ԼՃԱՓԻՆ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Գարնան մեղմանուշ զեփիւռը կը համբուրէ կարծես լիճին մակերեսը: Համբոյրը թեթեւ շարժում մը կ՚առաջացնէ ու շարժումը տարածուելով մանր ալիքներ կը ստեղծէ, որոնք լճափի ցանկապատին հպելով մեղեդային խշշոց մը կը սփռեն չորս դին: Զեփիւռին կ՚ողջունեն նաեւ շրջակայ ծառերը: Ահա բարտին, որուն տերեւները ծափահարելով կը քաղցրացնեն երաժշտութեան մեղեդայնութիւնը, արեւու լուսաճաճանչ ճառագայթները տերեւներու ծափծփանքին գեղեցիկ, փայլփլուն տեսք մը կը հաղորդեն: