Արխիւ

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Զե­զի նոր սիրտ պի­տի տամ, ու ձեր ներ­սի­դին նոր հո­գի պի­տի դնեմ» (Ե­ԶԵԿ. ԼԶ 26)։ Ներ­քին խա­ղա­ղու­թիւ­նը անհ­րա­ժե՛շտ է մար­դուս հա­մար։ Խոր­հե­ցէք, սի­րե­լի­նե՜ր, ան­գամ մը՝ ա­մէն ի՛նչ ու­նիք, բայց չու­նիք խա­ղա­ղու­թիւն, ի՜նչ պի­տի ար­ժեն ձեր ու­նե­ցած­նե­րը, երբ զա­նոնք չէք կրնար վա­յե­լել խա­ղա­ղու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Օր­թա­գիւ­ղի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի կար­գադ­րու­թեամբ եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, այս տա­րի եւս թա­ղի Թարգ­ման­չաց վար­ժա­րա­նի հին­գե­րորդ դա­սա­րա­նէն խումբ մը ա­շա­կերտ­ներ ու­ղարկուե­ցան Անգ­լիա։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած դէմ­քե­րէն մին՝ Պե­տի Զի­վէր։ Յա­ռա­ջա­ցած տա­րի­քի մէջ, դժբախ­տա­բար ան ու­նե­ցած է ա­ռող­ջա­կան վե­րի­վայ­րում­ներ, իսկ բո­լո­րո­վին վեր­ջերս ան­ցու­ցած ու­ղե­ղի ա­րիւ­նա­հո­սու­թիւ­նը անշր­ջա­դար­ձե­լի հե­տե­ւանք­ներ ու­նե­ցած է իր տե­սա­կէ­տէ։

Երեքշաբթի, Յուլիս 7, 2015

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հա­յաս­տա­նի մէջ, երէկ, ար­դէն տասնչորրորդ օրուան դրութեամբ ոստիկանութիւնը կասեցուց «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան բողոքի ցոյցը։ Երկու շաբաթէ ի վեր կա­թուա­ծա­հար ե­ղած էին եր­թե­ւե­կու­թիւնն ու բնա­կա­նոն կեան­քը:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յի­սուս, լե­րան վրայ խօ­սած քա­րո­զին մէջ՝ թան­կա­գին դա­սեր սոր­վե­ցուց Իր ա­շա­կերտ­նե­րուն՝ Աս­տու­ծոյ ա­պա­ւի­նե­լու, վստա­հե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թեան նկատ­մամբ։ Այս դա­սե­րը նպա­տակ ու­նէին քա­ջա­լե­րե­լու Աս­տու­ծոյ զա­ւակ­նե­րը բո­լոր դա­րե­րու եւ շրջան­նե­րու մէջ, ու մին­չեւ մեր օ­րե­րը՝ մե­զի կը հաս­նին ա­նոնք, մեզ խրա­տե­լու եւ սփո­փե­լու հա­մար։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Տա­րի­նե­րու հե­ռա­ւո­րու­թե­նէն եւ կա­րօ­տով, ա­մէ­նօ­րեայ ժա­մադ­րու­թիւ­նը յար­գո­ղի նման, նոյն տաք զգա­ցում­նե­րովս, սի­րե­լի Հա­լէպ, քեզ է, որ կրկին կը յի­շեմ: Հա­ւա­տա՛, հաս­տատ եւ պարզ ինք­նա­գո­վու­թիւն մը չէ այս մէ­կը, ո­րով­հե­տեւ իմ մա­սիս խօ­սի­լը քրտինք կրնայ բե­րել եւ նոյ­նիսկ կրնայ զիս դժբախ­տաց­նել, բայց հոգս չէ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Ե­փե­սոս պատ­մա­կան քա­ղա­քը ընդգր­կուե­ցաւ ԻՒ­ՆԷՍ­ՔՕ-ի հա­մաշ­խար­հա­յին ժա­ռան­գու­թեան ցու­ցա­կին մէջ։ Մշա­կոյ­թի եւ զբօ­սաշր­ջու­թեան նա­խա­րար Էօ­մէր Չե­լիք շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղե­կա­ցուց, որ պատ­մու­թեան ու մշա­կոյ­թի նկատ­մամբ ի­րենց կող­մէ ըն­ծա­յուած կա­րե­ւո­րու­թեան պտուղ­նե­րը հետզ­հե­տէ կը քա­ղեն։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Եւ­րո­պա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ, ե­րէկ, Յու­նաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շատ կա­րե­ւոր հան­րա­քուէ մը, ո­րու ար­դիւն­քին ժո­ղո­վուր­դը մեր­ժեց երկ­րին կող­մէ  խստա­պա­հանջ տնտե­սա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մը որ­դեգ­րու­մը։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կաս­կա­ծէ վեր է, որ Ամերիկայի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Նա­խա­գահ Պա­րաք Օ­պա­մա­յի Ի­րա­նի հետ հա­մա­ձայ­նու­թիւն մը գո­յաց­նե­լու ճի­գե­րը ի­րենց դրա­կան հե­տե­ւանք­նե­րը պի­տի ու­նե­նան շրջա­նին մէջ, նոյ­նիսկ ե­թէ հա­մա­ձայ­նու­թեան ստո­րագ­րու­մը տե­ղի չու­նե­նայ: Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու հա­մար ձե­ւա­կան ստո­րագ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու հանգ­րուա­նը վա­ղուց ան­ցած է: Կա­րե­ւո­րը Ի­րա­նը, որ­պէս հա­ւա­տա­րիմ դաշ­նա­կից պատ­րաս­տե­լու գոր­ծըն­թացն է, պայ­մա­նով, որ այդ նոր հանգ­րուա­նին մէջ Թեհ­րան նե­ղու­թիւն չպատ­ճա­ռէ Մոս­կուա­յին:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Սփիւռքեան հայապահպանման պայքարին շրջագծով Փարիզի մէջ կրթական յուսադրիչ խարիսխ մը:
Ալֆորվիլի «Գէորգ Արապեան» վարժարանը բացուեցաւ Ֆրանսայի եւ Հայաստանի վարչապետներուն մասնակցութեամբ: Բարձրաստիճան եկեղեցականներու կողմէ կատարուեցաւ օրհնութեան կարգ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

