ԱՐԵՒԻՆ ԵՒ ՀՈԳԻԻՆ ԼՈՅՍԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդուն մէջ միշտ ծարաւ մը, անյագ եւ աննախընթաց տենչանք մը կայ լոյսի։ Այս պատճառով մարդ արեւ արեգակ կ՚ուզէ որ ըլլայ ամէնուրեք, միշտ արեւը կը փնտռէ եւ «սիրահարուած» է արեւին, անոր ճառագայթներուն, անոր լո՛յսին։