Արխիւ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Համահայկական հարթութեան վրայ առաջնահերթութիւններուն շուրջ քնարկումներ ծաւալելու առիթ Երեւանէ ներս: Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը՝ ապագայ ծրագրելու մշակոյթ հաստատելու ուղղեալ ջանքերու ճանապարհին կարեւոր նախաձեռնութիւն. «Մենք թէեւ հազարամեայ ժողովուրդ ենք, բայց, կը մտածենք կարճաժամկէտ»:
Հայրենիքը հեռուէն չսիրել, դադրեցնել անոր կարեկցանքի առարկայ դառնալը եւ գալիքի տեսլական յստակացնել՝ առանց մտածելակերպի բացարձակութեան:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի խօսքով՝ Հայաստան աշխարհի որքան շատ երկրի հետ տնտեսական փոխկապակցուածութեան մէջ ըլլայ՝ այնքան աւելի անվտանգութեան երաշխիքներ կ՚ունենայ:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոգեւոր-մշակութային ուղղուածութիւն ունեցող հայկական «Շողակաթ» հեռուստաընկերութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախատեսուած Միւռոնօրհնութեան առթիւ մեկնարկած է ութ մասէ կազմուած տեսաժապաւէնի մը ցուցադրութիւն՝ «Միւռոնօրհնեէքը պատմութեան էջերուն մէջ» խորագրով:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ Եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ՝ Ս. Միւռոնի մասին:
* Սուրբ Յովհան Օձնեցի Կաթողիկոսը իր կանոններուն մէջ կը գրէ.
Պարտ եւ արժան է որ հայրապետը օրհնէ Սուրբ Միւռոնը, այսինքն՝ անուշահոտութեան իւղը, ինչպէս նաեւ՝ իւրաքանչիւր եպիսկոպոս՝ մէկ անգամ Զատիկի հինգշաբթի օրը, ինչպէս հրամայուած է:

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Մէկը բերին անոր առջեւ, խուլ ու դժուարախօս եւ կ՚աղաչէին որ անոր վրայ ձեռք դնէ։ Ժողովուրդէն մէկդի առնելով զանիկա, իր մատները անոր ականջներուն մէջ խոթեց ու թքաւ, եւ անոր լեզուին դպաւ, ապա երկինք նայելով հառաչեց եւ ըսաւ անոր.- Եփփաթա, (որ կը նշանակէ բացուէ՛) եւ իսկոյն անոր ականջները բացուեցան եւ անոր լեզուին կապը քակուեցաւ եւ շիտակ կը խօսէր։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 19, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդկային ապրումներուն ամենէն դժուար ու վիրաւորական զգացումներէն մէկը հակառակ ամէն տեսակ զոհողութեանց գնահատուած չըլլալու գիտակցութիւնը ունենալն է. մեր ընկերութեան մէջ մենք ունեցած ենք բազմաթի՜ւ հայորդիներ, որոնք հակառակ իրենց ամէ՛ն տեսակի զոհողութեանց արժանի գնահատանքը չեն ստացած, սակայն, հակառակ այդ բոլորին, շարունակած են անձնուրաց նուիրուիլ այն առաքելութեան՝ որուն կը հաւատան:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Իտալիոյ դեսպան Ճիորճիօ Մարափոտին, որուն կ՚ընկերանար դեսպանութեան քաղաքական նիւթերու գծով խորհրդատուն։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարը, որ վթարային վիճակի մէջ էր, ամրակայուած է հիմքէն մինչեւ գմբէթը:
Համայն հայութեան սրբութիւն սրբոցը ֆիզիքապէս երաշխաւորուած՝ յաւերժութեան ճանապարհին:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի սպասաւորներէն տիրացուի Կարէն Սրկ. Համամճեանն ու իր հայրը՝ Համօ Համամճեանը։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը այս առաւօտ Երեւանի «Մերիտիան» կեդրոնի երդիքին տակ աշխատանքի սկսաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի բացման ելոյթով: Ձեռնարկի պաշտօնական բացումը բնորոշեց «Դուին» պանդոկի ընդարձակ երաժշտասրահէն ներս սարքուած ընդունելութիւնը, որու ընթացքին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ միասնական եւ հզօր սփիւռքը երկրի թիւ մէկ դաշնակիցը կը համարէ:
Պատումներու արդի վերաբանաձեւում:
Համազգային հարթութեան վրայ խոշորացոյցի տակ կու գայ պետականակեդրոն սփիւռքի դերը Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համատեսքին մէջ՝ հաշուի առնելով նաեւ արտաքին ու ներքին գործօններով պայմանաւորուած միջավայրը: Աշխարհի շուրջ վաթսուն երկիրներէն հազար մասնակից կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենայ հայկական հրատապ օրակարգի խնդիրներուն շուրջ:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտերկրի մէջ մեր եւ ուրիշներու զաւակներէն խառնուրդ մըն էին, որոնք իրենց թեւերուն տակ առած իրենց թերթերն ու պարբերականները Եւրոպայի փողոցները, համալսարաններն ու սրճարանները կը թափառէին յանուն Դատին: Ամէն ինչի մէջ հակառակ էին, միակ բանը որ կը միացնէր զիրենք՝ գիշերն էր, որ բոլորին ընկերն էր:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աշխարհի վրայ ինքզինք մինակ կարծել եւ այդպէս զգալ, ամենէն ջլատող եւ յուսահատեցնող պարագան է, որ կրնայ մարդս ամենէն գձուձ վարմունքի, ամենէն աղտոտ հաշիւներու առաջնորդել։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 18, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