«Քո­թոթ» հրա­տա­րակ­չու­թիւ­նը Փա­րի­զի մէջ հրա­տա­րա­կած է Յաս­միկ Շա­հի­նեա­նի «Այն օ­րը, երբ…» ման­կա­կան հա­տո­րը, ո­րուն նկա­րա­զար­դում­նե­րը կա­տա­րած է Տա­ւիտ Փին­թոր։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին ապրուեցաւ արտասովոր ոգեւորութիւն:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետը տեսակցեցաւ ՀԵԵՄ-ի պատգամաւորներուն հետ:

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

Թոփ­գա­բուի Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նը ամ­րան ար­ձա­կուր­դի ներ­կայ շրջա­նին թա­փով կը պատ­րաս­տուի 2015-2016 կրթա­կան շրջա­նին։ Կը տե­ղե­կա­նանք, որ Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նէն ներս ներ­կա­յիս վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կ՚ի­րա­կա­նա­ցուին՝ ֆի­զի­քա­կան պայ­ման­նե­րը կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։

Երկուշաբթի, Յուլիս 6, 2015

​Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանը հանդիսաւորապէս բացաւ իր հիմնադրութեան 50-ամեակին զուգադիպած եղանակը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի նախագահութեամբ կազմակերպուած արարողութիւններուն ընթացքին յուշանուէրներ յանձնուեցան Մուրատ Հազինետարին:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Ե­րե­ւա­նի մէջ, «Խա­չա­տուր Ա­բո­վեան» Հա­յաս­տա­նի Պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ հան­դի­սա­ւոր օր մը։ «Կրթու­թեան կա­ռա­վա­րում» մաս­նա­գի­տու­թեան մա­գիստ­րոս­նե­րու շրջա­նա­ւար­տու­թեան հան­դի­սու­թեան առ­թիւ ապ­րուե­ցաւ մեծ խան­դա­վա­ռու­թիւն։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հայաստանի չորրորդ միջազգային բժշկական համագումարը երէկ եզրափակուեցաւ:
Սարգսեան կարեւորեց սփիւռքեան մասնագէտներու ներդրումը՝ երկրի առողջապահական համակարգի զարգացման գծով:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

​ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

​Վեր­ջին օ­րե­րուն Ե­գիպ­տո­սի Սի­նա նա­հան­գին մէջ ար­ձա­նագ­րուած դէպ­քե­րը կրնան բա­ւա­կան բարդ ի­րադ­րու­թիւն ստեղ­ծել զօրավար Ապ­տըլֆաթ­թահ Ալ Սի­սիի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն հա­մար: Երկ­րին մէջ իշ­խա­նա­զուրկ ե­ղած եւ մա­հուան դա­տա­պար­տուած նախ­կին նա­խա­գահ ՝ Մու­համ­մէտ Մուր­սիի բան­տար­կու­թենէն ի վեր այս մա­կար­դա­կի ծանր բա­խում­ներ չեն գրանցուած:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

​Ռուսաստան Հայաստանի հետ կը բանակցի հրթիռային համակարգերու վաճառքի շուրջ:
Մոսկուայի ռազմաթեքնիկ համագործակցութեան բնագաւառի աղբիւրներուն ուշագրաւ պնդումները:

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ­կա­յին կեան­քին մէջ ա­նի­րաւ­ներ կը քա­լեն մեծ յա­ջո­ղու­թեամբ, իսկ ար­դար­ներ եւ ի­րա­ւա­ցի­ներ նկուն են ընդ­հան­րա­պէս։ Հին շրջան­նե­րէ ի վեր այս ի­րո­ղու­թիւ­նը չէ՛ փո­խուած՝ չա­րա­միտ­ներ կը յա­ջո­ղին եւ ար­դար­ներ կը ձա­խո­ղին։

Շաբաթ, Յուլիս 4, 2015

Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) կրթա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ մար­դա­սի­րա­կան ծրագ­րե­րու շրջա­նակ­նե­րէն ներս Հա­յաս­տա­նի մէջ գտնուող տասն­վեց հայ ու­սա­նող­ներ ե­րէկ այ­ցե­լե­ցին Հա­յաս­տա­նի Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն։ Այդ ու­սա­նող­նե­րը Հա­յաս­տան մեկ­նած են Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն, Լի­բա­նա­նէն, Ռու­սաս­տա­նէն եւ Ֆրան­սա­յէն։

Էջեր