ՆԻՒ ԵՈՐՔԷՆ ԿԱՐԵՒՈՐ ԵՒ ԱՆԱՆՏԵՍԵԼԻ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի առաջնորդ Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեան յատուկ յայտարարութիւններ ըրաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին:
Նորին սրբազնութեան խօսքերով՝ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի առկայ ընդհանուր ընթացքը սխալ է։ Իւրաքանչիւր փուլը պէտք է համաձայնեցնել պետութեան հետ։ Սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը պէտք է ըսէ եւ համայնքը պէտք է ընէ, բայց անհրաժեշտ է ընդհանուր երթը համաձայնեցնել, այլապէս գործերը կը մատնուին փակուղիի:
«Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պէտք չէ ներքաշել այսպիսի տեղական խնդիրներու մէջ։ Պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք միակ հարցումի մը վրայ. Պոլսոյ Աթոռը ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ իր նոր գահակալը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեսակէտէ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՞ր թեկնածուն պիտի ընտրուի»: