ՍԻՐԵ՜ՆՔ ԶԻՐԱՐ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ բան յանձնարարել, գործ մը առաջարկել եւ կամ պատուիրել ո՜րքան դիւրին է՝ առանց գործի միա՛յն խօսիլ, ըսել եւ ո՛չինչ ընել այդ մասին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Այսօր, նորոգուած ժողովուրդներ, ցնծացէք Սուրբ Հոգիի գալուստով՝ բարձրացնելով Հօրմէ ծնածը՝ Սուրբ Հոգին»։ Այս խօսքերով կը բացատրուի Հոգեգալուստի խորհուրդը շարականագիրի կողմէ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ կան պահեր՝ որ հաճելի են, մարդուս երջանկութեան զգացումներ կը պատճառեն, թէեւ ժամանակաւոր, բայց գոնէ ատեն մը մարդ կը գոհանայ, երջանիկ կը զգայ ինքզինք։ Այդ պահերը, ընդհանրապէս պատահական են, նախապէս պատրաստուած, աշխատանքի մը արդիւնք չեն, այլ կու գան մեղմ ու հաճելի զեփիւռի նման։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեւոր մարզի մէջ՝ գոյնը ցոյց կու տայ զանազան բնութիւններ, վիճակներ։ Սուրբ Գիրքի մէջ զանազան գոյներ գործածուած են որպէս խորհրդանի՛շ, բացատրելու համար վիճակ մը, գաղափար մը կամ վերացական գոյութիւն մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Երբեմն իրենց պարտականութիւնները խղճմտօրէն եւ հաւատարմութեամբ կատարող, յաջողութիւն, պատիւ եւ վստահութիւն շահած անձեր խօսքով եւ գործքով գնահատանքի կ՚արժանանան։ Բնական եւ բանական է ասիկա։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հին օրերու՝ պատանեկան տարիներու բարեկամներ երբ տարիներ վերջ, իրենց յառաջացած տարիքին իրարու հանդիպին ի՞նչ կ՚ըլլայ անոնց առաջին խօսքը։ Հաւանաբար. «Ո՜րքան փոխուեր ես», կ՚ըսէ մէկը միւսին եւ նոյնը՝ միւսը իրեն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Արուեստագէտներ, ընդհանրապէս եւ բնականաբար վերջին աստիճան զգայուն՝ նուրբ տպաւորութիւններ իւրացնող եւ արտայայտող անձնաւորութեան տէր՝ փափկանկատ եւ երբեմն ալ հոգեպէս դիւրաբեկ կամ դիւրագրգիռ նկարագրով անձեր կ՚ըլլան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յինանց 43-րդ օրը, Հայ Եկեղեցին կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։ Այս տարի, 28 Մայիս Կիրակի օրուան կը հանդիպի այս տօնը՝ որ Քրիստոսի Համբարձման յաջորդող Կիրակի օ՛րն է։ Այս տօնը Ծաղկազարդի անունէն առած է իր կոչումը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի մէջ մարդուս առաջնակարգ նպատա՛կն է՝ «երջանիկ ըլլալ»։ Արդարեւ, մարդուս բոլոր ջանքերը, աշխատութիւնները ի վերջոյ կը կեդրոնանան այդ միակ նպատակին վրայ, եւ անոնք կ՚ուզեն երջանիկ ըլլալ, երջանիկ ապրիլ եւ երբ հասնին երջանկութեան՝ տեւական ըլլայ անիկա, եւ եթէ կարելի ըլլայ՝ մշտնջենաւո՛ր վիճակը պատէ ամբողջ կեանքը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Յիսուս երկինք համբարձաւ եւ ամենակալ Հօր Աստուծոյ աջին բազմեցաւ» (ՄԱՐԿ. ԺԶ 19)։
Քրիստոսի մարմինը Յարութեան պահէն սկսեալ փառաւորուեցաւ, որուն ապացոյցներն են այն նոր եւ գերբնական յատկութիւնները, զորս այսուհետեւ մշտապէս կը վայելէ Անոր սուրբ Մարմինը։