ԽՈԿՈՒՄԻ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Խոկում», այսինքն «méditation» կը նշանակէ՝ մտածութիւն, մտախոհութիւն, նաեւ՝ որոճք։ Այս իմաստով՝ եթէ ընթերցանութիւնը մտքին սնունդն է, անհրաժեշտ՝ անոր գոյապահպանման ու գոյատեւման, խոկումն ալ այդ սնունդին մարսելու՝ սնունդը իւրացնելու եւ կարդացածը ըմբռնելու միջո՛ցը։ Եւ ինչպէս որ սնունդը առանց մարսելու որեւէ օգտակարութիւն չ՚ապահովեր մարմնին, այնպէս ալ առանց խոկումի՝ ընթերցանութիւնը որեւէ օգուտ չ՚ընծայեր մտքին։