Արխիւ
Գատըգիւղի «Սիւրէյյա» օփերային մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս նուագուեցաւ յայտնի գրող Եահեա Քեմալ Պէյաթլըի ձօնուած օրաթորիոն, որու հեղինակն է Այտըն Քարլըպէլ։
Դաշնակի ուսուցչուհի Մարիեթթա Խաչատրեանի սաները մասնակցութիւն բերին Բերայի 10-րդ միջազգային դաշնակի փառատօնին, որ այս օրերուն կ՚արժանանայ երաժշտասէր հասարակութեան հետաքրքրութեան։ Երէկ, Պէյօղլուի մէջ, Բերայի գեղարուեստից վարժարանի սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Մարիեթթա Խաչատրեանի սաներուն նուագահանդէսը։ Այսպէս, փառատօնին մասնակցութիւն բերին Մարտիկ Շանթ Էսմէր (Կեդրոնական), Արի Պարսամեան (Մխիթարեան), Լիլիան Աւիթօղլու (Գարակէօզեան), Միքայէլ Քամի Սիրոբ (Մխիթարեան) եւ Քրիստինա Նաիրա Սիրոբ (Սէն Փիւլշերի)։
Գալֆաեան Տան Է. դասարանի սաները նախընթաց օր այցելեցին Սկիւտարի Ս. Խաչ թաղամասի գերեզմանատունը։ Իրենց ուղեկցեցան ուսուցչուհիներ՝ Արուսեակ Մկրտիչեան, Սիրան Էօզնիկոլեան եւ Սեմանուր Սարըօղլու։
Ճիպրալթարի եւրոպական հատուածի արքեպիսկոպոս Ռապըրթ Իննէս երէկ այցելեց Պատրիարքարան, ընկերակցութեամբ իր վիճակի դիւանապետ Հայր Մեուրիկ Ուիլիըմսի։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բարձրաստիճան հոգեւորականը, իր կողքին ունենալով Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանը, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանը, Տ. Մաղաքիա Աբեղայ Պեսքիսիզեանը եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդոց միջեւ հաւասարութիւնը կը յենու էապէս անոնց անձնական արժանապատուութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անկէ բխող իրաւունքներուն վրայ։ Ամէն տեսակ խտրականութիւն, որ կը հայի անձին հիմնական իրաւունքներուն, կամ ցեղի, սեռի, մորթի գոյնին, ընկերային կացութեան կամ դիրքի, լեզուի եւ կամ կրօնի վրայ, պէ՛տք է զանցուի իբրեւ ներհակ Աստուծոյ ստեղծագործութեան ընդհանուր ծրագրին։
Այս շաբաթավերջին պիտի սկսի միջմիութենական պասքեթպոլի մրցաշարքը, որ ամէն տարի գարնան շրջանին կ՚արժանանայ համայնքի մարզասէր շրջանակներու ուշադրութեան։ Ի յիշատակ Ռուբէն Սէմէրճեանի՝ այս տարի 26-րդ անգամ կը կազմակերպուի այս մրցաշարքը, որու հանդիպումները տեղի պիտի ունենան Սամաթիոյ մէջ։
Այս առաւօտ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջվարժարանային ճատրակի մրցաշարքին բացումը։ Մէրամէթճեան վարժարանի տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած աւանդական մրցաշարք մըն է այս մէկը, որ այս տարի տեղի կ՚ունենայ 11-րդ անգամ։
Իսթանպուլի երկրորդ շրջանի ընտրատարածքէն ներս համայնքին տեսակէտէ համակրելի անուն մը:
ՃՀՓ-ի կողմէ երեսփոխանի թեկնածու առաջադրուած Մուսթաֆա Սարըկիւլ ընտրողներու հետ անմիջական շփման մէջ:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ արձանագրուած զարգացումները նոր հորիզոններ կ՚ուրուագծեն Հայաստանի տնտեսութեան եւ ընդհանրապէս կեանքին առջեւ:
Բնական գեղատեսիլ վայրերուն առընթեր, պատմամշակութային յուշարձանները կը պայմանաւորեն երկրին վիթխարի ներուժը :
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքի գեղեցկութիւնները մարդկային մտքի եւ կարողութիւններու «բարձր»երն են։ Անոնք չեն ուզեր երբեք մեծութիւն, բարձրութիւն եւ որեւէ զանազանութիւն տեսնել իրենց շուրջը պատող իրերու ու իրադարձութիւններու մէջ՝ վեր չեն նայիր, քանի որ անոնք վե՛րն են…։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս այցելեց Գանատա, ուր մասնակցեցաւ 2015-ի շրջագծով նախատեսուած շարք մը ոգեկոչման արարողութիւններու, նաեւ շփումներ ունեցաւ տեղւոյն հայ համայնքի շրջանակներուն հետ։ 2015-ի ոգեկոչումներու տեղական յանձնախումբին հրաւէրով տեղի ունեցաւ այս այցելութիւնը, որու ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան հիւրընկալուեցաւ նաեւ Մոնրէալի քաղաքապետ Տենի Կոտէրի կողմէ։
Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճոն Պեսս յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ առկայ խնդիրը կեդրոնացած է միակ օրուան մը վրայ, սակայն կարեւորը անոր լուծուիլն է։ Երէկ, Դիւանագիտական թղթակիցներու միութեան անդամ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին ամերիկացի դեսպանը կարծիքներ արտայայտած է Թուրքիոյ օրակարգի զանազան նիւթերուն շուրջ։
Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորներուն զարմանք կը պատճառեն այն երկիրները, որոնք չեն ճանչնար Արցախի ընտրութիւնները:
Եդուարդ Նալպանտեան. «Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը ապացուցանեց իր ճակատագիրը տնօրինելու վճռականութիւնը»:
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր հայրապետական այցելութեամբ մեկնեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքը՝ Ուաշինկթըն, ուր պիտի մասնակցի 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը պիտի փոխանցէ նաեւ օրհնութիւնը՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի տարեկան Թեմական-պատգամաւորական ժողովին ժամանակ։
Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանին կողմէ խումբ մը շաբաթավերջին այցելեց Պուքրէշ։ Վարժարանի տնօրէն Գարեգին Պարսամեանի կողմէ առաջնորդուած խումբը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Պուքրէշի Ս. Հրեշտակապետ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի մէջ երէկ տեղի ունեցան խորհրդարանական ընտրութիւններ։ Արցախի ժողովուրդը վեցերորդ անգամ փութաց քուէատուփի մօտ՝ ընտրելու համար երկրի խորհրդարանին կազմը։
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Գերմանիա։ Ան շփումներ ունեցաւ Տիւսելտորֆ եւ Տորտմունտ քաղաքներուն մէջ, ուր մէկտեղուեցաւ թրքական հաւաքականութեան եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
«Հայ մշակոյթը ի՞նչ ապագայ ունի Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Սփիւռքի մէջ»:
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան շաբաթավերջին ասուլիսի մը մասնակցեցաւ Ժընեւի 29-րդ գրքի եւ մամլոյ միջազգային տօնավաճառին շրջագծով բացուած Հայաստանի տաղաւարին մօտ:
Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդը՝ գլխաւորութեամբ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց քարոզիչ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ թաղի քահանայից դասէն Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի այցելեց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կողմէ։
Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտները երէկ հերթական անգամ համախմբուելով վերյիշեցին իրենց դպրոցական տարիները։ Երէկ առաւօտ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագէն վերջ, Գումգաբուի «Պէզճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս տարուան շրջանաւարտից հաւաքը։ Ճաշասեղաններու շուրջ համախմբուած զանազան սերունդներէ պէզճեանցիներ ապրեցան անմիջական մթնոլորտի մը մէջ զիրար վերագտնելու ուրախութիւնը։