Հոգե-մտաւոր

ՀԱՒԱՏՔԸ ԿԸ ՓԱՐԱՏԷ ՎԱԽԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ինչո՞ւ այսպէս վախկոտ էք, ինչպէս կ՚ըլլայ որ հաւատք չունիք». (ՄԱՐԿ. Դ 40)։ Յիսուսի աշակերտները երբ նաւակին մէջ էին, մեծ փոթորիկ մը ելաւ եւ ալիքներ սկսան գրեթէ նաւը լեցնել։ Մինչ Յիսուս նաւին ետեւի կողմը բարձի վրայ կը քնանար։

ԽՕՍՔԻ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ՉԱՐԻՔ ՄԸ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Ամբողջական համոզումով կը հաւատանք, որ խօսքի ազատութիւնը մարդու տրուած մեծագոյն իրաւունքներէն մէկն է, սակայն հակառակ այս համոզումին կը հաւատանք նաեւ, որ մարդկութեան մեծագոյն չարիքներէն մէկը դարձեալ «խօսքի ազատութիւն»ն է. շատ շատեր այս երկու բառը որպէս վահան բռնելով սկսան գրիչ շարժել ու սխալը ճիշդին խառնելով հրապարակ դուրս եկան:

ԻՍՐԱՅԷԼԱԿԱՆ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿՈՎ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 188 տարիներ առաջ՝ 1840 թուականին Դամասկոսի մէջ հրեայի մը կողմէ կը սպաննուի կաթոլիկ քահանայ մը եւ այդ դէպքը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի իսրայէլացի ժողովուրդին դէմ հալածանք մը ծնունդ առնէ. այդ հալածանքները երկար տարիներ կը շարունակուին՝ մինչեւ 1858 թուականը. այդ թուականին այլ դէպք մը պատճառ կ՚ըլլայ, որպէսզի սաստկանայ իսրայէլացի ժողովուրդին դէմ ի գործ դրուած հալածանքները եւ այս բոլորին լոյսին տակ վեց եսրայէլացի՝ ուսուցիչ ու վաճառական, կ՚որոշեն Փարիզի մէջ հիմնել «Իսրայէլական տիեզերական միութիւն»:

ՅԻՍՈՒՍ Կ՚ԱՆԻԾԷ ԹԶԵՆԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աւագ երկուշաբթի օրուան խորհուրդն է՝ անիծուած թզենին։ Ասիկա կը պատմուի Աւետարանի հետեւեալ հատուածին մէջ.
«Առտուն, երբ ինք քաղաքը կը դառնար, անօթեցաւ։ Ճամբուն վրայ թզենի մը տեսնելով քովը գնաց։ 

ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ (Բ.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախորդ մեր գրութեան մէջ խօսեցանք վստահութեան եւ մարդկային առողջ ու որակեալ հաղորդակցութեան ու յարաբերութեան մասին, սակայն այս բոլորը կրնան բաւարար չըլլալ բազմութեան մէջ գտնուելով հանդերձ առանձնութիւն զգացող անձը իր յոյզերէն դուրս բերել. ուրիշ համոզումներ, ուրիշ ձգտումներ եւ ուրիշ առաջնահերթութիւններ ունեցող մարդոց ներկայութեան գտնուիլը առողջ յարաբերութիւն հաստատելու արգելք մըն է պարզապէս:

ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌԱՆՁՆՈՒԹԻՒՆԸ (Ա.)

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հակառակ աշխոյժ ամբոխի, ծանօթ դէմքերու ներկայութեան, բազմազբաղ մեր առօրեայի ընթացքին առանձնութիւնն ու մենութիւնը գաղտագողի կը սողոսկէ մեր կեանքէն ներս, ստեղծելով յոյզերու տարափ մը՝ զորս բառերով կարելի չէ բացատրել:

ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Բարերարութիւնը մարդուս բնատուր մէկ կոչումն է, քանի որ ան ստեղծուած է իրերօգնութեան կոչումով։ Մարդիկ, արդարեւ, ունին զանազան յատկութիւններ, ձիրքեր, տաղանդներ՝ որոնք բոլորովին տարբեր են մէկը միւսէն։

ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՕՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Այսօր մարտի 21-ն է. օր՝ որ Միացեալ ազգերու կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան (UNESCO) կողմէ յայտարարուած է որպէս «Համաշխարհային բանաստեղծութեան օր» եւ այս օրը լաւագոյն առիթը կը համարենք բարձրաձայնելու այն ճշմարտութիւնը, որ մեր մէջ գրեթէ կորսուած են բանաստեղծներն ու բանաստեղծութիւնները եւ կամ նոյնիսկ եթէ անոնք կան՝ անտեսուած ու արժեզրկուած են:

ՄԱՐԴՈՑ ՉԱՐԸ ԵՒ ԲԱՐԻՆ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Ընդհանրապէս կը գանգատին, որ աշխարհի վրայ կան շատ թիւով չար մարդիկ, որոնք իրենց չարիքներով վնաս կը պատճառեն մարդոց։ Արդարեւ աշխարհի սկիզբէն եղած են «չար» եւ չարամիտ մարդիկ, որոնք վնաս հասցուցած են աշխարհի եւ մինչեւ իսկ պատճառ եղած են աղէտներու։

Էջեր