ՊԱՐԱՊ ՎԱԽԵՐ ԵՒ ՆԵՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ առիթը ունեցա՞ծ էք խորհելու, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, թէ ո՜րքան անհիմն նեղութիւններ ստեղծած եւ մենք զմեզ տանջած ենք եւ հոգեկան ի՜նչ ցաւերու ենթարկուած՝ բոլորովին պարապ, աննշան եւ մտացածին, երեւակայական վախերու պատճառով։ Արդարեւ, ամէն մարդ կ՚ուզէ խաղաղ, անվտանգ, նեղութիւններէ եւ դժուարութիւններէ հեռու կեանք մը ապրիլ։ Այս, որքան բնական բաղձանք մըն է մարդուս համար, նո՛յնքան անկարելի, քանի որ այս աշխարհը վարդաստան մը չէ՛ երբեք, ինչպէս կ՚ըսէ Յիսուս, որ յաճախ կը կրկնենք. «Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք, բայց քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին», (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։