Արխիւ
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ ողջունելի ձեռնարկ մը:
Պատմութեան թանգարանի երդիքին տակ լիբանանահայ լուսանկարիչ Գաբրիէլ Փանոսեանի գործերը:
Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբին կողմէ ձեռնարկուած սերնդափոխութեան ծրագիրը յառաջ կը տարուի թափով։ Ինչպէս ծանօթ է, Մեծ պահքէն անմիջապէս առաջ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ «Ալաճաճեան» սրահին մէջ կազմակերպուած խրախճանք մը բնորոշած էր սոյն նախագծին մեկնարկը։
Համաշխարհային կանանց օրուան նախօրեակին, Բանկալթի Մխիթարեան վարժարանէն խումբ մը սաներ, գլխաւորութեամբ հայերէնի ուսուցիչ Սեւան Տէյիրմէնճեանի, այցելեցին վիպագիր ու հանրային գործիչ Սրբուհի Տիւսաբի (1841-1901) շիրիմը, որ կը գտնուի Բանկալթիի Լատինաց գերեզմանատան մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մամուլի հ՜ին էջերուն մէջ ճամբորդել, անցեալի մէջ շրջագայիլ անմեկնելի հաճոյք կը պատճառէ մեզի, եւ կարծես հոն կը գտնենք մենք զմեզ, կը նոյնանանք անցեալին հետ եւ կը զգանք, որ կ՚ապրինք եւ մե՛նք ինք։
այ գրականութեան առաջին գրագիտուհին ու կանանց իրաւունքներու պաշտպան Սրբուհի Տիւսաբ (1841-1901) ոգեկոչուեցաւ Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ։ Այս առթիւ Հայ կաթողիկէ համայնքի առաքելական կառավարիչ Տ․ Լեւոն Արք․ Զէքիեան հոգեհանգստեան Ս․ Պատարագ մատոյց Բանկալթըի Լատին կաթողիկէ գերեզմանատան մատրան մէջ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց դասը շաբաթավերջին կորսնցուց իր արժէքաւոր անդամներէն մին։ Այսպէս, ի Տէր հանգաւ Ուքրայնոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգորիս Արք. Բունիաթեան։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի երիցագոյն միաբաններէն մին էր վախճանեալ Սրբազան Հայրը, որու անժամանակ կորուստը յառաջացուցած է խոր ցաւ։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ նախագահեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթի պարուսոյց Կարպիս Չափքանին շնորհուեցաւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքութեան «Օրմանեան» շքանշանը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ազգային հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Ճէյմս Քլափէր յայտնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարը աղօտ է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Ճէյմս Քլափէր նախընթաց օր ելոյթ մը ունեցաւ ԱՄՆ-ի Ծերակոյտի պաշտպանութեան հարցերով յանձնաժողովի լսումներուն շրջագծով։
Շաբաթավերջին ապրուած ընդհարման հետեւանքով վեց հոգի վիրաւորուեցաւ։
Ռուսական ռազմախարիսխի պայմանագրային զինուոր Արթուր Աֆեանի դիակը գտնուած՝ կախուած վիճակով։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր այցելութիւն մը կու տայ Սլովենիա։
Իսրայէլի նախագահ Ռէուվէն Ռիվլին յառաջիկայ Ապրիլի 24-ին պիտի մասնակցի 2015-ի ոգեկոչումներուն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարին մէջ Ապրիլի 24-ին տեղի պիտի ունենայ հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակութեան ձօնուած աղօթք մը 1915-ի դէպքերու 100-րդ տարելիցին շրջագծով։
Համաշխարհային կանանց օր-ւան կապակցութեամբ ձեռնարկ մը կայացաւ Էսաեան վարժարանէն ներս։ Այսպէս, աշակերտները նախ ներկայացան մշակութային յայտագրով մը, զոր պատրաստած էին ուսուցիչներ Թարա Տէմիրճիօղլու, Սեսիլ Քարահիսարիտիս, Ճանան Պուլկուր։
Վագըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան նախնթաց օր հանդիպում մը ունեցաւ Վագըֆներու Իսթանպուլի Բ. շրջանի տնօրէն Իպրահիմ Սաֆֆէթ Էրթիւրքի հետ։
Բազմավաստակ լրագրող Ժան Տեվլեթօղլու, որու կենսագրութեան մաս կը կազմէ նաեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը, հրատարակեց յուշագրական հատոր մը՝ «İyi Kötü Ermeni» խորագրով։ Ան յետադարձ հայեացք մը կը նետէ իր անցեալին ու կը պատմէ մանկութենէն մինչեւ այսօր ինքնութեան փնտռտուքը՝ Թուրքիոյ եւ Անգլիոյ մէջ։
Կալաթասարայ մարզակումբին պատկանող Գուրուչէշմէի կղզիի սեփականութեան իրաւունքին շուրջ ներկայիս կ՚ապրուի վէճ մը, որու բերումով կատարուած է նաեւ դատական դիմում մը։
Թրքական պատմութեան հաստատութեան (TTK) նորանշանակ նախագահը պատրաստ է գործի ձեռնարկելու:
Փրոֆ. Ռեֆիք Թուրան բացատրեց, թէ ինչ ենթադրութիւններ ունի հայկական հարցի վերաբերեալ ծրագիրներուն շուրջ:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Սլովաքիոյ նորանշանակ դեսպան Փեթէր Փրիփութէնը, որու մշտական նստավայրը կը գտնուի Մոսկուայի մէջ։
«Կալերի Պիրզամանլար»ի եւ «Նոսթալժի» մշակոյթի կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ կայացաւ գրող-ընթերցող հանդիպում մը՝ Տողան Չեթինքայայի հետ։
Կարծես տրամադրութիւն ըսուածը, սանկ, տեսակ մը «բան» մըն է, որ շատ բարակ թելէ մը կախուած կ՚ըլլայ, եւ որ անախորժ լուրով եւ կամ վիճաբանութիւնէ մը ծնունդ առած ցնցումով մը կրնայ շուտով փրթիլ ու իյնալ եւ պատճառ դառնալ, որ դուն ըլլաս անտրամադիր, մտահոգ, անխօս, լուռ եւ՝ շրջապատէդ կամաւոր ձեւով անջատուած:
Վարչապետը բազմակողմանի քննարկումներ ծաւալեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին հետ:
Ահմէտ Տավուտօղլու Պան Քի Մունի հետ սարքած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին խօսեցաւ կիպրական հարցին շուրջ: