Արխիւ

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գուցէ շատեր լսած չըլլան հայ պատմաբան ու վիճակագիր Ա-Դո-ի մասին (իսկական անունով Յովհաննէս Տէր-Մարտիրոսեան), որ հասարակական գործիչ ըլլալով հանդերձ իր ժամանակը տրամադրած է գրելու հայ ժողովուրդի տնտեսական, ընկերային եւ ազգագրական պայքարի իրավիճակներուն մասին:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Օրթագիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին մեծ խանդավառութիւն ապրեցաւ՝ թաղի Թարգմանչաց վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքին առթիւ։ Համանուն սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր շրջանաւարտներու աւանդական օրը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ հանդիսավարութեամբ Սարին Սարէրի եւ Շիրակ Աքքայայի։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Իսթանպուլի Ասիական ափի համայնքային հաստատութիւնները այս շրջանին զօրակցութեան շարժումի մը ձեռնարկած են՝ ի նպաստ Գալֆաեան տան։ Հոկտեմբերի 27-ին նախատեսուած է Գալֆաեան տան տարեկան սիրոյ սեղանը, որու ընդառաջ այս շարժումը պիտի ջանայ լայն աջակցութիւն ապահովել դպրոցին համար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Օրեր առաջ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Մնացական Սաֆարեան Ազգային ժողովէն ներս յայտարարեց, թէ արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան կողմէ կը դիտարկուի Հայաստանով անցնող ճանապարհներուն անվտանգութիւնը մասնաւոր կամ պահնորդական ծառայութիւն իրականացնող ընկերութիւններու վերահսկողութեան յանձնելու կարելիութիւնը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Ամերիկահայ յայտնի գործիչ Շողակ Յովհաննէսեանի նախաձեռնութեամբ մեծարանքի փառաշուք հաւաքոյթ:
Աննա Յակոբեան սփիւռքի շրջանակներուն կը ծանօթացնէ՝ իր գլխաւորած «Իմ քայլը» հիմնադրամի բազմաբնոյթ աշխատանքները:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութեան հերթական քայլը՝ ուղղեալ նահատակներու վերյիշման:
Երեւանի «Կոմիտաս» թանգարան-կաճառի յարակից պարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ բացման հանդիսաւոր արարողութիւն:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմը կ՚ընդլայնի՝ հետզհետէ աւելի խոր մտահոգութիւն պատճառելով համայն աշխարհին։ Կազզէի արիւնալի պատերազմի մթնոլորտին մէջ Իսրայէլ արդէն պատերազմը ամբողջ տարածաշրջան ընդլայնելու մտադրութեան ազդանշանները երկար ժամանակէ ի վեր կու տար։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 2, 2024

Երեւանի «Թէքէեան» կեդրոնի երդիքին տակ գեղարուեստական ճոխ յայտագրով յատկանշական ձեռնարկ մը:
Փրակի «Օրեր» ամսագրի տարեդարձը արժեւորուեցաւ՝ Յակոբ Ասատրեանի եւ Աննա Կարապետեանի նկատմամբ գնահատանքով:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Սիպիլ կը պատրաստուի այցելել Պրազիլ։ Ամսավերջին՝ հոկտեմբերի 28-ին, Սաու Փաուլոյի մէջ նախատեսուած է Սիպիլի համերգը՝ հռչակաւոր դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանի հետ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Նուրհան Տաւուլճեանը, որուն կ՚ընկերանային Սահակեան-Նունեան վարժարանի լիսէի եւ միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհիները՝ Տիանա Եըլանճըօղլու եւ Ալին Եիւճէլ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

«Մեր յոյսն ու հաւատը առկայ փորձութիւններու մէջ պիտի ջանանք զօրացնել, ամուր եւ վառ պահել, որպէսզի մեր կեանքէն ներս առատացնենք Աստուծոյ օրհնութիւնները։ Կը հաւատանք, թէ Տիրոջ պատգամներու իրագործումով մեր ժողովուրդը պիտի գտնէ իր վերելքի ուղիները՝ ամոքելով վէրքերը եւ ընթանալով դէպի խաղաղ ու ապահով հանգրուաններ»:
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ միւռոնաբաշխման արարողութիւն:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Մեր նախնեաց նուիրական ժառանգութիւնն ու սրբազան արժէքներու նկատմամբ աներեր հաւատարմութիւնը պիտի շարունակեն ըլլալ անսասան յենասիւները մեր աստուածահաճոյ, ազգանուէր միւռոնադրոշմ կեանքի՝ նախանձախնդրութեամբ փոխանցելով սերունդէ սերունդ»:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ երեկոյեան պատարագեց Սուրբ Էջմիածնի վերաօծեալ Մայր Տաճարին մէջ։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, շաբաթավերջի վերաօծումէն վերջ, մէկ շաբթուան տեւողութեան ամէն երեկոյ Ս. Պատարագ կը մատուցուի Մայր Տաճարի մէջ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Այս տարին յոբելենական է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կարգ մը կառոյցներու համար:
Լրացան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 150 եւ Էջմիածնի Մայր Տաճարի թանգարանի 155-ամեակները: Մինչ այդ՝ «Էջմիածին» հանդէսն ալ այս տարի բոլորած է իր 80-ամեակը, ինչպէս նաեւ այս տարի գահակալութեան 25-ամեակն է Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակացի հետեւեալ համարները. «Չար աչք ունեցողին հացը մի՛ ուտեր եւ անոր ազնիւ կերակուրներուն մի՛ ցանկար: «Կե՛ր ու խմէ՛», կ՚ըսէ քեզի, բայց անոր սիրտը քեզի հետ չէ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Չարին անդոհը ատելութիւն եւ խորշանք կը պատճառէ, գալիք չարիքն ալ՝ վա՛խ։ Այս շարժումը կը յանգի առկայ չարին պատճառած տխրութեամբ կամ անոր հակադրող բարկութեամբ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նախապէս մի քանի յօդուածներու մէջ խօսած ենք ուսուցիչի կարեւորութեան մասին, յստակ տարբերութիւն դնելով դասատուին եւ ուսուցիչին միջեւ. ուսուցիչի մը ազդեցութիւնը կրնայ ամբողջութեամբ փոխել աշակերտի մը կեանքը, հեռանկարն ու նպատակները, ունին ուժը փոխելու աշակերտի հայեացքն ու իմաստաւորելու իրենց ձգտումները, ձգելով տպաւորութիւններ, որոնք կը ձեւաւորեն թէ՛ անձը եւ թէ ապագան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ մեծ կռիւ մը ծագեցաւ՝ հայկական եւ թրքական ֆութպոլի խումբերու միջեւ տեղի ունեցած հանդիպման մը ընթացքին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, դէպքը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին, երբ թրքական «Թուրքուազ» եւ հայկական «ՀՄԸՄ-Վալանս» խումբերը կ՚ունենային հանդիպում մը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) միջկառավարական խորհուրդի հերթական նիստը, որուն զուգահեռ կազմակերպուած է նաեւ Եւորասիոյ տնտեսական երրորդ համաժողովը։ Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի արտաքին առեւտուրին տեսակէտէ ԵԱՏՄ յառաջատար գործընկեր կը հանդիսանայ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 1, 2024

Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար Վահան Կոստանեան «Անատոլու» գործակալութեան յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Ան նշեց, որ հայկական կողմը ուրախ է յարաբերութիւններու կարգաւորման դրական թափով, սակայն, կը կարծէ, թէ շատ աւելին կարելի է ընել այդ ուղղութեամբ։

Էջեր