ՏՂԱՔԸ ՊԷ՛ՏՔ Է ԽՆԴԱՆ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատեր կը կարծեն, որ լուրջ ըլլալ տխրադէմ կամ խոժոռադէմ ըլլալ կը նշանակէ։ Այս պատճառով, ուրախութիւնը տեսակ մը յանցանք նկատուած է հին ըմբռնումով, եւ լրջութեան կարեւորագոյն նշանը համարուած է յաւիտենական լալկանի տխուր դիմագծութիւն մը՝ որուն վրայէն ժպիտի հով մը իսկ չ՚անցնիր երբեք։