատրութեան, հոն նկարագրուած դէպքին։ Անոնք կ՚ըսեն, թէ արեւելեան զօրաւոր հովը (կամ թերեւս, աւելի ճիշդ՝ հիւսիս-արեւելեան հովը) կրնար չորցնել լիճի մը ջուրը եւ կամ ծովու մը ծոցին ջուրը (բայց ո՛չ Միջերկրականինը եւ ոչ ալ Սուէզի պարանոցինը), յատկապէս եթէ կլիման տաք է։

«ՈՒՍՈՒՄՆ ՊԱՐՏՈՒՑ»

Աշխատասիրեց՝ ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ, Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝ ՎԱ­ՐԱՆԴ ՔՈՐԹ­ՄՈ­ՍԵԱՆ

ՀՈԳԻՈՎ եւ ճշմարտութեամբ զԱստուած պաշտելու համար՝ մենք պարտաւոր ենք լեցուած ըլլալ զարմացումով, յարգանքով, երկիւղով, սիրով, հաւատարմութեամբ եւ հնազանդութեամբ: Պարտաւոր ենք միա՛յն Աստուծոյ կամքը մեզի ուղեցոյց ունենալ եւ Անոր անհուն մեծութեամբ սքանչանալ, որովհետեւ Աստուած Իր մէջ կը բովանդակէ իւրաքանչիւր կատարելիութիւն եւ Անոր կարողութիւնը այնչափ մեծ ու բարձր է, որ նոյնիսկ մեր երեւակայութենէն եւ միտքէն գերիվեր է:

Ատր­պէյ­ճան Կը Կազ­մա­կեր­պէ Իր Սե­փա­կան Սփիւռ­քը՝ Հայ­կա­կան Սփիւռ­քին Հետ Մրցե­լու Հա­մար

ՅԱ­ՐՈՒԹ ՍԱ­ՍՈՒ­ՆԵԱՆ

Տասնամեակներ շարունակ թրքական կառավարութիւնը չափազանցուած պատկերացում ունեցած է հայկական սփիւռքին մասին՝ զայն ներկայացնելով իբրեւ համաշխարհային հսկայական ուժ: Վերջին տարիներուն Ատրպէյճան վարակուած է հայկական սփիւռքին նկատմամբ նոյն վախով:

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՔԱՋԱԶՆՈՒՆԻՆ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ՊԱՏՄԱԲԱՆԻ ՈԳԵԿՈՉԱԿԱՆԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ(*)

Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան վարչապետ՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի հայ ժողովուրդին նուիրաբերած վիթխարի ճիգերուն մասին շատ խօսուած է։ Մարդ, որ տէրն է իր խօսքին ու երեք որդիներու կեանքը ի սպաս կը դնէ իր հայրենիքին շեշտակիօրէն արժանի է ամենաբարձր մակարդակի յարգանքի եւ երախտագիտութեան։

Ա­մե­րի­կեան Բար­քեր

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Ընդունուած սովորութիւն է, որ հագուստ արտադրող նշանաւոր գործատէրեր տարին մի քանի անգամ գարնանային եւ աշնանային եղանակներու մուտքին, իրենց նորաձեւութիւնները ներկայացնեն աշխարհին։ Այդ ցուցադրութիւնները ընդհանրապէս տեղի կ՚ունենան Նիւ Եորքի, Փարիզի եւ կամ Միլանոյի մէջ։

