Արխիւ
Երեկոյթին ներկայ էր նաեւ Տիգրան Մանսուրեան, որ դրուատեց մեծանուն վարպետին գործը
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ Անգարայի մէջ տեսակցեցաւ Արեւելեան եւ Հարաւ-արեւելեան Անատոլուի քաղաքներու շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Համահայկական 6-րդ խաղերուն ջահը վառուեցաւ աննախընթաց ցնծութեամբ:
Սերժ Սարգսեան. «Այստեղ բոլորը կապուած են ընդհանրութիւնով մը՝ հայ ըլլալով»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սպասելի էր, որ Սուրիոյ տագնապին առընչուող «հովանաւոր» երկիրները նոր քաղաքական ձեւաչափեր որդեգրեն: Նոր մօտեցումներու հիմնական դրոյթները արդէն պատրաստ են:
ՃՀՓ-ի Իսթանպուլի երեսփոխանը գրաւոր հարցում մը հասցէագրեց Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուին:
Սելինա Տողան կողմանկից է ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի պաշարի արժեւորման՝ որպէս պատմական կարեւորագոյն աղբիւր:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գինը այսօրուընէ սկսեալ կը բարձրանայ 1 թրքական լիրայի։ Այս որոշումը թերթիս վարչութեան կողմէ ընդունուած է ստիպողական պայմաններու ներքեւ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Բնութիւնը Աստուծոյ արտացոլացումն է, եւ Բնութիւնը կարծես արտատպուած պատկեր մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Եւ ա՛յս է նշանակութիւնը այն բացատրութեան՝ թէ մարդ ստեղծուած է Աստուծոյ պատկերով եւ Անոր նմանութեամբ։
Սուրիահայոց հրատապ խնդիրները միշտ առարկայ անմիջական ուշադրութեան:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութենէն ներս տեղի ունեցան բազմակողմանի քննարկումներ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեք օր տեւած լռութիւնէ մը ետք Աֆղանիստանի «Թալեպան շարժում»ը յայտարարեց, իր նոր առաջնորդին նշանակման մասին: Յայտարարութիւնը նաեւ կը յայտնէր, որ շարժումի նախկին ղեկավար Մոլլա Օմար մահացած է:
Վարչապետը բովանդակալից յօդուած մը գրի առաւ ամերիկեան «The Washington Pots» թերթին համար:
Ըստ Տավուտօղլուի, ահաբեկչութեան դէմ պայքարը առաւել ազդու պիտի դառնայ դաշնակիցներու հետ գործակցութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Շատ բարդ ու խրթի՛ն է մարդկային յարաբերութիւնները։ Ըսելու պէտք չկայ, մեզմէ իւրաքանչիւրը ապրած է, կ՚ապրի եւ պիտի ապրի այնպիսի դէպքեր՝ ուր կարելի չէ բացատրել, կարելի չէ հասկնալ եւ վերլուծել այդ յարաբերութիւններուն իմաստը։
Գնալըի Կազդուրման կայանի պատշգամին վրայ տեղի ունեցաւ տարեդարձի խանդավառ ընթրիք մը, որ անցաւ փայլուն:
Միութեան վարչութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած ձեռնարկին ընթացքին բոլորը դրուատիքով անդրադարձան ցարդ կատարուած գործունէութեան եւ խրախուսական արտայայտութիւններ ունեցան ապագայի համար:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
1973 թուականն էր: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմէն առաջ: Հայրս որոշեց, որ այլեւս բաւարար էր Էշրէֆիէի Մոնթէ Նապհան թաղամասի մէջ մեր բնակութիւնը: Մեր թաղը յատկանշական էր տուներուն «քով-քովի» եւ «մէջ-մէջի» իրարու միացած իրականութեամբ, ուր ընտանիքներ թէպէտ զատ տնակներու մէջ էինք, բայց միասին ապրելու սովորութիւն ունէինք:
Վաղը Երեւանի մէջ պիտի սկսին Համահայկական վեցերորդ խաղերը։ Սա արդէն աւանդական դարձած մրցաշարք մըն է, որ ամէն անգամ կը համախմբէ աշխարհի չորս ծագերէն հայ երիտասարդներ, որոնք եղբայրական մթնոլորտի մը մէջ կը մրցին իրարու հետ։
Անգլիական «The Independent» հեղինակաւոր թերթը հրատարակեց Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիին ձօնուած յօդուած մը։ Այս առթիւ մատնանշուած է, թէ այդ կղզիին վրայ խարսխուած Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքը դարձած է հայ գիտութեան գոյատեւման խորհրդանշանն ու կարեւոր կեդրոնը։
Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուր այս շաբաթավերջին կը գտնուի Պէյրութի մէջ։ «Արմէնփրէս» գործակալութեան հաղորդումներով, Ազնաւուր երէկ ժամանեց Պէյրութ, ուր այսօր նախատեսուած է իր համերգը։
Ատրպէյճանի Պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա։ Կը հաղորդուի, որ ազէրի նախարարը կը մասնակցի Ռուսաստանի մայրաքաղաքին մէջ կազմակերպուած «Բանակային միջազգային խաղեր-2015»ի բացման արարողութեան, որ նախատեսուած է այսօր։
CCAF-ի համանախագահները շուտով հանդէս եկան նախաձեռնութիւնով մը:
Ֆապիուսի եւ Քազնէօվի շրջաբերականէն վերջ Արցախի պարագային նոր որոնումներ:
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան երէկ Երեւանի մէջ տեսակցեցաւ Հալէպի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Գէորգեան Հրանոյշ Յակոբեանին ներկայացուց Հալէպի առկայ իրավիճակը, որ վերջին շրջաններուն սրուած է առաւել եւս։
Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց զուիցերահայ յայտնի գործարար ու բարերար, աշխարհահռչակ «Ֆրանք Միւլլէր» ընկերութեան նախագահ Վարդան Սրմաքէշը։ Ծանօթ է, որ այս վերջինը նախկին պոլսահայ մըն է ու միեւնոյն ժամանակ Հայաստանի աւագ հիւպատոսը՝ Մարսէյլի մօտ։