Արխիւ

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մեկ­նած էր Հա­յաս­տան, ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ներ­կա­յա­ցած է նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ 

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​Պէշիկթաշի հրապարակին վրայ քաղաքապետարանին նախաձեռնութեամբ սարքուեցաւ իֆթարի սեղան:
Մուրատ Հազինետարի տանտիրութեամբ մէկտեղուեցան քաղաքիս բազմաթիւ հոգեւոր առաջնորդները:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​VADİP-ի երէկուան ժողովին ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ պատրիարքական ընտրութեան հարցը:
Բարդ հարցականներու խաչմերուկ:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու խորհուրդ տուաւ հաշուի առնել նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացը, ինչ որ ուղղակիօրէն որոշիչ գործօն մըն է պետութեան կողմէ տրուելիք արտօնութեան առումով:

 

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի մէջ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­նա­կար­գի շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը։ Այս տա­րուան միջ­նա­կար­գի ըն­թա­ցա­ւարտ­նե­րը ե­րե­կոյ­թի ըն­թաց­քին ա­ռար­կայ դար­ձան Է­սաեա­նի ըն­տա­նի­քի գուր­գու­րան­քին եւ բո­լո­րը ա­նոնց յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­ներ յղե­ցին՝ ի­րենց ա­պա­գայ կրթա­կան կեան­քին հա­մար։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

​Պէշիկթաշի քաղաքապետարանը ամրան եղանակի սկիզբին առթիւ աջակցութիւն ցոյց կու տայ մեր համայնքին:
Մուրատ Հազինետարի տնօրինութեամբ բարեկարգման ծրագրեր կ՚իրականացուին Պատրիարքարանի ամարանոցէն, Կազդուրման կայանէն եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիէն ներս՝ յառաջիկայ ամիսներու եռուզեռին պատրաստ ըլլալու առաջադրութեամբ:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի մտաւորական աշխարհի յայտնի դէմքերէն մին. գրող, թարգմանիչ, բանաստեղծ, հրապարակագիր, քսան գիրքերու հեղինակ…
Լեւոն Պլպուլեան գործունէութիւն ծաւալած է նաեւ երաժշտական բնագաւառէն ներս իր քրոջ՝ Ժաննա Պլպուլեանի հետ, որ կը բնակի Փարիզի մէջ:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Շա­բաթ» օ­րը եբ­րա­յա­կան շա­բա­թին 7-րդ օրն էր, երբ ա­մէն զբա­ղում եւ աշ­խա­տանք պէտք էր դադ­րէր։ Եւ ար­դէն «Շա­բաթ» եբ­րա­յե­րէն կը նշա­նա­կէ՝ հան­գիստ կամ դա­դար։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­նուկ­նե­րու ուղ­ղեալ յատ­կան­շա­կան ձեռ­նարկ մը։ «Խա­ղա­ղու­թիւն աշ­խար­հի ե­րա­խա­նե­րուն» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը հա­մախմ­բեց բազ­մա­թիւ ե­րա­խա­ներ, ո­րոնք ապ­րե­ցան մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Թուր­քիա մօ­տէն կը հե­տե­ւի Սու­րիոյ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնց շրջագ­ծով իր սահ­մա­նին վրայ կ՚ապ­րուին կա­րե­ւոր զար­գա­ցում­ներ։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նի եր­կայն­քով այս շրջա­նին կը վե­րա­ձե­ւա­ւո­րուին հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ սահ­մա­նի միւս կող­մը հա­կակ­շի­ռը ձեռք կ՚ան­ցը­նեն նոր ու­ժեր։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Հիւ­սի­սա­յին Ի­րա­քի քրդա­կան ինք­նա­վա­րու­թեան ղե­կա­վար Մե­սուտ Պար­զա­նի յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ ը­րաւ ան­կախ Քիւր­տիս­տա­նի մը հռչակ­ման ժամ­կէտ­նե­րուն շուրջ։ Քրդա­կան լրա­տուա­մի­ջոց­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն հի­ման վրայ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պար­զա­նի յայտ­նած է, որ նոյն պաշ­տօ­նին վե­րընտ­րուե­լու պա­րա­գա­յին, յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին Քիւր­տիս­տա­նը պի­տի հռչա­կէ ան­կախ պե­տու­թիւն։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հա­կեան պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար նշա­նա­կեց Լե­ւոն Մնա­ցա­կա­նեա­նը։ Ծա­նօթ է, որ Ար­ցա­խի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րա­րի պաշ­տօ­նը թա­փուր մնա­ցած էր՝ Մով­սէս Յա­կո­բեա­նի Հա­յաս­տա­նի Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գա­հի տե­ղա­կալ նշա­նա­կու­մով։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Սո­ցիալ դե­մոկ­րատ հնչա­կեան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար­նե­րէն Ե­ղիա Ճէ­րէ­ճեան Ե­րե­ւա­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Թուր­քիա­յէն գրող Քա­տիր Ա­քը­նը։ Այս վերջ­նոյն այ­ցե­լու­թիւ­նը զու­գա­դի­պե­ցաւ Հնչա­կեան քսան կա­խա­ղան­նե­րու տա­րե­լի­ցին։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Անգ­լիոյ Լոր­տե­րու պա­լա­տը նա­խըն­թաց օր քննար­կեց հայ­կա­կան հար­ցը։ «Ար­մէնփ­րէս»  գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը Անգ­լիոյ խորհր­դա­րա­նի պաշ­տօ­նա­կան կայ­քէ­ջի հա­ղոր­դում­նե­րու հի­ման վրայ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Պա­րո­նու­հի Քե­րը­լայն Քոքս այս առ­թիւ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ 1915 թուա­կա­նին հա­յոց, յոյ­նե­րու եւ ա­սո­րի­նե­րու զան­գուա­ծա­յին սպա­նու­թիւն­նե­րու հար­ցը։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեանի մօտ խորհրդակցութիւն:
Համահայկական ամառնային խաղերուն ընդառաջ ամէն ինչ գրեթէ կատարեալ:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Յուլիսի 12-ին Երեւանի մէջ սկսելիք փառատօնին ընդառաջ ստեղծուած է մեծ ոգեւորութիւն:
Կազմակերպիչներն ու հովանաւորները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն հիւրերու ակնկալութիւնները գոհացնելու նպատակով:

