Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ, Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի նա­խա­գա­հու­թեամբ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­հա­նա­յից տա­րե­կան հա­ւա­քը։ 235 հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ժո­ղո­վը գու­մա­րուե­ցաւ Գէոր­գեան հո­գե­ւոր ճե­մա­րա­նի հան­դի­սու­թիւն­նե­րու դահ­լի­ճին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

​Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Էրեբունի» անուան տակ արտադրուած գրիչի արմատները անցեալի մէջ են, սակայն պատեանին վրայ քանդակուած՝ ապագային միտուած խորհրդանշաններ: երեք թողարկումներ՝ «Հոգեւոր», «Յաւերժ» եւ «Գրական»: Իտալական ընկերութիւն մը պատրաստած է եզակի նմոյշ մը, որ 21-րդ դարուն աշխարհին կը ներկայացն հայ ժողովուրդի հարուստ պատմութիւնը

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ մեր հա­մայն­քի ե­րի­տա­սարդ ու­ժե­րէն Ա­ւետ Հէր­կէլ վեր­ջերս մաս­նա­գի­տա­ցած է օր­թո­տոն­թիի վրայ։ Գա­րա­կէօ­զեան Տան եւ Ս. Խաչ դպրե­վան­քի նախ­կին սա­նե­րէն Ա­ւետ Հէր­կէլ 2002-2008 թուա­կան­նե­րուն ու­սա­նած է «Մար­մա­րա» հա­մալ­սա­րա­նի Ա­տամ­նա­բու­ժու­թեան ֆա­քիւլ­թէէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ գրա­կան ե­րե­կոյթ մը, որ ձօ­նուած էր ա­մե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծ Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նին: Վար­ժա­րա­նի նա­խակր­թու­թեան կազ­մի հա­մա­տեղ աշ­խա­տու­թեամբ կեան­քի կո­չուած այս ո­գե­կոչ­ման հան­դի­սու­թեան ներ­կայ էին Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տան հայ­րեր՝ Մագ. Հ. Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հ. Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, Մա­տա­կա­րար մարմ­նի ան­դամ­նե­րը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ ա­տե­նա­պետ Ար­ման Գա­մա­ռի, ու­սու­ցիչ­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ  ծնող­ներ:

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի վո­լէյ­պո­լի աղջ­կանց կազ­մը մաս կազ­մեց Պէ­յօղ­լուի մէջ կազ­մա­կեր­պուած մրցա­շար­քի մը դափ­նե­կիր­նե­րու շար­քին։ Այս­պէս, մար­զան­քի ու­սուց­չու­հի Ան­ժէլ Ե­լէ­կէ­նի կող­մէ վե­րասհ­կուած խում­բը եր­րորդ հո­րի­զո­նը նուա­ճեց միջ­վար­ժա­րա­նա­յին այս մրցա­շար­քի ար­դիւն­քին։  Է­սաեան­ցի­նե­րը ե­րէկ ստա­ցան ի­րենց բա­ժակն ու մե­տայլ&

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Սա­մա­թիոյ ըն­տա­նի­քը ե­րէկ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն ապ­րե­ցաւ թա­ղի Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի շրջա­նա­ւարտ­նե­րու հան­դէ­սին առ­թիւ։ «Ա­ճա­ռեան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ձեռ­նար­կին ներ­կայ գտնուե­ցան Ս. Գէորգ ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը, ու­սուց­չա­կան կազ­մը, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

«Ա­մէն ինչ գի­տու­թեան հա­մար» կար­գա­խօ­սով Է­սաեան վար­ժա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ սկսաւ «Լոյ­սի տա­րուան» ձօ­նուած գի­տա­կան ե­ռօ­րեայ խրախ­ճան­քը, որ այս տա­րի կը կազ­մա­կեր­պուի հին­գե­րորդ ան­գամ։ Է­սաեա­նի լի­սէի բաժ­նի ա­շա­կերտ­նե­րը այս շրջագ­ծով վար­ժա­րա­նի զա­նա­զան դա­սա­րան­նե­րուն մէջ ներ­կա­յա­ցու­ցին շատ հե­տաքրք­րա­կան ծրագ­րեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Հա­մայն­քին մօտ խոր յու­զում յա­ռա­ջա­ցու­ցած է մեր ար­ժէ­քա­ւոր ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րէն 42-ա­մեայ Նիր­վա Սա­հի­լեա­նի մա­հո­ւան գոյ­ժը։ Ան­ժա­մա­նակ, անմ­խի­թար ու ե­ղեռ­նա­կան այս կո­րուս­տը սու­գի մատ­նած է իր սի­րե­լի­նե­րու շրջա­նա­կը։

Հինգշաբթի, Յունիս 4, 2015

Պատրիարքարանի համալիրէն ներս նորաստեղծ բաժիններու ծանօթացման առթիւ հանդիսաւոր հաւաքոյթ:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան յուշանուէր մը յանձնեց Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տէմիրին: Նորին Սրբազնութիւնը ընդունելութեան ընթացքին բարձր գնահատեց նաեւ համայնքային բարերարներուն կողմէ Աթոռին ի նպաստ ցուցաբերուած աջակցութիւնը

