ՄՈՍԿՈՒԱ-ԱՆԳԱՐԱ-ԹԵՀՐԱՆ. ՆՈՐ ԴԱՇԻ՞ՆՔ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Վերջին օրերուն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումները ցոյց կու տան, որ գետնի վրայ սկսած է ձեւաւորուիլ նոր դրութիւն մը, որ պայմանաւորուած պիտի ըլլայ ոչ միայն զինուորական դաշինքներով, այլ քաղաքական նոր ձեւաչափերով: