Արխիւ
Այսօր երեկոյեան, Երեւանի մէջ կը սկսի Համաշխարհային հայկական գագաթաժողովը։ «Դուին երաժշտասրահ»ի երդիքին տակ նախատեսուած պաշտօնական ընդունելութեամբ պիտի ազդարարուի այս համահայկական հաւաքին բացումը։ Աշխատանքային ծրագիրը պիտի սկսի վաղը առաւօտ եւ պիտի տեւէ երեք օր։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ ընդունեց Իսրայէլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Պաղեստինի գործերու գծով բաժանմունքի նորանշանակ ղեկավար Հենս Ուեչսէլը, որուն կ՚ընկերանային դեսպանութենէն այլ պատասխանատուներ։
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական համակարգի նախաձեռնութեամբ մամլոյ ասուլիս՝ մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանէն ներս:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մօտալուտ սրբազան արարողութիւնները պիտի թարմացնեն Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհասփիւռ հօտին հոգեւոր միասնականութեան զգացումը, ինչ որ հաւաքական պատասխանատուութեան վերանորոգ գիտակցութեան նոր անկիւնադարձ մը սահմանելու հեռանկարը ունի՝ առկայ ճակատագրական ժամանակներուն:
Միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման ընդառաջ, Տ. Արշակ Արք. Խաչատրեան եւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան այս առաւօտ զրուցեցին զանգուածային լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը 2024-2025 ուսումնական շրջանի վերամուտին երախտագիտութեան տուրք մատոյց խումբ մը նուիրեալ դէմքերու, որոնք թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի արդի տարեգրութեանց մէջ ուրոյն տեղ ապահոված են իրենց ներդրած ջանքով եւ եռանդով։
«Հրանդ Տինք» միջազգային մրցանակը 16-րդ անգամ յանձնուեցաւ՝ CRR-ի մէջ կազմակերպուած երեկոյթով:
Այս տարուան պարգեւատրեալները կը յատկանշուին՝ կանանց իրաւունքներուն հետամուտ ծաւալուած գործունէութեամբ:
Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալի բարձունքին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց տարուան վերջին տաղաւարը՝ Խաչվերացը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Խաչվերացի տօնակատարութիւններուն նախագահեց Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ, ուր տուաւ օրուան պատգամը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Անցեալ օրերուն հնչեցին յայտարարութիւններ, որոնք կը վկայեն Թեհրան-Մոսկուա բաւական բարձր լարուածութեան մասին։ Թերեւս առաջին անգամն է, որ այսպիսի լարուածութիւն մը ի յայտ կու գայ Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը իր պատմութեան ընթացքին ընդունած է բազմահազար հայ եւ օտար նշանաւոր մարդիկ: Հայաստան այցելող բոլոր կարեւոր հիւրերը, արուեստագէտները, մտաւորականները, հոգեւոր եւ քաղաքական գործիչները անպայման այցելած են նաեւ Էջմիածին՝ հաղորդուելու Մայր Աթոռի սրբազան լոյսին եւ հանդիպելու Ամենայն Հայոց կաթողիկոսներուն հետ:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Առցանց խաղերը, որոնք մեր կեանքին մէկ մասը դարձած են թեքնոլոժիի զարգացմամբ, կը գրաւեն անհատներու ուշադրութիւնը՝ յատկապէս դեռահասութեան շրջանին։ Հասկնալի է, որ այդ խաղերէն շատերը կը ներառեն պատերազմի, զէնքի եւ բռնութեան երեւոյթը:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հրաչեայ Աճառեան իր «Հայերէն արմատական բառարան»ին մէջ կը գրէ, թէ՝ «իր» բառի գործիական հոլովն է՝ «իրաւ». «իրօք»՝ որ ստացած է մակբայական գործածութիւն՝ «արդեամբ», «գործով», «հաւաստեաւ» նշանակութեամբ։ «Իրօք բարկացուցեր եւ բանիւք հաշտեցուսցես»՝ հակադրուած են իրար հետ՝ խօսք եւ գործ։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Այսօր ծնունդն է հայ մտաւորական մը, որ լոյս աշխարհ եկած է մեր թուականէն 202 տարիներ առաջ՝ 1822 թուականին. մտաւորական, որ բժիշկ ըլլալով հանդերձ իր մէջ ունէր մտաւորական գրող ըլլալու Աստուածային շնորհքը եւ անբացատրելի ձեւով անգիր գիտէր հայոց պատմութիւնը. ըմբոստ պայքարելու բոլոր անիրաւութիւններուն դէմ, զոր կը նեղէր իր ազգն ու արիւնակիցները։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թիֆլիզ, ուր կը հիւրընկալուի Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Քոպախիծէի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն վերահաստատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը։ Ուաշինկթընի պաշտօնական աղբիւրները վերջին օրերուն մանրամասնութիւններ հրապարակեցին՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախօրէին տեղի ունեցած հեռախօսազրոյցին շուրջ։
Օքամփօ. «Աշխարհասփիւռ հայութեան ջանքերը պէտք է միաւորուին՝ հայ գերիներու ազատութեան համար»:
Միջազգային քրէական ատեանի նախկին աւագ դատախազը Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ տեսակցեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հետ:
Ռուսաստանի փոխ-վարչապետը ծանօթացաւ ջրհեղեղէ վնասուած երկաթուղիի վերականգնման աշխատանքին:
Օվերչուքի խօսքով՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակումը հնարաւոր է Հայաստանի ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքներու պահպանմամբ՝ Երեւան-Մոսկուա-Պաքու յայտարարութեան հիմքով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այս օրերուն Երեւանի մէջ կը հիւրընկալէ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ստեֆան Սեժուրնէն, որու ողեւորութեան ծրագիրը կը բաղկանայ երկու օրերէ։ Ֆրանսացի նախարարին կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ հասաւ Հայաստան։
Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աւագ հիւպատոս Ճուլի Իտէ երէկ հիւրընկալեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու մամլոյ ներկայացուցիչները։ Այսպէս, աւագ հիւպատոս Իտէ կէսօրուան ճաշի սեղանի շուրջ համախմբուեցաւ փոքրամասնութիւններու համայնքային թերթերու գլխաւոր դէմքերուն հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հիւրընկալեց Ռուսաստանի փոխ-վարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը, որ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Փաշինեան եւ Օվերչուք անդրադարձան Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) շրջանակներէն ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տաղաւարի հոգեւոր ուրախութիւնը անգամ մը եւս կը համակէ մեզ, երբ կը յիշենք Խաչը եւ Խաչեալը եւ խաչին նկատմամբ ցուցաբերուած նախանձախնդիր կեցուածքը բոլոր անոնց, որոնք լաւագոյնս ըմբռնած էին իմաստը անկրկնելի Սուրբ Պատարագին, որ մէկ անգամ մատուցուեցաւ, որուն զօրութիւնը անանց է եւ յաւիտենական։