Հարթակ

ՀՊԱՐՏ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐ

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Ուրախ համերգներով ողողուած է հայրենիքը: Ամէն տեղ ժպիտ, խինդ ու խանդավառութիւն կը վխտայ: Ուրախութիւնը արգելքներ չի ճանչնար, նոյնիսկ երբ երկինքէն տեղատարափ անձրեւ կը տեղայ, բացօթեայ համերգները կը շարունակեն իրենց ելոյթները, իսկ ժողովուրդը, բազմութիւնը, հանդիսատեսը անձրեւուն կաթիլներով կը զովացնէ ինքզինք:

ԾՆՈՂ-ԶԱՒԱԿ ՓՈԽՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մարդկային ընկերական կեանքէն ներս բազմաթիւ են փոխյարաբերութիւնները զանազան ոլորտներու, մակարդակներու եւ շրջանակներու մէջ: Սակայն, ամենէն կարեւոր եւ էական փոխյարաբերութիւնը՝ Աստուած-մարդ փոխյարաբերութենէն ետք, ըստ իս, ծնող-զաւակ փոխյարաբերութիւնն է, որու վրայ կ՚աճին ու կը զարգանան բոլոր միւս փոխյարաբերութիւնները:

«Ուզեցի որ զաւակս աւելի ապահով տեղ մը ապրի»։

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ 

Մարտ 2018: Քուէյթէն դէպի Ամսթերտամ, Հոլանտա, օդանաւային թռիչքը բաւական երկար էր: Սկսայ փնտռել զբաղմունքի լաւ միջոցներ եւ առաջին հերթին սկսայ կարդալ հոլանտական օդանաւային ընկերութեան գրքոյկը:

ԲԵՐԴԻ Ս. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ՝ ՍԱՀՄԱՆԱՄԵՐՁ ԳԻՒՂԻ ՊԱՀԱՊԱՆ ՀՐԵՇՏԱԿԸ

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Բերդ քաղաքը Հայաստանի Հանրապետութեան Տաւուշի մարզի նախկին Շամշադին շրջանի տասնվեց գիւղերու կեդրոնն է։ 1920 թուականին էր, երբ Խորհրդային իշխանութեանց կողմէ Ս. Գէորգ եկեղեցին կը կործանուի, որուն պատճառաւ տեղւոյն բնակիչները կը կտրուին իրենց հոգեկան սնունդ պարգեւող Հայ Եկեղեցիէն։

Տ. ԿՈՐԻՒՆ ՎՐԴ. ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆ. «ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՌԱՋԻՆ ԱՆԳԱՄ ՈՒՆԵՑԱՆՔ ՀԱՄՇԷՆՑԻ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երուսաղէմի Պատրիարքանի դիւանապետ Տ. Կորիւն Վրդ. Պաղտասարեան բացառիկ հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի ընթերցողներուն։

ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏԱԿԱՆ ՆՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Պատրաստեց՝  ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

ՆԱ­ՍԱ-ն Շա­բաթ օր յայտ­նեց, որ կը մտադ­րէ 2020 թուա­կա­նին Հրատ մո­լո­րակ ուղ­ղա­թիռ ու­ղար­կել:
Գոր­ծա­կա­լու­թեան մաս­նա­գէտ­նե­րը սար­քին վրայ աշ­խա­տած են չորս տա­րի:

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ (Դ.)

Աշխատասիրեց՝ 
Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ 

- Ի՞նչ կը նշա­նա­կէ պատ­րաս­տու­թիւն։
- Պատ­րաս­տու­թիւ­նը պա­տա­րա­գիչ ան­ձին պատ­րաս­տու­թիւնն է, որ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ յա­տուկ ա­ղօթք­նե­րով եւ յա­տուկ զգես­տա­ւո­րու­մով, ա­ւան­դա­տան մէջ, առ­հա­սա­րակ ժո­ղո­վուր­դին աչ­քէն հե­ռու:

Էջեր