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Տա­տեան վար­ժա­րա­նի խումբ մը շրջա­նա­ւարտ­ներ Պա­գըր­գիւ­ղի մա­րի­նա­յի «Քա­զան­ճը­լար» ճա­շա­րա­նին մէջ մե­ծա­րան­քի հա­ւա­քոյթ մը կազ­մա­կեր­պե­ցին ի պա­տիւ վաս­տա­կա­ւոր կրթա­կան մշակ Ծա­ղիկ Չո­լա­քի, որ այս տա­րեշր­ջա­նի ա­ւար­տին հանգս­տեան կո­չուե­ցաւ թա­ղի վար­ժա­րա­նէն։ Իր զա­նա­զան սե­րունդ­նե­րէ սա­նե­րուն կող­մէ շրջա­պա­տուած՝ մե­ծա­րեա­լը ա­ռար­կայ դար­ձաւ բո­լո­րի յար­գան­քի եւ հա­մակ­րան­քի զգա­ցում­նե­րուն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի առաջին շրջանաւարտները տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատան մէջ:
Դպրոցի սաները կրթական կեանքէ ներս նոր հանգրուան մը կ՚ողջունեն ինքնավստահ տրամադրութեամբ եւ ապագայի նկատմամբ վառ յոյսերով: Կրթօճախի տնօրէնութիւնը եւ ուսուցչական կազմը անբացատրելի զգացումներով տոգորուած են՝ անդրանիկ հունձքի հրաժեշտի փուլին՝ մինչ անկիւնադարձ մը կ՚ապրուի իրենց զոհողութիւններու արդարացման, ջանքերու արժեւորման ճանապարհին:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան մօտ վեր­ջերս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­գե­րա­տես­չա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նիստ, գլխա­ւո­րու­թեամբ նա­խա­րար Հրա­նոյշ Յա­կո­բեա­նի։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րու ուղ­ղեալ «Ա­րի տուն» եւ «Սփիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի ծրագ­րե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր։ Ժո­ղո­վին ներ­կայ էին պաշտ­պա­նու­թեան, տա­րած­քա­յին կա­ռա­վար­ման, կրթու­թեան ու գի­տու­թեան, ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան փոխ-նա­խա­րար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ պատ­կան մար­մին­նե­րէն այլ պա­տաս­խա­նա­տու­ներ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Աշ­խար­հահռ­չակ ծո­վան­կա­րիչ Յով­հան­նէս Այ­վա­զովս­քիի գոր­ծե­րէն մին այս օ­րե­րուն վերս­տին կը զբա­ղեց­նէ ա­ճուր­դի աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, մե­ծա­նուն ա­րուես­տա­գէ­տի «Ե­րե­կոն Գա­հի­րէի մէջ» կոչուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը վա­ճա­ռո­ղի խնդրան­քով դուրս թո­ղուած է Անգ­լիոյ մէջ կազ­մա­կերպուած ա­ճուր­դէ մը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Յո­վիկ Աբ­րա­հա­մեան ե­րէկ շփում­ներ ու­նե­ցաւ Փրա­կի մէջ, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Չե­խիոյ Վար­չա­պետ Պո­հուս­լաւ Սո­պոթ­քա­յի կող­մէ։ Այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով ան մէկ­տե­ղուե­ցաւ նաեւ Չե­խիոյ Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Եան Հա­մա­չէ­քի եւ այդ երկ­րի պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն այլ զա­նա­զան դէմ­քե­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

​ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեւանի մէջ:
Իվիցա Տաչիչ կը տեսակցի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Ա­րա­մէ» պատ­կե­րաս­րա­հը պի­տի ցու­ցադ­րէ ֆրան­սա­հայ հռչա­կա­ւոր նկա­րիչ Ժան­սե­մի (Յով­հան­նէս Սէ­մէր­ճեան) ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը։ Պատ­կե­րաս­րա­հի «Մաշ­տոց» մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ նա­խա­տե­սուած է այս ցու­ցա­հան­դէ­սը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Բար­կու­թիւն, «ցա­սում», «զայ­րոյթ», զգա­ցում մը՝ որ յա­ճախ կը դի­մա­ւո­րուինք մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մէջ։ Զգա­ցո՛ւմ մը՝ որ թէ՛ կը զգանք եւ թէ կը դի­մա­ւո­րուինք։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Շիշ­լի մար­զա­կում­բի ճատ­րա­կի կազ­մը ա­խո­յեան հան­դի­սա­ցաւ Իս­թան­պու­լի ա­կումբ­նե­րու ա­ռաջ­նու­թեան շրջագ­ծով։ Գար­թա­լի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան մար­զաս­րա­հին մէջ, 23-31 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցաւ մրցա­շար­քը, ո­րու ըն­թաց­քին շիշ­լի­ցի­նե­րը յաղ­թա­կան դուրս ե­կան ի­րենց բո­լոր հան­դի­պում­նե­րէն։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Գա­տը­գիւ­ղի Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ չոր­րորդ դա­սա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Ներ­կայ էին Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Գրի­գոր Ա. Քհնյ. Տա­մա­տեան, Գա­տը­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քէն պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։ Ա­րա­մեան-Ուն­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­լին Պէր­պէ­րօղ­լու եւ կրթա­կան մշակ­նե­րը ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին հան­դի­սու­թեան բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 3, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ ման­կա­պար­տէ­զի տա­րե­վեր­ջի հան­դի­սու­թիւ­նը։ Փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սը տօ­նա­կան մթնո­լորտ ստեղ­ծեց ամ­բողջ դպրո­ցին մէջ։

Էջեր