Ա­ՄԵ­ՆԱՅՆ ՀԱ­ՅՈՑ Տ.Տ. ՎԱԶ­ԳԷՆ Ա. ԵՒ ԿԻ­ԼԻ­ԿԻՈՅ Տ.Տ. ԽՈ­ՐԷՆ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ­ՆԵ­ՐՈՒ Ե­ՐՈՒ­ՍԱ­ՂԷ­ՄԻ ՈՂ­ՋԱ­ԳՈՒ­ՐՈՒ­ՄԸ՝ 1963-ԻՆ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔԱՀԱՆԱՅ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեր ան­մի­ջա­կան ան­ցեա­լի ե­կե­ղե­ցա­կան եւ ազ­գա­յին սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­ձա­նագ­րած են Ե­րու­սա­ղէ­մի պատ­մա­կան հան­դի­պու­մը Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Վազ­գէն Ա­ռա­ջի­նի եւ Կի­լի­կիոյ Տ.Տ. Խո­րէն Ա­ռա­ջի­նի մի­ջեւ, 1963 հոկ­տեմ­բեր 26-ին, երբ Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սը կան­խօ­րօք ծրագ­րած էր Ե­րու­սա­ղէմ կա­տա­րած ա­ռա­ջին այ­ցե­լու­թեան ա­ւար­տին, յատ­կա­պէս ե­կած ըլ­լա­լով Ս. Յա­րու­թեան Տա­ճա­րի հա­մազ­գա­յին հան­գա­նա­կու­թեան ձեռ­նար­կե­լու ծրագ­րով։ Ծրագ­րած էր նաեւ հրա­ւի­րե­լու Կի­լի­կիոյ Խո­րէն Ա. Բա­րո­յեան Կա­թո­ղի­կո­սը, որ ընտ­րը-ւած եւ օ­ծուած էր մա­յիս ամ­սուն եւ սա­կայն Մայր Ա­թո­ռէն չէր ստա­ցած հարկ ե­ղած շնոր­հա­ւո­րանքն ու ճա­նա­չու­մը։ 

Ընկճուածութիւն - Ընկճախտ

ՏՔԹ. ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

Ընկճուածութիւնը կամ ընկճախտը (depression) յաճախակիօրէն տեսնուած հոգեբանական հիւանդութիւն մըն է, որ կը յատկանշուի անտարբերութեամբ (apathy) եւ անտրամադրութեամբ: Ան կ՚ազդէ անհատին մտածողութեան, վարք ու բարքին եւ զգացումներուն վրայ: Ան դարմանելի հիւանդութիւն մըն է: Չդարմանուելու պարագային կը դառնայ վտանգաւոր:

ՑՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ԸՆԹԱՑՔ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի քաղաքական կեանքը կը շարունակէ իր «ցնցումային» ընթացքը։ Թաւշեայ յեղափոխութենէն ի վեր անցած են ամիսներ, սակայն գետնի վրայ տեղի ունեցող զարգացումները կը շարունակեն յուշել, որ վարչապետ Փաշինեանի կառավարութիւնը՝ մասնաւորապէս ներքին քաղաքական օրակարգին առընթեր, կը շարունակէ «անակնկալ» եւ «անսպասելի» զարգացումներու հեղինակը դառնալ։

ՄԻՆԱՍ (ԱՒԵՏԻՍԵԱՆ, 1928-1975). ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՒՆ ԵՒ ԼՈՅՍԻ ԽԱՂԵՐՈՒՆ ՀԱՆՃԱՐԵՂ ՆԿԱՐԻՉԸ

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Քսաներորդ դարու հայ գեղանկարչութեան հանճարեղ վարպետը՝ Մարտիրոս Սարեան ատենին ըսած էր. «Մինա՛ս, ես քեզնից մեծ եմ յիսուն տարով: Ափսո՜ս, ինձ քիչ ժամանակ է մնացել: Ո՞ւր էիր, մի քիչ շուտ գայիր: Չմոռանաս, արուեստը պայքար է սիրում: Հիմա ես արդէն մենակ չեմ: Դու էլ մենակ չես: Ուրեմն՝ շարունակել խիզախել: Ես հաւատում եմ քո այդ լաւ ձեռքին»:

ՍՈՒՐԻՈՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՉՄԱՍՆԱԿՑԵԼՈՎ ՀԱՍԱՅՍՏԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆԵՑ ԱՄԲՈՂՋ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՇԱՀԵՐԸ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան «ձրի խորհուրդներ» տալու պիտակին տակ տարբեր առիթներով լսելի կը դառնան կարգ մը ձայներ, որոնք ճիշդ կը համարեն, որ Հայաստանը մասնակցութիւն բերէ Սուրիոյ պատերազմին: Նոյն «աղմուկ»ը բարձրացած էր Քեսապի դէպքերուն ընթացքին ու տակաւին տեղեկութիւններ հրապարակուած էին, որ հայ զինեալներ Քեսապ մեկնած են տեղւոյն հայերուն օգնութեան փութալու համար:

Էջեր