ՃԻ՞ՇԴ ԿԸ ԽՕՍԷՐ… ԹԷ ՍԽԱԼ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Տարիներ շարունակ մամուլի էջերուն մէջ գրեցինք եւ կարդացինք սփիւռքի մէջ գոյատեւել փորձող հայկական դպրոցներու ճակատագրական վիճակին մասին, անոնց գոյութիւնը կենսական ու կարեւոր նկատելով ապագայ սերունդներու դաստիարակութեան սրբազան առաքելութեան մէջ: