Հոգե-մտաւոր

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Շատ բարդ ու խրթի՛ն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ը­սե­լու պէտք չկայ, մեզ­մէ իւ­րա­քան­չիւ­րը ապ­րած է, կ՚ապ­րի եւ պի­տի ապ­րի այն­պի­սի դէպ­քեր՝ ուր կա­րե­լի չէ բա­ցատ­րել, կա­րե­լի չէ հասկ­նալ եւ վեր­լու­ծել այդ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ի­մաս­տը։

ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ - Ա -

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ ան­կեղծ մօ­տե­ցու­մը եւ սի­րոյ յայտ­նու­թիւ­նը, լաւ յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կե­լու հա­մար անհ­րա­ժեշտ պայ­ման­ներ են։ Ար­դա­րեւ ա­ռանց ան­կե՛ղծ սի­րոյ՝ մարդ­կա­յին ո՛չ մէկ յա­րա­բե­րու­թիւն ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ։

ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՏԵՍԱՐԱՆ ՄԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ու­զեմ այ­սօր ձե­զի ներ­կա­յաց­նել Ա­ւե­տա­րա­նէն հա­տուած մը, եւ ա­ռանց ո­րե­ւէ բա­ցատ­րու­թեան հարց­նել, թէ՝ շուրջ եր­կու հա­զար տա­րի ա­ռաջ Յի­սու­սի պար­զած տե­սա­րա­նը ո՜ր­քան կը պատ­շա­ճի մեր օ­րե­րուն՝ իբր թէ ա՛յ­սօր խօ­սուած ըլ­լա­յին ա­նոնք։ Սո­վո­րա­կան ե­րե­ւոյթ­ներ, ա­մէ­նօ­րեայ տե­սա­րան­ներ, յա­ճախ տես­նե­լու եւ ապ­րե­լու հար­կադ­րուած ի­րո­ղու­թիւն­ներ՝ ո­րոնք ա­մէն շրջա­նի, ա­մէն լրջա­խոհ ան­ձե­րու ցաւ է պատ­ճա­ռած եւ մտա­հո­գու­թեան ա­ռար­կայ է դար­ձած։ Ու­րեմն կար­դանք հա­տուա­ծը։

ՊԱՐԶԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Պար­զամ­տու­թիւ­նը, ընդ­հան­րա­պէս մարմ­նա­ւոր ի­մաս­տու­թեան հա­կա­ռակ վի­ճակ մըն է։ Պօ­ղոս ա­ռա­քեալ կորն­թա­ցի­նե­րուն գրած իր երկ­րորդ նա­մա­կին մէջ կ՚ը­սէ. «Վասն­զի մեր պար­ծանքն է, մեր խղճմտան­քի վկա­յու­թիւ­նը՝ թէ մենք Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ պար­զամ­տու­թեամբ ու ան­կեղ­ծու­թեամբ եւ ո՛չ թէ մարմ­նա­ւոր ի­մաս­տու­թիւ­նով, այլ Աս­տու­ծոյ շնորհ­քով աշ­խար­հի մէջ վա­րուե­ցանք, բայց ա­ւե­լի դէ­պի ձեզ», (Բ. ԿՈՐՆԹ. Ա 12)։­

ՀԱՄԱՏԵՍ ԱՒԵՏԱՐԱՆՆԵՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­րեք «Հա­մա­տես Ա­ւե­տա­րան»նե­րը՝ Մատ­թէոս, Մար­կոս եւ Ղու­կաս ի­րենց ըն­թեր­ցող­նե­րուն կը ներ­կա­յաց­նեն Յի­սու­սի ան­ձը եւ գոր­ծը, ո­րոնց մա­սին ըստ բա­ւա­կա­նին ամ­բող­ջա­կան եւ խիստ կեն­դա­նի եր­րեակ պատ­կե­րը կը գծեն։ Բայց չոր­րորդ Ա­ւե­տա­րա­նին՝ Յով­հան­նէ­սի հետ մարդ կար­ծես Սրբա­րա­նին սրա­հին մէջ իսկ կը թա­փան­ցէ, եւ Աս­տու­ծոյ Որ­դիին հետ կ՚ու­նե­նայ այն­քան մտե­րիմ հա­ղոր­դակ­ցու­թիւն մը, որ գոգ­ցես Ա­նոր սրտին բա­բա­խում­նե­րը կը նշմա­րէ։

 

ԻՆՔՆԱԽԱԲԷՈՒԹԻՒՆ

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ինք­նա­խա­բէու­թիւ­նը չար ո­գիի բնա­ւո­րու­թի՛ւնն է։ Սաղ­մո­սեր­գուն կ՚ը­սէ, թէ երբ մարդ իր ան­ձին ա­ղէ­կու­թիւն կ՚ը­նէ, կը զո­հուի թէ­պէ­տեւ, իր կեն­դա­նու­թեան զինք եր­ջա­նիկ կը կար­ծէ։ Ուս­տի պէ՛տք է ի­րա­պաշտ ըլ­լալ եւ ինք­զինք չխա­բել՝ իր չու­նե­ցած ո­րե­ւէ բա­րիք ու­նե­նալ կար­ծե­լով։

ԲԱՄԲԱՍԱՆՔԻ ԱԽՏԸ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կ՚ար­տօ­նէ՞ք սի­րե­լի բա­րե­կամ­ներ, որ ան­գամ մը եւս խորհր­դա­ծենք բամ­բա­սան­քի մա­սին։ Գի­տեմ, յա­ճախ խորհր­դակ­ցե­ցանք բամ­բա­սան­քի մա­սին, բայց ի՛նչ ը­նենք, որ ա­մէն օր մե­զի հետ է ան՝ որ­քան որ հե­ռու մնալ կը ջա­նանք ան­կէ, կար­ծես յա­մա­ռօ­րէն կը հե­տապն­դէ մեզ, վա­րա­կիչ, փո­խան­ցիկ հա­մա­ճա­րակ հի­ւան­դու­թեան մը պէս կը տա­րա­ծուի մեր շուր­ջը, ա­ւե­րիչ ազ­դե­ցու­թեա­նը տակ առ­նե­լով ամ­բողջ մեր կեան­քը։

ԽՈՐՀԻԼ՝ ԶԱՐՄԱՆԱԼՈՒ ՀԱՄԱՐ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Զար­մա­նա­լու եւ հասկ­նա­լու հա­մար խոր­հիլ պէտք է, եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ զար­մա­նալ եւ հասկ­նալ պէտք է խոր­հե­լու հա­մար։ Մարդ երբ կը դի­տէ բնու­թեան ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը զար­մա­նայ եւ որ­քան զար­մա­նայ՝ այն­քան կը խոր­հի եւ քա­նի խոր­հի՝ այն­քան կ՚ա­ւել­նայ զար­ման­քը։

Էջեր