ՄԱՅԻՍ ԱՄԻՍԸ ԵԶԱԿԱՆ Է
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամիսներու նուիրապետական կարգին մէջ մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Աննկարագրելին ինչպէ՜ս կարելի է նկարագրել. մայիսն է ի՛նչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամիսներու նուիրապետական կարգին մէջ մայիսի դիրքը եզակա՛ն է։ Աննկարագրելին ինչպէ՜ս կարելի է նկարագրել. մայիսն է ի՛նչ որ չէ եւ ո՛չ մէկ ուրիշ ամիս, եւ չի կրնար ըլլալ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Անձնասիրութիւն». իր լայն առումով կը նշանակէ՝ ի՛ր անձին շահը միայն խորհիլ եւ միայն ի՛ր շահը նկատի առնել մինչեւ իսկ ուրիշի մը վնաս պատճառելով։ Անձնասիրութիւնը հաւաքական կեանքի մէջ մարդկային փոխյարաբերութիւններու վնաս պատճառող, մարդկային արժանապատուութիւնը վիրաւորող եւ մարդուս իրաւունքներուն եւ ազատութեան հակառակ վիճակ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Այն մայրը՝ որ գիտակցութիւնը ունի «մայր ըլլա՛լ»ու բարձրագոյն պարտականութեան, գիտէ, թէ մայր մը իր կենսական ուժերով շատ աւելի զօրաւոր է եւ արժէքաւոր քան որեւէ իշխանութիւն. բայց իր պարտականութեան մեծութիւնը եւ փառքը չէ որ կը հրապուրեն զինք եւ կը կապեն անոր, այլ սէ՛րն է որ կը հրդեհէ զինք.- ի՛նչ կը նշանակէ մարդ մը հասցնել եւ մա՛րդ մը նուիրել ընկերութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Վեր. Ա. Ա. Պետիկեանի -ԱՊԱ- «Գրչանկարներ Պարտիզակ Գիւղին» գիրքին մասին, Հալէպէն Մ. Հ. Մարկանեան յունիս 20, 1953 թուակիր «The Gotchnag - The Armenian Weekly» շաբաթաթերթին մէջ «Մի՛ կարդար եթէ կրնաս» խորագրով կը ներկայացնէ իր տպաւորութիւնները։ Ստորեւ հատուածներ կը ներկայացնենք այս գրութենէն՝ հաւատարիմ մնալով բնատիպին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ազնուութիւնը յատկանիշ մըն է կատարեալ մարդ ըլլալու։ Արդարեւ, ազնուութիւնը դասակարգէ, հարստութենէ, տիտղոսէ, դիրքէ եւ աստիճանէ բոլորովին անկախ վիճակ մըն է։ Այս իմաստով իրապէս վիճելի է, թէ ազնուութիւնը ընդոծին յատկութիւ՞ն մըն է, թէ՝ ստացական։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը որքան որ օժտուած է բանականութեամբ, զանազան կարողութիւններով, ունի նաեւ թերութիւններ եւ տկարութիւններ, եւ այս իսկ պատճառով միշտ ունի «ուրիշի մը» ապաւինելու, իր թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն մէջ իր նմանին վստահելու պահանջքը։ Այս պահանջքը շատ բնական է եւ անհրաժեշտ՝ մարդուն գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։ Մարդ երբեմն ինքզինք ինքնաբաւ կրնայ կարծել, կրնայ մտածել, թէ ուրիշի մը օգնութեան պէտք չունի, սակայն կը սխալի, քանի որ միշտ պիտի ունենայ պակաս մը, անկարողութիւն մը, քանի որ ան կատարեալ չէ՛։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, մեկնելով Աստուծոյ գործերէն, բնական բանականութեամբ կրնայ ստուգապէս ճանչնալ զԻնք։ Բայց կայ նաեւ ուրիշ ճանաչումի «կարգ» մը՝ որուն մարդ չի՛ կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. աստուածային Յայտնութան կարգն է այն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։ Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (ԵՓԵՍ. Ա 22-23)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մանրադէտը (microscope) այն գործիքն է, որ բազմապատիկ անգամ աւելի մեծ ցոյց կու տայ այն իրերը՝ որոնք մարդկային պարզ աչքով անտեսանելի են եւ աննկատելի։ Այս գործիքը թէեւ անտեսանելի իրերը տեսանելի կ՚ընէ մարդուս, բայց կարելի է խորհիլ, թէ արդեօք կարելի՞ է գտնել մանրադէտ մը՝ որ կարենայ աւելի յստակ ցոյց տայ ո՛չ թէ նիւթական իրերը միայն, բայց նաեւ՝ անըմբռնելի, անմեկնելի մարդկային արտայայտութիւնները, անհասկնալի եւ թիւրիմացութեան պատճառ դարձող մարդկային յարաբերութիւնները։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Աստուած վեց օրուան մէջ ստեղծեց երկինքը եւ երկիրը, եւ եօթներորդ օրը դադրեցաւ եւ հանգստացաւ» (ԵԼԻՑ. ԼԱ 17)։ Աստուած «հանգստացաւ» կամ «դադրեցաւ» գործելէ, որովհետեւ երկրիս ստեղծագործութեան նկատմամբ ունեցած Իր մտադրութիւնը «կատարած» էր։