«Տղաս, եթէ տեսնես մէկը գետին ինկած է... կից մըն ալ դուն տուր»:
Այս խօսքերը հազար անգամ լսած եմ մեծմօրս բերնէն. քիչ մը տարօրինակ էր: Իմ տեսած միւս բոլոր ծերերը գրեթէ օրհնութիւնը կը բաշխէին, իսկ մեծմայրս կը յորդորէր ինկածը գետնէն հանելու փոխարէն հարուած մըն ալ տալ ու անցնիլ: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վերջերս «Արեւելք» լրատուականի հետ մտերմիկ զրոյց մը ունեցայ. զրուցավարը՝ Սարգիսը ուզեց պաշտօնականէն դուրս ելլենք եւ խօսինք այնպէս՝ ինչպէս պիտի խօսէինք մեր անձնական ընկերային զրոյցներու ժամանակ. այս առաջարկը ընդունելով որոշեցի հեռու մնալ պաշտօնական բոլոր ձեւակերպութիւններէ եւ ըլլալ այն՝ ինչ եմ սովորական առօրեայի ընթացքին:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

«Յեղափոխութիւնը մեզի ազատութիւն բերաւ», «Ով ազատութեան դէմ է՝ ստրուկ է», «Մեզ կ՚ուզեն ետ՝ դէպի անազատութեան նախկին ժամանակներ տանիլ», «Նիկոլը մեզ ազատութիւն պարգեւեց». նմանատիպ տեսակէտներ կարելի է յաճախակի լսել իշխանական ու մերձիշխանական շրջանակներէն ու անոնց ծառայող «ֆէյք»երէն:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Սուրիոյ նախագահ Պեշար Էսատ Դամասկոսի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկուն։ Պաշտօնական աղբիւրները շատ սահմանափակ տեղեկութիւններ հաղորդած են այս զրոյցի բովանդակութեան կապակցութեամբ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Հայաստան բարձր կը գնահատէ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ Ֆրանսայի ջանքերը:
Նախարար Ստեֆան Սեժուրնէ. «Փարիզ կը շարունակէ իր յանձնառութիւնը՝ Երեւանի հետ ամուր կապերը պահպանելու ուղղութեամբ»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Նիկոլ Փաշինեան. «Հարաւային Կովկասէ ներս հակամարտութեան էջը փակելու պատմական հնարաւորութիւն գոյութիւն ունի»:
«Տարածաշրջանի խաղաղութեան շահառուները կ՚ըլլան ո՛չ միայն Հայաստանն ու Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Վրաստանը, Թուրքիան եւ Իրանը»:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Այսօր երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը սկսի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը։ «Դուին երաժշտասրահ»ի երդիքին տակ նախատեսուած պաշտօնական ընդունելութեամբ պիտի ազդարարուի այս համահայկական հաւաքին բացումը։ Աշխատանքային ծրագիրը պիտի սկսի վաղը առաւօտ եւ պիտի տեւէ երեք օր։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի նորանշանակ ղեկավար Հենս Ուեչսէլը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութենէն այլ պատասխանատուներ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 17, 2024

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի նախաձեռնութեամբ մամլոյ ասուլիս՝ մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մօտալուտ սրբազան արարողութիւնները պիտի թարմացնեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին հոգեւոր միասնականութեան զգացումը, ինչ որ հաւաքական պատասխանատուութեան վերանորոգ գիտակցութեան նոր անկիւնադարձ մը սահմանելու հեռանկարը ունի՝ առկայ ճակատագրական ժամանակներուն:
Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման ընդառաջ, Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առաւօտ զրուցեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:

Էջեր