Արխիւ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնաւ խորհելու առիթ ունեցա՞ծ էք սիրելինե՜ր. աչքով տեսած որեւէ «իր», չի մնար որպէս պատկեր, այլ մեր մտքին մէջ կը փոխակերպուի «խորհո՛ւրդ»ի մը՝ որ ոչ մէկ նմանութիւն կ՚ունենայ աչքին տեսածին հետ։
Գարակէօզեան Տան երդիքին տակ նախընթաց օր հիւրընկալուեցաւ ճարտարապետ Զաքարիա Միլտանօղլու, որ անդրադարձաւ երբեմնի հայաբնակ գաւառներու այժմու մշակութային հետքերուն։
Կարէն Ջանիբէկեան յուղարկաւորուեցաւ հոծ բազմութեան մը մասնակցութեամբ:
Հոգեհանգստեան կարգին նախագահեց Տ. Յովնան Եպիսկոպոս Յակոբեան:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի կառավարութիւններուն միջեւ թեքնիկ աջակցութեան վերաբերեալ համաձայնագրի մը նախագիծը պատրաստուած է՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի շրջանակներէն ներս։
«Թերաքքի» հիմնարկի վարժարաններուն նախաձեռնութեամբ, անցեալ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ճատրակի միջվարժարանային մրցաշարք մը։ 24-րդ անգամ կազմակերպուած այս աւանդական մրցաշարքին մասնակցութիւն բերաւ նաեւ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն խումբ մը։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Եւրոպայի մասնաճիւղին համար պաշտօնի կոչուեցաւ նոր վարչութիւն մը։ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեանի կողմէ նշանակուած վարչութիւնը պաշտօնի կոչուած է Մարտի 1-ի դրութեամբ։
Տաղանդաշատ արուեստագէտ Մերի Մուն (Հայաստան) այս օրերուն կը մասնակցի «Մամութ արթ փրոճեքթ 2015» հեղինակաւոր ցուցահանդէսին, որ կը կայանայ «Աքքէօք հոլտինկ»ի հովանաւորութեամբ։
Ազգային մեծ ժողովի նախագահ Ճեմիլ Չիչէք այս օրերուն կ՚այցելէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ։ Ուաշինկթընի մէջ ան ելոյթ մը ունեցաւ Միջազգային ռազմավարական հետազօտութիւններու կեդրոնի (CSIS) երդիքին տակ։
Հայաստանի Ազգային ժողովը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ 1915-1923 թուականներուն Օսմանեան պետութեան սահմաններէն ներս ապրուած ասորիներու եւ Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութիւնը։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ լարուած մթնոլորտը կը մնայ առկայ։ Այս մթնոլորտին մէջ, վաստակաւոր զօրավար Արքատի Տէր-Թադէոսեան մեկնաբանութիւններով հանդէս եկաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի եւ Լեռնային Ղարաբաղ-Ատրպէյճան շփման գծի վրայ առկայ լարուածութեան դրդապատճառներուն շուրջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այս օրերուն կ՚այցելէ Աւստրալիա։ Քանպերայի մէջ ան շփումներ ունեցաւ տեղւոյն ղեկավարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան նախընթաց օր տեսակցեցաւ Երեւանի մօտ Թիւրքմենիստանի նորանշանակ դեսպան Մուհամետնիազ Մաշալովի հետ, որ յանձնեց իր հաւատարմագրերուն կրկնօրինակները։
Մինչ կ՚ընթանայ Սթրազպուրկի դատավարութիւնը, «Հիւրրիյէթ»ի մէջ ուշագրաւ հարցազրոյց մը:
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք. «Եթէ հարցը թուրք-հայ կռիւի վերածէինք, ապա չէինք կրնար դատը շահիլ։ Ազգայնականները չէին կրնար արձանագրել այս յաջողութիւնը»:
Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները յարատեւ վերելք կ՚արձանագրեն վերջին երկու տասնամեակներուն:
Երեւանի եւ Փեքինի քաղաքական իրերանման մօտեցումները կը խրախուսեն նաեւ առեւտրատնտեսական գործընկերութիւնը:
Հայաստանի ճատրակի հաւաքականի անդամներէն Հրանդ Մելքումեան անցեալ շաբաթավերջին այցելեց Իսթանպուլ։ Եռօրեայ կեցութեան ընթացքին ան հիւրն էր Իսթանպուլի Ճատրակի միութեան նախագահ Առնօ Կարապետեանի։
Բանկալթիի երբեմնի Անարատ Յղութիւն վարժարանը վերանորոգուելէ վերջ դարձած է ժամանակակից կեդրոն մը:
Համալիրը կ՚ընդգրկէ «Ակօս» շաբաթաթերթի խմբագրատունը, նաեւ գրադարան, հաւաքներու դահլիճ եւ ցուցադրասրահ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Որեւէ արժէք մը ի՞նչով կարելի է չափել՝ իր քանակութեամբը թէ՝ որակովը։ Ի՞նչ կը խորհիք այս մասին սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Որեւէ գոյութիւն, եւ կամ որեւէ իրողութիւն յարգ ստանալու համար ո՞ր մէկը կարեւոր է. անոր քանա՞կը թէ՝ որակը։
«Մետիամաքս»ի եւ «ՎիվաՍել»ի համատեղ նախաձեռնութիւնը տարելիցի առթիւ։
Ծրագիրը ներկայացուեցաւ Վիգէն Սարգսեանի, Ռալֆ Եիրիկեանի եւ Արա Թադէոսեանի կողմէ։
Ծերերու շաբթուան առթիւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց այցելեցին ԱԳ կուսակցութեան Պաքըրգիւղի շրջանային վարչութեան նախագահ Այսուն Չելիքլէր, փոխ-նախագահներ Մեհմէտ Զէքի Կիւնտողտու, Եշիմ Մերթէր, վարչութեան անդամներ Արամ Տէմիր, Միւնիր Էրէն, հաշմանդամներու բաժնի վարիչ Շեպնէմ Պարըշ։
Իսթանպուլահայութեան համար հարազատ անուն մըն է Յովսէփ Թոքատ, որքան որ ալ բնակութիւն հաստատած ըլլայ Լոս Անճելըսի մէջ՝ տասնամեակներէ ի վեր։