Արխիւ

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ըն­դու­նեց Ֆրան­սա­խօ­սու­թեան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թեան պա­տուի­րա­կու­թիւ­նը՝ գլխա­ւոր քար­տու­ղա­րի յա­տուկ խորհր­դա­կան, Ե­րե­ւա­նի մէջ կա­յա­նա­լիք ֆրան­սա­խօ­սու­թեան ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հա­մա­ժո­ղո­վի կա­յաց­ման նա­խա­պատ­րաս­տա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ դես­պան Ժաք Պի­լո­տո­յի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

«Թէքէեան» կեդրոնին մէջ լուսարձակի տակ առնուեցան ժամանակակից մամլոյ հարցերը:
Սփիւռքահայ տեղեկատուական դաշտին շուրջ արտայայտուեցան հեղինակաւոր մասնագէտներ:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Դառն կսկի­ծով վե­րա­հա­սու դար­ձանք, թէ ե­րէկ ի­րի­կուն Փա­րի­զի մէջ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է Ար­փիկ Մի­սա­քեան։ Հայ Սփիւռ­քի խորհր­դան­շա­կան կեր­պար­նե­րէն մէկն էր Ար­փիկ Մի­սա­քեան, որ տաս­նա­մեակ­ներ շա­րու­նակ ան­խոնջ աշ­խա­տա­ւոր մը որ­պէս հրա­տա­րա­կած էր իր հօր՝ Շա­ւարշ Մի­սա­քեա­նի կող­մէ ի­րեն ժա­ռան­գուած «Յա­ռաջ» օ­րա­թեր­թը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

​Ահմէտ Սեւէրի վերջին օրերու ընթացքին կատարած յայտարարութիւններուն եկաւ աւելնալ նաեւ Հայաստանի նիւթը:
Նախկին նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի դէպի Երեւան այցելութիւնը կացայած է հակառակ Էրտողանի եւ այլ մարմիններու դիրքորոշումին:

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Պին­կէօ­լի Քար­լըօ­վա գա­ւա­ռէն 3 քմ. հե­ռա­ւո­րու­թեամբ գտնուող Թոփ­լու­լար գիւ­ղի պատ­մա­կան հայ­կա­կան ե­կե­ղե­ցին ա­ւե­րուե­ցաւ՝ գանձ ո­րո­նող­նե­րու գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն հե­տե­ւան­քով։ 1440 բնակ­չու­թիւն ու­նե­ցող գիւ­ղը ան­ցեա­լին ե­ղած է հայ­կա­կան բնա­կա­վայր մը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու ու­րա­խու­թիւ­նը ու­նե­ցանք նախ­կին իս­թան­պու­լա­հայ ար­ժէ­քա­ւոր ա­տամ­նա­բոյժ Սար­գիս Ա­տա­մը։ Ան Թուր­քիա կ՚այ­ցե­լէր Վա­նի մէջ մաս­նակ­ցե­լու հա­մար բժշկա­գի­տա­կան հա­մա­ժո­ղո­վի մը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Երկարատեւ աշխատութենէ յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ Treasures of Faith (Հաւատքի գանձեր) գիրքը՝ շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։ Գիրքը պատրաստուած է Մինէսոթայի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի համալսարանէն Փրոֆ. Տքթ. Մառլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

​Գատըգիւղի Ա­րա­մեան-Ունճեան վարժարանը հրաժեշտ տուաւ այս տարուան շրջանաւարտներուն:

Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Արամեան սա­նուց միու­թեան սրա­հին մէջ, ուր ներկայ էին Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան ու իր գործակից ընկերներէն Կարէն Թալաս, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սարվէն Սէրթշիմշէք, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու,  ուսուցչաց կազմը, եկեղեցւոյ Տիկնանց կազմի ատենապետուհի Վերժին Պիւքիւճեան, սանուց միութեան վարչայինները, ծնողներ եւ հիւրեր։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Ե­րէկ ի­րիուն խան­դա­վառ մթնո­լորտ մը կը տի­րէր Գա­րա­կէօ­զեան Տան շրջա­փա­կէն ներս. տղա­քը ի­րենց վեր­ջին հրա­ժեշ­տը կու տա­յին դա­րա­ւոր կրթօ­ճա­խին՝ այլ վար­ժա­րան­նե­րէ ներս շա­րու­նա­կե­լու հա­մար ի­րենց ու­սու­մը։

