Արխիւ
Երէկ իրիուն խանդավառ մթնոլորտ մը կը տիրէր Գարակէօզեան Տան շրջափակէն ներս. տղաքը իրենց վերջին հրաժեշտը կու տային դարաւոր կրթօճախին՝ այլ վարժարաններէ ներս շարունակելու համար իրենց ուսումը։
Կը տեղեկանանք, որ այս օրերուն քաղաքս կ՚այցելէ Հայաստանէն Գուգարաց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Ան մասնաւոր այցելութիւնով մը եկած է քաղաքս եւ այս շրջագծով երէկ այցելեց խմբագրատունս։
Երեւանի մէջ վերջերս կազմակերպուած «Արամ Խաչատուրեան» միջազգային մրցոյթը արժանացաւ երաժշտական աշխարհի անմիջական հետաքրքրութեան։ 11-րդ անգամ կազմակերպուած այս մրցոյթը իրականացաւ «Ucom» ընկերութեան հովանաւորութեամբ։
Տաղանդաւոր արուեստագիտուհի Մերի Մուն, Երեւանէն, կը մասնակցի հաւաքական ցուցահանդէսի մը, որ տեղի կ՚ունենայ «Միքսէր» պատկերասրահին մէջ, Պէյօղլու։
Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութիւնը (ՍԴՀԿ) պահանջագիր մը ներկայացուցած է Իսթանպուլի քաղաքապետութեան՝ պահանջելով աճիւնները այն քսան կուսակցական ընկերներուն, որոնք կախաղան բարձրացուած էին 15 Յունիս 1915-ին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կան իրեր ու իրողութիւններ՝ որ թէ՛ տեսանելի են եւ թէ լսելի։ Եւ թէ՛ լսելի, թէ՛ տեսանելի իր կամ իրողութիւնը աւելի տպաւորիչ կ՚ըլլայ մարդուն, քան միայն տեսանելին կամ միայն լսելին։ Զոր օրինակ՝ ծովը։ Ծովը տեսանելի է, բայց նաեւ լսելի՛։
«Պողազիչի» համալսարանի Պատմութեան ֆաքիւլթէի ուսանող Մուսթաֆա Իշչիլէր որոշած է պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու նպատակով Վանէն հեծանիւով ուղեւորուիլ դէպի Երեւան։ Իշչիլէր կը փափաքի գրի առնել այդ շրջաններու մէջ բնակող մարդոց յիշողութիւններն ու պատմութիւնները։
ՀԲԸՄ-ի «Տէմիրճեան» սրահին մէջ բանախօսութիւն՝ համշէնահայոց մասին:
Մահիր Էօզքան լիբանանահայ ունկնդիրներուն հանգամանալից գիտելիքներ փոխանցեց իր ծննդավայրին շուրջ:
ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովը 18-20 Յունիս թուականներուն միջեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին հետ կը կազմակերպէ «Ռոզ-Ռոթ» 89-րդ խորհրդաժողովը՝ «Ապահովութիւնը ու կայունութիւնը Հարաւային Կովկասի մէջ. մնայուն խաղաղութեան խթանումը շրջանին մէջ» խորագրով։
Պատմութեան հիմնարկը հրատարակեց ուշագրաւ հատոր մը՝ «Ցեղասպանութեան խնդիրը. հայերն ու թուրքերը Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջանին» խորագրով, զոր պատրաստած է Գրիգոր Սիւնի, Ֆաթմա Միւկէ Կէօչէք եւ Նորման Նայմարք։
Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու տառապանքները լուսարձակի տակ պահելու կոչ մը հնչեց Վատիկանէն, Արեւելեան եկեղեցիներու օգնութեան հասնելուն նպատակով կազմակերպուած ընդունելութեան ընթացքին։ Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը յայտարարեց, թէ ոմանց համար հազարաւոր մարդոց կեանքերէն աւելի կարեւոր դարձած է զէնքն ու ուժանիւթը։
Յայտնի գործարար ու բարերար նորոգ հանգուցեալ Գըրգ Գրգորեանի յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Լոս Անճելըսի մէջ, ընտանիքին եւ մօտ հարազատներու նեղ միջավայրին մէջ, ըստ իր կտակին։ Այս մասին «Արմէնփրէս»ին տեղեկութիւններ տուաւ «Գալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի խմբագիր Յարութ Սասունեան։
Պելժիոյ խորհրդարանը երէկ սկսաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւի քննարկումներուն։ Վարչապետ Շարլ Միշէլ ընդգծեց, որ 1915-17 թուականներուն տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները պէտք է ճանչցուին որպէս ցեղասպանութիւն։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Յաւերժութեան տեսլականով յիրաւի փառաշուք տաճար մը։
Կոմիտասի թանգարանը կամ ապագայասլաց մտայնութեան յուշակոթողը։
Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համալրուեցաւ երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամով մը:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:
Էսաեան վարժարանի սան Ալէն Նշան, որ «Mind Lab»ի խաղերուն մէջ լուրջ յաջողութիւններ արձանագրելով իրաւունք ստացած էր միջազգային ողիմպիականներու մէջ ներկայացնելու Թուրքիան, նախընթաց օր տեղի ունեցած մրցումներու արդիւնքին նուաճեց աշխարհի երրորդութիւնը։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որ մեկնած էր Հայաստան, արդէն վերադարձաւ քաղաքս։ Ուղեւորութեան օրերուն ան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ներկայացած է նաեւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին։
Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:
VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Բարդ հարցականներու խաչմերուկ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ հաշուի առնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը, ինչ որ ուղղակիօրէն որոշիչ գործօն մըն է պետութեան կողմէ տրուելիք արտօնութեան առումով:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Եկեղեցական իրաւունքը ունի իր յատուկ իրաւական դրութիւնը որպէս ընդհանուր եւ տիեզերական իրաւական ամբողջական դրութեան մէկ մասը։ Արդարեւ իրաւական դրութիւններ սկզբունքով ամբողջ մը կը կազմեն, բայց հաստատութեան նկարագրի համեմատութեամբ եւ հաստատութեան յատկութիւններուն համաձայն մասնակի տարբերութիւններ կը յայտնուին։