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան ին­նե­րորդ նա­խա­գահ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի մա­հը կը շա­րու­նա­կէ ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն զբա­ղեց­նել երկ­րի օ­րա­կար­գը։ Սիւ­լէյ­ման Տէ­մի­րէ­լի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը վա­ղը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ մայ­րա­քա­ղաք Ան­գա­րա­յի մէջ, պե­տա­կան ա­րա­րո­ղա­կար­գով նա­խա­տե­սուած պատ­շա­ճու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծին մէջ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ Սի­սի եր­բեմ­նի կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քի վե­րա­ձեռք­բեր­ման նպա­տա­կով Թուր­քիոյ Սահ­մա­նադ­րա­կան ա­տեա­նին մօտ բա­ցուած դա­տին ար­ձա­գանգ­նե­րը կը շա­րու­նա­կուին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ, քա­ղա­քա­գէտ Է­դիկ Յով­սէ­փեան «tert.am» կայ­քէ­ջին ը­րաւ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ։

Հինգշաբթի, Յունիս 18, 2015

Գալ­ֆաեան Տան ըն­տա­նի­քը ո­գե­ւոր հան­դի­սու­թիւ­նով մը հրա­ժեշտ տուաւ վար­ժա­րա­նի այս տա­րուան հունձ­քին։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցած շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դէ­սը հա­մախմ­բեց Գալ­ֆաեան ըն­տա­նի­քին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը, այս տա­րուան ըն­թա­ցա­ւարտ­ներն ու ի­րենց ծնող­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015

Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կին մէջ ստեղ­ծուե­ցաւ գի­տա­կան զբօ­սաշր­ջու­թեան բա­ժին մը։ Նիւ­թին շուրջ տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Զբօ­սաշր­ջու­թեան հայ­կա­կան հիմ­նար­կի վե­րա­տե­սուչ Ռո­պէրթ Մի­նա­սեան, որ ը­սաւ, թէ յի­շեալ կա­ռոյ­ցը ստեղ­ծուած է Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ եւ Ե­րե­ւա­նի մօտ Ռու­սաս­տա­նի դես­պա­նա­տան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեամբ։

Չորեքշաբթի, Յունիս 17, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Ի­րա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց փոխ-նա­խա­րար Իպ­րա­հիմ Ռա­հիմ Փու­րը։ Ող­ջու­նե­լով իր հիւ­րը Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան եւ Ի­րան կա­պուած են ա­ւան­դա­կան ջերմ, փոխ­շա­հա­ւէտ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց վկա­յու­թիւնն է միջ­պե­տա­կան բարձր մա­կար­դա­կով երկ­խօ­սու­թիւ­նը, տար­բեր բնա­գա­ւառ­նե­րէ ներս աշ­խոյժ փոխ­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։

Էջեր