Արխիւ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան որոշած է պարգեւատրել Համահայկական խաղերու Իսթանպուլի կարգադիր յանձնախումբի սիւներէն Ղազարոս Ունանը, որ երկար տարիներ բեղուն մասնակցութիւն բերած է նաեւ Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէին։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան անցեալ Կիրակի նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի գործունէութեան յատկանշական հանգրուանը:
Վարչութիւնը աշխատանքի ձեռնարկած է՝ գրքոյկ մը հրատարակելու համար:
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս օրերուն երկրի քաղաքական ուժերուն հետ խորհրդակցութիւններ կ՚իրականացնէ՝ սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հարցին շուրջ։
Վրաստանի մէջ ՆԱԹՕ-ի ուսումնական կեդրոնը այսօր կը բացուի պաշտօնապէս:
Ընդհանուր քարտուղար Սթոլթենպերկ Թիֆլիզի ղեկավարութեան հետ քննարկեց տարածքաշրջանային հարցեր:
Երեսփոխանի թեկնածուներուն կուսակցական ցուցակները Սեպտեմբերի 18-ին պիտի ներկայացուին Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդին:
Թուղրուլ Թիւրքէշ ընդունեց մաս կազմել նախընտրական շրջանի ժամանակաւոր կառավարութեան՝ փոխ-վարչապետի կարգավիճակով:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնախումբի ներկայացուցիչները։
ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Տարիներ առաջ մեր երախտաշատ եւ վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն ու ապա տնօրէնուհիներէն Տիկ. Սօսի Պետիկեան, ուսուցիչներու կողմէ իր ուշադրութեան յանձնուած արդար դժգոհութիւն մը ունկնդրելէ ետք (բարոյական եւ նիւթական գնահատանքի խնդրանքի մը առթիւ), պահ մը լուռ մնալէ ետք, սապէս պատասխանեց քիչ մը ընկճուած ձայնով.
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Համեստները կը գրեն ազգի իրաւ պատմութիւնը: Անոնք կը պահեն ազգի առհաւական արժէքները:
Եւրոխորհուրդի «Ժողովրդավարութիւն՝ իրաւունքի միջոցաւ» յանձնաժողովի ներկայացուցիչները այս օրերուն շփումներ կ՚ունենան Երեւանի մէջ։
Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն միջեւ համաձայնագիր մը ստորագրուեցաւ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարի հարցին շուրջ։
Խոր ցաւով վերահասու դարձանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ տուտուկահար Ճիվան Գասպարեանի կողակիցը՝ պարուհի Աստղիկ Զարգարեան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու կազմին մէջ պէտք չէ ըլլան փոփոխութիւններ։
Հանրապետութեան նախագահը ժամանակաւոր կառավարութիւնը կազմելու պարտականութիւնը պաշտօնապէս յանձնեց Տավուտօղլուին:
ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը Թուրքիոյ պատմութեան ճակատագրական խաչմերուկին վրայ որոնումներու ձեռնարկած:
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս մեծ ժամադրութիւն:
Շաբաթավերջի ծրագիրը առիթ պիտի հանդիսանայ նաեւ համայնքին կողմէ զօրակցութեան:
VADİP-ի ելմտական յանձնախումբը ընդլայնուած կազմով ժողով մը գումարեց Պատրիարքարանի մէջ:
Համայնքային վարիչները նոր դրութիւն մը կը հաստատեն՝ նիւթական կարգապահութիւնը ամրապնդելու համար:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սեռականութիւնը կարգաւորուած է այր-մարդուն եւ կին-մարդուն ամուսնական սիրոյն մէջ։
Ուստի ամուսնութեան մէջ ամուսիններուն մարմնային մտերմութիւնը անոնց հոգեւոր հաղորդութեան նշան ու գրաւական կը դառնայ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Նիսի հայութիւնը ցասումով հետեւեցաւ կարգալոյծ Կիւրեղեանի կողմէ Սուրբ Աստուածածնի տօնին օրը կատարուած իբր թէ արարողութիւններուն:
Սրբապղծութեան թատրոն…:
Ֆրանսահայոց Նոր Թեմակալ Առաջնորդ Տէր Վահան Եպիսկոպոս Յովհաննէսեանի տուած այցելութենէն վերջ ստեղծուած յարաբերական լաւատեսութիւնը դժբախտաբար չարդարացաւ: Ծխական խորհուրդի ատենապետ Արթօ Օգսայեանի եւ իր ընկերներուն յամառ պայքարը կը շարունակուի բոլոր ուղղութիւններով:
Ֆրանսական դատական իշխանութիւնները նախկին վարչայինները ամիսներ առաջ զրկած են Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով գործելու իրաւունքէն, իսկ ներկայիս հետաքրքրութեամբ կը սպասուի յառաջիկայ Հոկտեմբերի 6-ին նախատեսուած վճռաբեկի նիստի արդիւնքին, որ կրնայ ճակատագրական նշանակութիւն ունենալ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Վիճաբանութիւն»ը անհրաժեշտօրէն կը փորձէ մարդկային բնաւորութիւնը, եւ մարդ պարտի զգուշանալ «հակաճառութեան» այն ոգիէն՝ որ է «իր իսկ դատաւորը եւ իր իսկ դահիճը» ըլլալ, ինչպէս կ՚ըսէ Լայթֆուտ։