Արխիւ

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րուն հա­մար վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն կազ­մա­կեր­պուե­ցան ըն­կե­րամ­շա­կու­թա­յին բնոյ­թով զա­նա­զան ձեռ­նարկ­ներ։ Այդ ծի­րին մէջ ա­ռանձ­նա­պէս հե­տաքրք­րա­կան էին տղոց ի­րա­կա­նա­ցու­ցած պտոյտ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած քէր­մէ­սը վեր­ջին եր­կու օ­րե­րուն ա­ռիթ հան­դի­սա­ցաւ ան­նա­խըն­թաց խան­դա­վա­ռու­թեան։ Ծնո­ղաց միու­թեան եւ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բի հա­մա­տեղ ջան­քե­րով վար­ժա­րա­նին ի նպաստ կազ­մա­կեր­պուած այս ա­ւան­դա­կան ձեռ­նար­կը իս­կա­պէս փայ­լուն ան­ցաւ՝ ինչ­պէս այ­ցե­լու­նե­րու թի­ւին, այն­պէս ալ ներ­կա­յա­ցած ա­ռար­կա­նե­րու ճո­խու­թեան ու ո­րա­կին տե­սա­կէ­տէ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Վա­գըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան վեր­ջերս ու­նե­ցաւ խորհր­դան­շա­կան հիւր մը։ Այս­պէս, իր այ­ցե­լու­թեան փու­թաց Լա­քի Վին­կաս, որ մին­չեւ մօ­տա­ւոր ան­ցեա­լը կը զբա­ղեց­նէր այդ պաշ­տօ­նը։ Ան­տա­րա­կոյս Թո­րոս Ալ­ճա­նի տե­սան­կիւ­նէն զգա­ցա­կան խոր նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցաւ այս այ­ցե­լու­թիւ­նը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նի ա­ւագ մար­զի­չի պաշ­տօ­նը ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս յանձնուե­ցաւ Սար­գիս Յով­սէ­փեա­նին։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, վեր­ջերս այդ պաշ­տօ­նէն հրա­ժա­րած էր զուի­ցե­րա­ցի Պեռ­նար Շա­լանտ, ո­րու մա­կա­նին ներ­քեւ հայ­կա­կան հա­ւա­քա­կա­նը ապ­րե­ցաւ լուրջ ձա­խո­ղում­ներ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

SALT Galata-ի մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ շա­հե­կան ձեռ­նար­կի մը բաց­ման հա­ւա­քոյ­թը։ «Ա­նոնք» խո­րագ­րեալ այս ձեռ­նար­կը լու­սար­ձա­կի տակ կ՚առ­նէ Թուր­քիոյ մէջ «միւս»նե­րու դա­սուած խմբա­ւո­րում­ներն ու ա­նոնց վա­նու­մին վե­րա­բե­րեալ ե­րե­ւոյթ­նե­րը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Ռու­սաս­տան զեղչ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տան մա­տա­կա­րա­րուած բնա­կան կա­զի սա­կա­գի­նին մէջ։ «Կազփ­րոմ» ռու­սա­կան ըն­կե­րու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­գահ Ա­լեք­սէյ Միլ­լէր, որ վեր­ջերս այ­ցե­լած էր Ե­րե­ւան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի հետ տե­սակ­ցու­թեան ըն­թաց­քին պայ­մա­նա­ւո­րուա­ծու­թիւն ձեռք բե­րած էր այս ուղ­ղու­թեամբ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ «Ար­տադ­րուած է Հա­յաս­տա­նի մէջ» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սին։ «Մե­րի­տեան» ցու­ցա­հան­դէ­սի կեդ­րո­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած այս ձեռ­նար­կին նպա­տակն է ներ­կա­յաց­նել երկ­րի ար­դիւ­նա­բե­րու­թեան նե­րու­ժը, զար­գաց­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րել Հա­յաս­տա­նի ըն­կե­րու­թիւն­նե­րուն՝ հե­տա­գայ զար­գաց­ման եւ ար­տած­ման խթան­ման ճա­նա­պար­հին։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

2015-ի ոգեկոչումներուն շրջագծով յատկանշական ձեռնարկ մը՝ Փարիզի քաղաքապետարանի յարկէն ներս:
Ցուցահանդէսը Մեծ Եղեռնի դէպքերը կը ցոլացնէ միջազգային մամուլի առաջին էջերուն վրայով:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան այ­սօր Փա­րի­զի մէջ հան­դի­պում մը կ՚ու­նե­նայ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ։ Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րուն կող­մէ հաս­տա­տուած է այս տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ո­րու յստակ օ­րա­կար­գին մա­սին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ չեն հա­ղոր­դուած։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը երէկուան դրութեամբ դիմում ներկայացուց Թուրքիոյ Հանրապետութեան Սահմանադրական ատեանին մօտ:
Վաղը այս նիւթին վերաբերեալ մամլոյ ասուլիս մը նախատեսուած է Ուաշինկթընի մէջ, տեղւոյն Ազգային մամլոյ ակումբի «Լիսակոր» սրահի երդիքին տակ:

