Արխիւ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ շա­րու­նա­կեց Ս. Զատ­կի տօ­նին առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րա­կան­ներ ըն­դու­նիլ Գում­գա­բուի մէջ։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը այս ծի­րէն ներս Պատ­րիար­քա­րա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Հրէից րա­բու­նա­պետ Ռաւ Իս­հաք Հա­լե­ւան, ո­րուն կ՚ըն­կե­րա­նար խա­խա­մա­պե­տա­րա­նի դի­ւա­նա­պետ Եու­սուֆ Ալ­թըն­թաշ։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017

ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ապ­րիլ 18-ին կը նշենք ծննդեան տա­րե­դար­ձը մեր գրա­կա­նու­թեան դա­սա­կան մե­ծու­թիւն­նե­րէն Ա­լեք­սանտր Մով­սի­սեա­նի (1858-1935), որ ա­րե­ւե­լեան կողմն Հա­յաս­տա­նի՝ ­Շա­մա­խի (Շիր­վան) մէջ ծնած ըլ­լա­լով, գրչա­նուն ընտ­րեց ­Շիր­վան­զա­տէն (­Շիր­վա­նի ­Զա­ւակ) եւ այդ ա­նու­նով իր լու­սա­ւոր տե­ղը նո­ւա­ճեց հայ ժո­ղո­վուր­դի հո­գեմ­տա­ւոր ժա­ռան­գու­թեան երկ­նա­կա­մա­րին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017

Ա­ՆԻ ԲՐԴՈ­ՅԵԱՆ-ՂԱԶ­ԱՐԵԱՆ

Զա­տիկ մըն ալ ան­ցաւ, գնաց: Մեր կեան­քի տօ­նա­կան ա­ռիթ­նե­րէն հատ մը եւս գլո­րե­ցաւ: Կեանք: Ի՞նչ է ար­դեօք ա­նի­կա: Կը խօ­սինք, կը հա­ղոր­դակ­ցինք մեր հա­րա­զատ­նե­րուն հետ, բո­լո­րը հե­ռու, փառք կու տանք Բարձ­րեա­լին, որ կան գո­նէ այս հա­մա­ցան­ցա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը:

Հինգշաբթի, Ապրիլ 20, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Ջու­րը մար­դուս կեան­քին հա­մար անհ­րա­ժեշտ տարր մըն է։ Ար­դա­րեւ, մարդ­կա­յին մարմ­նին բա­ղադ­րիչ­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր եւ բարձր հա­մե­մա­տու­թեամբ տեղ կը գրա­ւէ ջու­րը։ Մարդ իր էու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ կա­րե­նալ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար ջու­րի պէտ­քը ու­նի եւ ինչ­պէս բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Ոչ ոք իր մօր ո­րո­վայ­նէն տգէտ, գի­տուն կամ ի­մաս­տուն դուրս ե­լած է։ «Մերկ ե­կած ենք եւ մերկ ալ պի­տի եր­թանք», ինչ­պէս պի­տի ը­սէր համ­բե­րա­տա­րու­թեան գե­րա­գոյն օ­րի­նա­կը՝ Յոբ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի մատնուած փակուղին տօնական շրջանի եւ հանրաքուէի աւարտին միշտ կը բնորոշէ համայնքին օրակարգը:
Ընտրեալ-տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան այսօր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մէջ խորհրդակցութիւն մը կ՚ունենան VADİP-ի համակարգման խորհուրդի անդամներուն հետ՝ քննարկելով առկայ ծանր խնդիրներն ու լուծման հեռանկարները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին մար­մի­նը իր գո­յու­թիւ­նը պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու հա­մար պա­հանջ­քը կը զգայ սնուն­դի եւ այս պատ­ճա­ռով, բնա­կա­նա­բար, երկ­րա­ւոր-նիւ­թա­կան սնունդ կը փնտռէ երկ­րի վրայ, քա­նի որ մար­մի­նը երկ­րա­յին է եւ ան­շո՛ւշտ որ երկ­րա­յին սնուն­դով պի­տի սնա­նի։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

16 Ապ­րի­լի հան­րա­քուէի ար­դիւնք­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն բնո­րո­շել Թուր­քիոյ օ­րա­կար­գը։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Բարձ­րա­գոյն ընտ­րա­կան խոր­հուր­դին մօտ կը կա­տա­րուին բազ­մա­թիւ բո­ղոք-դի­մում­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Լաթ­վիոյ մայ­րա­քա­ղա­քը՝ Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­դա­րեան հայ հո­գե­ւո­րա­կան, բա­նաս­տեղծ, փի­լի­սո­փայ, տա­ղեր­գու Գրի­գոր Նա­րե­կա­ցիի «Մա­տեան ող­բեր­գու­թեան» գիր­քի լա­թի­շե­րէն տար­բե­րա­կի շնոր­հան­դէ­սը: Գիր­քը թարգ­մա­նած է լաթ­վիա­ցի հա­յա­գէտ Վալ­տա Սալ­մի­նա:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ճե­ւատ Զա­րիֆ յայ­տա­րա­րեց, որ իր եր­կի­րը մտա­դիր է փո­խադ­րա­մի­ջանցք մը ստեղ­ծել Պար­սից ծո­ցի եւ Սեւ ծո­վու մի­ջեւ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններու հետ հանդիպում:
Ըստ Սարգսեանի, Հայաստան պիտի շարունակէ կատարել իր միջազգային պարտաւորութիւնները:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Քրիստոսի հրաշափառ Ս. Յարութեան տօնին առթիւ ջերմ հանդիպումներ Պատրիարքարանի երդիքին տակ:
Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները եւ քաղաքապետներ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց ֆրան­սա­հայ ա­շա­կերտ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ մեծ խումբ մը։ Մար­սէյ­լի Հա­մազ­գա­յի­նի վար­ժա­րա­նէն եւ Փա­րի­զի Դպրո­ցա­սէր վար­ժա­րա­նէն շուրջ 45 ա­շա­կերտ­ներ Ս. Զատ­կի տօ­նա­կան շրջա­նին ստա­ցան Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին օրհ­նու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 19, 2017

Ե­րէկ բո­վան­դակ Թուր­քիա մեծ ցաւ ապ­րե­ցաւ Թուն­ճե­լիէն հա­սած լու­րե­րով։ Հան­րա­յին պաշ­տօ­նեա­ներ փո­խադ­րող ոս­տի­կա­նա­կան ուղ­ղա­թիռ մը ան­կում ու­նե­ցաւ՝ ան­բա­րեն­պաստ ե­ղա­նա­կի հե­տե­ւան­քով։ Լեռ­նա­յին հա­տուա­ծէ մը ներս պա­տա­հե­ցաւ ար­կա­ծը, ո­րու հե­տե­ւան­քով տաս­ներ­կու հո­գի նա­հա­տա­կուե­ցաւ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Չար­լի Փա­փա­զեան գրե­թէ ա­մէն ինչ գի­տէ տնա­յին պայ­ման­նե­րու մէջ գա­րե­ջուր պատ­րաս­տե­լու մա­սին: Ամ­բողջ աշ­խար­հի մէջ սիրուած խմիչ­քին ա­մե­րի­կա­ցի գի­տա­կը այս գոր­ծին նուի­րած է իր ամ­բողջ կեան­քը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՀԱՊԿ-էն ներս վերջապէս ընդհանուր համաձայնութիւն գոյացաւ երկար սպասողական շրջանէ մը վերջ:
Մայիսի 2-էն սկսեալ ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը պիտի ստանձնէ Եուրի Խաչատուրով՝ որպէս Հայաստանի ներկայացուցիչ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ շահեկան դասախօսութիւն մը Պէյրութի մէջ:
Ճարտարապետ Րաֆֆի Կերճեան խօսեցաւ «Հայկական ճարտարապետութիւնը Լիբանանի մէջ» նիւթին շուրջ:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Թրամփ երէկ երեկոյեան հեռախօսազրոյցով Էրտողանը շնորհաւորեց հանրաքուէի արդիւնքին համար:
Թուրքիոյ մէջ յառաջիկային եւս երեք ամիսով պիտի երկարաձգուի արտակարգ դրութեան գործադրութիւնը:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 18, 2017

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Քա­նի մը օր ետք գա­րու­նը Հա­յաս­տա­նի մէջ իր լիի­րաւ ի­րա­ւունք­նե­րուն կը տի­րա­պե­տէ: Ար­դէն ա­ռա­ւօ­տուն քա­ղա­քին մէջ քեզ ա­ռա­ջին ող­ջու­նող­նե­րը կ­­՚ըլ­լան ծաղ­կած ծա­ռե­րը, ո­րոնք ճեր­մակ ծա­ղիկ­նե­րով կ՚ա­ւե­տեն գար­նան գա­լուս­տը, իսկ ա­նոնց­մով հիա­ցող­նե­րը եւ ա­ռատ բեր­քին սպա­սող­նե­րը կ՚ա­ղօ­թեն, որ խիստ ցրտա­հա­րու­թիւն մը չըլ­լայ եւ գար­նան բերքն ու բա­րի­քը ա­ռատ ըլ­լան ամ­րան ա­միս­նե­րուն:

Էջեր