Կրկին Լեզուական Հարցեր
ՄԱՐՈՒՇ ԵՐԱՄԵԱՆ
Վերջին տարիներուն սկսած արեւմ-տահայերէնին տագնապը, որուն տուն տուած էր ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յայտարարութիւնը, թէ «արեւմտահայերէնը մեռնող լեզուներու շարքին կը դասուի», կը շարունակուի, առանց հիմնական լուծումներու: Եթէ պահ մը նկատի առնենք ծախսուած հսկայ գումարները այս հարցին համար՝ համագումարներու, խորհրդաժողովներու թէ աշխատանոցներու, կրնանք պահ մը կենալ եւ մտածել. այո՛, մտածել, որովհետեւ ըստ արդիւնքին, ոչ մէկ արդարացում կայ այսքան հսկայ մսխումներու համար: