ԱՆՑԵԱԼԸ ԵՒ ՆԵՐԿԱՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց կեանքին մէջ տարիները կը սահին եւ կ՚երթան. անցեալի դպրոցականներ, ուսանողներ ներկայիս զանազան ասպարէզներու տէր, դիրքերու եւ աստիճաններու տիրացած, պաշտօններ ստացած՝ գործնական կեանքի յորձանուտին մէջ կեանքի պայքարին մասնակիցները եղած են։ Տարիներ կ՚անցնին եւ կեանքեր կը փոխուին՝ ընտանիքի փոքրագոյն անդամը կը վերածուի նորակազմ ընտանիքի մը ամենէն տարեցը՝ իր նախկին դիրքը փոխանցելով նոր կրտսերագոյն անդամներու։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