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ե­րա՜զ մը տե­սայ. վար­դաս­տան մը, պար­տէզ մը՝ ուր մար­դիկ սի­րով կը խօ­սէին, սի­րով կը վա­րուէին ի­րա­րու հետ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի հրա­տա­րակ­չա­կան բա­ժի­նը լոյս ըն­ծա­յեց Տ. Մես­րոպ Վրդ. Պար­սա­մեա­նի «Լի­նել Աս­տուած (Մար­դու աս­տուա­ծաց­ման ե­ռաս­տի­ճան ճա­նա­պար­հը ըստ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տի վար­դա­պե­տու­թեան)» գիր­քը։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Գեր­մա­նիա­յէն խորհր­դա­րա­նա­կան պա­տուի­րա­կու­թիւն մը, որ այս օ­րե­րուն շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ Հա­յաս­տա­նի մէջ։

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 29, 2015

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գումգաբու առայժմ լուռ…​

Մե­ծի Տանն Կի­լի­կիոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան կող­մէ ծրագ­րուած դի­մու­մը ի վեր­ջոյ կա­տա­րուած է։ Ան­ցեալ տա­րի Սեպ­տեմ­բե­րին Ա­րամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղե­կա­ցու­ցած էր այս մա­սին ա­ռա­ջին ան­գամ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու կար­գա­դիր յանձ­նա­խում­բը գու­մա­րեց ժո­ղով մը՝ յա­ռա­ջի­կայ ա­մառ նա­խա­տե­սուած վե­ցե­րորդ ա­մա­ռնա­յին խա­ղե­րու ըն­դա­ռաջ։ Հա­մա­հայ­կա­կան խա­ղե­րու հա­մաշ­խար­հա­յին կո­մի­տէի նա­խա­գահ Իշ­խան Զա­քա­րեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ժո­ղո­վը, ո­րու կա­պակ­ցու­թեամբ հա­ղոր­դուե­ցաւ, թէ յա­ռա­ջի­կայ ամ­րան Հա­մա­հայ­կա­կան վե­ցե­րորդ խա­ղե­րը ան­նա­խա­դէպ պի­տի ըլ­լան ո՛չ միայն մաս­նա­կից­նե­րու քա­նա­կով, այլ նաեւ՝ քա­ղաք­նե­րու աշ­խար­հագ­րու­թեամբ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

«Եւ­րո­տե­սիլ 2015»ի մրցոյ­թի ըն­թաց­քին Հա­յաս­տա­նը պի­տի ներ­կա­յաց­նէ «Genealogy» խում­բը, ո­րու ան­դամ­նե­րը ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ սար­քե­ցին մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Եւ­րո­տե­սի­լի Հա­յաս­տա­նի պա­տուի­րա­կու­թեան ղե­կա­վար Գո­հար Գաս­պա­րեան մրցոյ­թին ըն­դա­ռաջ կազ­մա­կեր­պուած ե­րէ­կուան մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին յայտ­նեց, թէ հինգ ցա­մա­քա­մա­սե­րէ ե­կած ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէ բաղ­կա­ցեալ այս խում­բը կը հա­մա­րուի ինք­նու­րոյն։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Ֆրան­սա­յի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան բան­բե­րը ե­րէկ յայ­տա­րա­րեց, որ Փա­րիզ կը շա­րու­նա­կէ հա­ւա­տա­րիմ մնալ իր յանձ­նա­ռու­թեան՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան հա­մար բա­նակ­ցուած ու տե­ւա­կան լուծ­ման մը գտնուե­լուն ուղ­ղու­թեամբ, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, բան­բե­րը ե­րէկ պա­տաս­խա­նեց ֆրան­սա­ցի լրագ­րո­ղի մը հարց­ման՝ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի շա­բա­թա­վեր­ջին Պա­քու կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան շուրջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

«Հիւր­րի­յէթ» օ­րա­թեր­թի աշ­խա­տա­կից­նե­րէն Ճան­սու Չամ­լը­պէլ, որ վեր­ջին օ­րե­րուն այ­ցե­լեց Ե­րե­ւան, ե­րէկ նոյն թեր­թին մէջ շա­հե­կան հար­ցազ­րոյց մը հրա­պա­րա­կեց Հա­յաս­տա­նի Ա­մե­րի­կեան հա­մալ­սա­րա­նի դա­սա­խօս­նե­րէն պատ­մա­բան Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեա­նի հետ, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հե­տա­զօ­տու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ մօտ։ Վահ­րամ Տէր-Մատ­թէո­սեան ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ ա­ռա­ւել չա­փով Թուր­քիոյ մէջ իս­լա­մա­կա­նու­թեան եւ քե­մա­լա­կա­նու­թեան վրայ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Պել­ժիոյ Փոխ-վար­չա­պետ ու Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Տի­տիէ Ռէյն­տէրս ե­րէկ Ե­րե­ւա­նի մէջ ու­նե­ցած շփում­նե­րուն շրջագ­ծով հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեա­նի կող­մէ։ Ռէյն­տէրս ներ­կա­յիս միեւ­նոյն ժա­մա­նակ Եւ­րո­խոր­հուր­դի Նա­խա­րար­նե­րու կո­մի­տէի նա­խա­գահն է։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 28, 2015

Հանրապետութեան նախագահը կը շարունակէ քննդատել Ռուսաստանի եւ Ֆրանսայի ղեկավարները՝ հայկական հարցին բերումով:
Էրտողան. «Մենք խնդիր մը չունինք Հայաստանի ժողովուրդին հետ, հարցը հայկական իշխանութիւններն են, հայոց սփիւռքն է»:

Էջեր