Արխիւ
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Ասուպ մըն է կը սահի, կ՚երթայ. պայծառ երկնքի աստղերուն մէջէն կը սուրայ արագ, շատ արագ. փայլուն ակնթարթի մը պէս անհետ կը կորչի, ետին ձգելով յուշ մը անմոռաց, այլ դրոշմ մը, տեղ մը դաջուած, որ կը յուշէ այդ ակնթարթին փայլատակումը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Սուտ»ը ճշմարտութեան փոխուած, այլասերած ձեւն է, իսկ «ստախօս»ը՝ ճշմարիտը ծածկող, խափանող, ճշմարտութեան յայտնութեանը արգելք հանդիսացող, խաբէական հնարքներով զայն տարբեր կերպով ցոյց տալու աշխատող անձն է։
Պոլսոյ Պատրիարքութեան Եկեղեցականաց համագումարը Գումգաբուի մէջ այսօր նախատեսուած նիստով պաշտօնի կը կոչէ տեղապահ մը, որ պիտի կրէ ծանր բեռ մը:
Մեր դարաւոր Աթոռի երեք սրբազաննարը կ՚ակնկալեն եկեղեցականաց դասուն հաւանութիւնը՝ համայնքը առաջնորդելու համար պատրիարքական ընտրութեան, ամրապնդելով ժողովուրդին վստահութիւնը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայ Եկեղեցական Իրաւունքի համաձայն «Կտակ» կը նշանակէ անձի մը իր սեփական հարստութեան վրայ, իր ազատ կամքով եւ մահէն ետք գործադրելի կարգադրութիւններ կատարել։ Ուստի ոեւէ առողջամիտ եւ չափահաս անձ, ո՛չ վանական դասակարգէ, իր սեփական ստացուածքը ուզածին պէս կտակելու ազատ է։
Ամերիկեան The New York Times պարբերականը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ լայն տարածում ունեցող արարողութիւններէն մէկուն՝ «Ակռահատիկ»ին: Ըստ «Արմէնփրէս» գործակալութեան, յօդուածագիրը կը նշէ, որ «Հայաստանի մէջ երախաները իրենց մասնագիտութեան մասին կը սկսին մտածելու շատ փոքր տարիքէն՝ տակաւին վեց ամսու եղած ատեն»:
Լեհաստանի Քիելցէ քաղաքին մէջ պիտի բացուի հայկական ձեռագրերու ցուցահանդէս մը։ Ձեռագրերը եւ աւետարանները համաշխարհային նշանակութեան բացառիկ յուշարձան են՝ հայերու համար նոյնքան սրբութիւն, որքան ուղղափառներու համար սրբապատկերները:
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը խօսքի ծանր խանգարումներ ունեցող երախաներու Երեւանի թիւ 8 յատուկ դպրոցին մէջ հիմնած է կարուձեւի դասասենեակ անհրաժեշտ կահոյքով, կարի մեքենաներով, մասնագիտական գործիքներով ու նիւթերով: Ծրագրին նիւթապէս աջակցած է HSBC Հայաստան դրամատունը:
Արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Տարչինեանի 43-րդ յաղթանակը եղաւ տպաւորիչ:
Թուրքիա եւ Իրաք պատրաստակամ են զարգացնել երկկողմանի գործակցութիւնը:
Պինալի Եըլտըրըմ եւ Հայտար Էլ Իպատի կանգ առին ահաբեկչութեան դէմ պայքարի վրայ:
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները այսօր Քրեմլինի պալատէն ներս ժամադրուած են՝ քննարկելու համար ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:
Սերժ Սարգսեան. «Անվտանգութեան հարցերը կը շարունակեն խիստ արդիական մնալ Երեւանի համար, որ ջանքեր կը գործադրէ կանխելու համար լարուածութիւնները»:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր արուեստագէտներէն Էրօլ Սարաֆեան վերջին շրջանին Պատրիարքարանին նուիրաբերած է իր լուսահոգի մեծհօր սատափեայ գրչատուփը։ Երէկ հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Էրօլ Սարաֆեանը, որու հետ մեր ունեցած անմիջական զրոյցի ընթացքին պատահաբար տեղեկացանք այս պարագային։
Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս «Նատիա-Տիգրան Կիւլմէզկիլ» գեղարուեստի աշխատանոցի երդիքին տակ կը ստեղծուի արտասովոր խանդավառութիւն:
Առլին Շահպազ Շերեմեթի վերահսկողութեան ներքեւ ընկերամշակութային բազմակողմանի ծրագիր մը կը գործադրուի՝ հեղինակաւոր մասնագէտներու ներգրաւմամբ:
Գերմանահայոց Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այց մը տուաւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճանին։ Այս վերջինը իր գրասենեակին մէջ ջերմօրէն հիւրընկալեց Նորին Սրբազնութիւնը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացը թեւակոխած է անկիւնադարձային փուլ մը։ Այսօր կ՚ընտրուի Աթոռի տեղապահը, որ յառաջիկայ շրջանին մեր համայնքը պիտի առաջնորդէ պատրիարքական ընտրութեան։ Վերջին ինն տարիներու իրադարձութիւններուն լոյսին տակ սա շատ լուրջ ու նոյնքան պատասխանատու պահ մըն է։
Կրօնական ժողովի երէկուան նիստէն վերջ հրապարակուեցաւ զեկոյց մը, որով ազդարարուեցաւ Եկեղեցական համագումարը՝ տեղապահի ընտրութեան օրակարգով։
Գերմանիոյ Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ երեկոյեան մասնակցեցաւ VADİP-ի խորհրդակցութեան եւ իր տեսակէտները յանձնեց համայնքի աշխարհական վարիչներու նկատառման։
Խոր ցաւով կը գուժենք մահը ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բազմամեայ անդամներէն, թերթիս սիւնակագիր Վարուժան Սայաճեանի։ Իր կորուստը խոր ցաւ պատճառած է թերթիս ընտանիքին՝ քանի որ ան երկար տասնամեակներ անսակարկ նուիրումով ծառայած էր ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին եւ հայ մամուլին համար։
Այսու կը յայտնենք, թէ Պատրիարքական Աթոռոյ Պատկառելի Կրօնական Ժողովը, 13 Մարտ 2017, Երկուշաբթի, ժամը 15.00-ին, գումարած ՃԼԳրդ նիստի ընթացքին, որոշած է 15 Մարտ 2017, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, հաւաքել Եկեղեցական Ընդհանուր Համագումար, Տեղապահի Ընտրութեան օրակարգով։
Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընդառաջ «ԵԼՔ դաշինք»ի ներկայացուցիչը հարցազրոյց մը տուաւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին։
Ռոմանոս Պետրոսեան. «Մենք արտաքին քաղաքականութիւնը կարեւորելու հարց չունինք ընդհանրապէս, կը հաւատանք, որ այդ մէկը քաղաքական ինքնութեան հարց մըն է»։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդկային կեանքին մէջ ամէն կորուստ ցաւ ու վիշտ կը պատճառէ։ Կորուստը հիասթափութեան պատճառ կը դառնայ, որուն պատճառաւ ցաւով կը տառապի եւ կը տանջուի մարդ «կորսնցուցած» ըլլալուն համար։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ամերիկայի մէջ՝ եւ հաւանաբար ալ շարք մը եւրոպական երկիրներու մէջ, ընտանի անասունը կը հաշուուի որպէս ընտանիքին անբաժան մէկ անդամը։ Անոնք այնքան գուրգուրանք կը ցուցաբերեն իրենց ընտանի կենդանիներուն նկատմամբ, որ երբեմն իրենց ժառանգը կը թողուն անոնց։