ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԻՐ ՆՐԲԵՐԱՆԳՆԵՐՈՎ - Բ -
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբ կը խորհրդածենք Հայերէնի՝ Հայ լեզուի մասին, հոս կ՚ուզենք յիշել Զարեհ Եպսկ. Ազնաւորեանի ամփոփ պատմականը՝ իր «Դիւրին Գրաբար» դասագիրքին սկիզբը։ Համառօտ այս կարեւոր տեղեկութիւնները մեզի կը ծանօթացնէ Հայ լեզուն՝ իր անցեալով եւ ներկայով։