Արխիւ

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Վեհ. Հայրապետը մասնակցեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի պատգամաւորական ժողովին։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախագահեց Ուաշինկթընի Անարատ Յղութեան մայր տաճարին մէջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նե­րե­լը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, ազ­նուու­թիւն է, ըն­տիր մար­դու գործ է։ Բայց նե­րե­լու, նե­րո­ղա­միտ ըլ­լա­լու ի­մաս­տը ի՞նչ է։ Ար­դա­րեւ նե­րե­լը, իր լայն ի­մաս­տով, կը նշա­նա­կէ՝ ժա­մա­նա­կա­ւոր պա­տի­ժի մը կամ հատու­ցու­մի մը թո­ղու­թիւն տալ՝ ո­րոնց պատ­ճառ ե­ղած յան­ցան­քը ջնջուած է։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քը թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ման­կա­պար­տէ­զին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պեց ման­կանց գար­նա­նա­յին խրախ­ճանք մը, որ ստեղ­ծեց մեծ ո­գե­ւո­րու­թիւն։ Դպրո­ցի ման­կա­պար­տէ­զի սա­նե­րուն ա­ռըն­թեր այս ձեռ­նար­կին հրա­ւի­րուած էին թա­ղե­ցի մա­նուկ­ներ, ո­րոնք կը պատ­րաս­տուին յա­ջորդ կրթա­կան շրջա­նին ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խել եւ ի­րենց տե­սա­կէ­տէ ե­զա­կի փոր­ձա­ռու­թիւն մըն էր Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի մթնո­լոր­տը շնչե­լը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ընդ­հա­նուր սպա­յա­կոյ­տի նա­խա­գահ զօ­րա­վար Նէճ­տէտ Էօ­զէլ շա­բա­թա­վեր­ջին ար­ձա­կուր­դի մեկ­նե­ցաւ՝ են­թար­կուած ըլ­լա­լով վի­րա­հա­տու­թեան։ «Ա­նա­տո­լու» գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ան տասն­հինգ օրուան հա­մար մեկ­նած է ար­ձա­կուր­դի։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Հան­րա­պե­տու­թեան 7-րդ նա­խա­գահ Քէ­նան Էվ­րէն շա­բա­թա­վեր­ջին կնքեց իր մահ­կա­նա­ցուն՝ 98 տա­րե­կան հա­սա­կին։ Ե­րեք տա­րիէ ի վեր Ան­գա­րա­յի մէջ, «Կիւլ­հա­նէ» զի­նուո­րա­կան բժշկա­կան ա­կա­դե­միոյ մօտ դար­ման­ման տակ էր Քէ­նան Էվ­րէն, ո­րու ա­ռող­ջա­կան վի­ճա­կը շա­բա­թա­վեր­ջին վատ­թա­րա­ցաւ անշր­ջա­դար­ձե­լիօ­րէն եւ ան հրա­ժեշտ ա­ռաւ կեան­քէն:

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ե­րէկ, Սա­մա­թիոյ մէջ սկսաւ միջ­միու­թե­նա­կան 26-րդ «Ռու­բէն Սէ­մէր­ճեան» պաս­քէթ­պո­լի մրցա­շար­քը։ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ ա­ռա­ջին հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Տա­տեան սա­նուց միու­թեան եւ Պո­մոն­թիի Մխի­թա­րեան սա­նուց միու­թեան խում­բե­րուն մի­ջեւ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

21-22 Մա­յիս թուա­կան­նե­րուն Ռի­կա­յի մէջ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան գա­գա­թա­ժո­ղո­վը։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ԵՄ-ի աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վին շրջագ­ծով Հա­յաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն մի­ջեւ բա­նակ­ցու­թիւն­ներ տե­ղի պի­տի ու­նե­նան Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման շուրջ։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Պա­րըն ըն­տա­նի­քը ե­րէկ ապ­րե­ցաւ եր­ջա­նիկ ու յատ­կան­շա­կան օր մը։ Այս­պէս, Գու­րու­չէշ­մէի Ե­րեւ­ման Ս. Խաչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ մեր հա­մայն­քի հա­մակ­րե­լի ե­րի­տա­սարդ ա­մոլ­նե­րէն Ար­մաշ-Ա­նա­հի­տա Պա­րըն­նե­րու դստեր՝ փոք­րիկն Ա­րիա­նա Պա­րը­նի Ս. Մկրտու­թեան խորհր­դա­կա­տա­րու­թիւ­նը։

Երկուշաբթի, Մայիս 11, 2015

Ազ­գա­յին մեծ ժո­ղո­վին մօտ եր­կու տե­ղե­կագ­րեր պատ­րաս­տուե­ցան հայ­կա­կան հար­ցին շուրջ։ «Միլ­լի­յէթ» օ­րա­թեր­թի ե­րէ­կուան հա­ղոր­դում­նե­րով, խորհր­դա­րա­նի հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու բա­ժան­մուն­քին կող­մէ պատ­րաս­տուած են այս տե­ղե­կագ­րե­րը, ո­րոնց­մէ մին կը վե­րա­բե­րի հա­յոց Սփիւռ­քին, իսկ միւ­սը՝ հայ­կա­կան հար­ցի կա­պակ­ցու­թեամբ կող­մե­րու պնդում­նե­րուն եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րուն։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին, պատճառ դառնալով զոհերու։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արցախի պաշտպանութեան բանակի հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան հերթապահութիւնը կատարելու ժամանակ, երէկ, ժամը 15.10-ին, մահացաւ հայկական կողմէն Յարութիւն Ղամբարեան (1995)։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը վեր­ջերս յա­ջո­ղու­թիւն­ներ ար­ձա­նագ­րե­ցին միջ­վար­ժա­րա­նա­յին մրցոյթ­նե­րու մէջ։ 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