Շաբաթ, Յունիս 20, 2015

Կը տե­ղե­կա­նանք, որ այս օ­րե­րուն քա­ղաքս կ՚այ­ցե­լէ Հա­յաս­տա­նէն Գու­գա­րաց Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Սե­պուհ Արք. Չուլ­ճեան։ Ան մաս­նա­ւոր այ­ցե­լու­թիւ­նով մը ե­կած է քա­ղաքս եւ այս շրջագ­ծով ե­րէկ այ­ցե­լեց խմբագ­րա­տունս։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Ե­րե­ւա­նի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նը ներ­կա­յա­ցու­ցած է մայ­րա­քա­ղա­քի 2015 թուա­կա­նի զբօ­սաշր­ջա­յին քար­տէ­սը:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Յու­նա­հա­յոց Թե­մի Ա­ռաջ­նոր­դա­կան Տե­ղա­պահ Տ. Խո­րէն Ա­բե­ղայ Ա­ռա­քե­լեան, ըն­կեր­կա­ցու­թեամբ Թե­մա­կան խոր­հուր­դի փոխ-ա­տե­նա­պետ Մե­րու­ժան Հար­թե­նեա­նի եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Յու­նաս­տա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Ա­բա­սեա­նի, հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Յու­նաս­տա­նի հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ Տ.Տ. Հե­րո­նի­մոս Բ.-ի հետ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Ե­րե­ւա­նի մօտ Ճա­բո­նի դես­պան Էյ­ծի Թա­կու­չի այ­ցե­լեց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին, ուր ըն­դու­նուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին կող­մէ։ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը նշա­նակ­ման առ­թիւ շնոր­հա­ւո­րեց Էյ­ծի Թա­կու­չին եւ յոյս յայտ­նեց, որ նոր դես­պա­նի գոր­ծու­նէու­թեան շնոր­հիւ հայ-ճա­բո­նա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա՛լ ա­ւե­լի կը ջեր­մա­նան, եր­կու բա­րե­կամ ժո­ղո­վուրդ­նե­րու հա­մար կը բա­ցուին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան նո­րա­նոր հե­ռան­կար­ներ։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Մեր­ձա­ւոր Ա­րե­ւել­քի քրիս­տո­նեա­նե­րու տա­ռա­պանք­նե­րը լու­սար­ձա­կի տակ պա­հե­լու կոչ մը հնչեց Վա­տի­կա­նէն, Ա­րե­ւե­լեան ե­կե­ղե­ցի­նե­րու օգ­նու­թեան հաս­նե­լուն նպա­տա­կով կազ­մա­կեր­պուած ըն­դու­նե­լու­թեան ըն­թաց­քին։ Հռո­մի Ֆրան­սիս­քոս Ա. Սրբա­զան Պա­պը յայ­տա­րա­րեց, թէ ո­մանց հա­մար հա­զա­րա­ւոր մար­դոց կեան­քե­րէն ա­ւե­լի կա­րե­ւոր դար­ձած է զէնքն ու ու­ժա­նիւ­թը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Յայտ­նի գոր­ծա­րար ու բա­րե­րար նո­րոգ հան­գու­ցեալ Գըրգ Գրգո­րեա­նի յու­ղար­կա­ւո­րու­թիւ­նը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Լոս Ան­ճե­լը­սի մէջ, ըն­տա­նի­քին եւ մօտ հա­րա­զատ­նե­րու նեղ մի­ջա­վայ­րին մէջ, ըստ իր կտա­կին։ Այս մա­սին «Ար­մէնփ­րէս»ին տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ «Գա­լի­ֆոր­նիա Քու­րիըր» թեր­թի խմբա­գիր Յա­րութ Սա­սու­նեան։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պել­ժիոյ խորհր­դա­րա­նը ե­րէկ սկսաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւի քննար­կում­նե­րուն։ Վար­չա­պետ Շարլ Մի­շէլ ընդգ­ծեց, որ 1915-17 թուա­կան­նե­րուն տե­ղի ու­նե­ցած ող­բեր­գա­կան ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը պէտք է ճանչ­ցուին որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թիւն։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

​​ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Յաւերժութեան տեսլականով յիրաւի փառաշուք տաճար մը։
Կոմիտասի թանգարանը կամ ապագայասլաց մտայնութեան յուշակոթողը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասը համալրուեցաւ երիտասարդ եւ արժէքաւոր անդամով մը:
Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ երէկուան արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան:

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Է­սաեան վար­ժա­րա­նի սան Ա­լէն Նշան, որ «Mind Lab»ի խա­ղե­րուն մէջ լուրջ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­լով ի­րա­ւունք ստա­ցած էր մի­ջազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րու մէջ ներ­կա­յաց­նե­լու Թուր­քիան, նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցած մրցում­նե­րու ար­դիւն­քին նուա­ճեց աշ­խար­հի եր­րոր­դու­թիւ­նը։

Ուրբաթ, Յունիս 19, 2015

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ մեկ­նած էր Հա­յաս­տան, ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ Ու­ղե­ւո­րու­թեան օ­րե­րուն ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ներ­կա­յա­ցած է նաեւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին։ 

Էջեր