​Ուաշինկթընի աշխատանքային շփումները աւարտելէ վերջ, նոյնպէս աշխատանքային այցելութեամբ Մոսկուա մեկնած Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ մասնակցեցաւ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան գագաթաժողովին։ Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ կազմակերպուած Եւրոասիոյ գերագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստին ընթացքին ան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին անհրաժեշտ համարեց Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան հետ համագործակցութեան աշխարհագրութեան ընդլայնումը։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Ո­ւա­շինկ­թը­նի Ազ­գա­յին մայր տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած ար­դա­րու­թեան եւ խա­ղա­ղու­թեան միջկ­րօ­նա­կան ա­ղօթ­քը եզ­րա­փա­կուե­ցաւ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սին պատ­գա­մով։ Իր խօս­քին մէջ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը նշեց, թէ Հա­յոց ե­ղեռ­նի ոճ­րի ահ­ռե­լիու­թեան եւ ա­հա­ւո­րու­թեան դի­մաց նսե­մա­ցան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին հայ ժո­ղո­վուր­դին բա­ժին վի­ճա­կած տա­ռա­պան­քի եւ կո­րուստ­նե­րու միւս դրուագ­նե­րը։ 

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ դէպի Ուաշինկթըն կատարուած այցելութեան արձագանգները կը շարունակուին: Սերժ Սարգսեանի հարցազրոյցը «The Washington Post» հեղինակաւոր ամերիկեան թերթին. «ԱՄՆ պէտք է արժէքները վեր դասէ շահերէն»:

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բա­նաս­տեղծ­ներ, ընդ­հան­րա­պէս կ՚եր­գեն ու կ՚ը­սեն, թէ աշ­խարհ ստեղ­ծուած է գար­նա­նա­յին կամ գար­նա­նան­ման ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը ըն­թաց­քին։ Բա­նաս­տեղծ­նե­րու զգա­ցում­նե­րը զօ­րա­ւո՛ր են, ճշմար­տա­մերձ են, մտքին հա­մըն­թաց են ա­նոնց զգա­ցում­նե­րը, քա­նի որ կեան­քը ամ­բողջ կը զգան, կ՚ապ­րին եւ կ՚եր­գեն։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

ԹԼԿԱ­ՏԻՆ­ՑԻ

Մա՛յր բո­լոր ա­սոնք ու աս պատ­մած­նե­րուդ ա­մե­նա­յե­տին ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներն ալ միտքս են տա­կա­ւին, ո­րոնք տու­նին պզտիկ­ներն ալ չեն մոռ­ցեր ու ա­նոնք մէկ-մէկ սոր­վե­ցու­ցած ա­ղօթ­քիդ պէս կը յի­շեն, բայց՝ քա­նի որ կ՚ը­սեմ, միայն գի­շեր մը ճամ­բոր­դե­լով, այն­քան մը տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը բե­րէիր գե­ղէն, որ այն­քան հե­ռու կը մնար մեզ­մէ, հի­մա ալ պահ մը վեր ա՛ռ գլուխդ ու ը­սէ՛ ին­ծի, ի՞նչ կայ ան­դին։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Կ. Գ.

2015 տա­րի­ներ ա­ռաջ քա­րայ­րի մը մէջ ապ­րող ա­նա­սուն­նե­րուն մի­ջեւ փոք­րիկ մը ծնաւ։ Մայր մը ան­հուն գուր­գու­րան­քով ծռե­ցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղ­կե­ցաւ ա­նոր շրթնե­րուն վրայ ու իր ու­րախ դէմ­քը լու­սա­ւո­րուե­ցաւ մայ­րա­կան յաղ­թա­նա­կի ճա­ռա­գայթ­նե­րով։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Մա­յիս է։ Տար­ւոյն ա­մե­նա­գե­ղե­ցիկ ա­մի­սը։ Բնու­թեան ա­մե­նա­կեն­սու­նակ ե­ղա­նա­կը։ Ա­միս մը նուի­րուած մայ­րե­րուն։ Բո­լոր մայ­րե­րուն։

Շաբաթ, Մայիս 9, 2015

Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ Պահպանողական կուսակցութիւնը։ Ընտրողներու շուրջ 65 տոկոսը մասնակցեցաւ քուէարկութեան, որու արդիւնքին Վարչապետ Տէյվիտ Քեմրընի կողմէ գլխաւորուած Պահպանողական կուսակցութիւնը ապահովեց՝ առանձինն իշխանութեան գլուխ գալու համար բաւարար երեսփոխանական աթոռները։

Ուրբաթ, Մայիս 8, 2015

Ե­րե­ւա­նի «Վազ­գէն Սարգ­սեան» հան­րա­պե­տա­կան մար­զա­դաշ­տին վրայ նա­խըն­թաց օր տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի բա­ժա­կի ա­ւար­տա­կան մրցու­մը։

Էջեր