Արխիւ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս հասկնալ Առակագիրին հետեւեալ ըսածը. «Երբ Տէրը մարդուն ճամբաներուն հաճի, մինչեւ անգամ անոր թշնամիները կը հաշտեցնէ անոր հետ» (Առ 16.7):
Պատասխան. մարդ երբ Աստուծոյ կամքին համաձայն ապրի եւ իր կեանքը անուշաբոյր պատարագ ըլլայ մատուցուած Տէր Աստուծոյ, ապա Աստուած այդ մարդուն հետ կ՚ընթանայ քայլ առ քայլ, եւ երբ կարիք ըլլայ միջամտելու կամ օգնելու, ապա Իր օգնութիւնը կամ միջամտութիւնը կը ցուցաբերէ տուեալ մարդուն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հայոց մէջ կաթոլիկութեան տարածման գլխաւոր գործիչները դարձան եւ այն վանական կարգերը՝ որոնք ԺԸ. դարուն հաստատուեցան. այդ կարգին էին՝ Մխիթարեաններ եւ Անտոնեաններ։ Մխիթարեաններ յայտնի միաբանութեան հիմնադիրը եղաւ Մխիթար Սեբաստացին՝ ծնած 1676 փետրուար 7 թուականին։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Յստակօրէն հասկնալու եւ գիտնալու համար, թէ ո՞ւր էինք եւ ո՛ւր հասանք, պէտք է անպայմանօրէն ստուգել անցեալի հայկական մամուլը եւ ինչո՞ւ չէ նաեւ օտար մամուլները: Ապագայի հանդէպ մեր մտահոգութիւնը, ներկայի հանդէպ մեր դժգոհութիւնն ու անցեալի հանդէպ եղած սէրը որպէս յոռետեսութիւն թող չորակուի, սակայն անուրանալի է, թէ անցեալին ունէինք աւելի աշխոյժ մշակութային ու ազգային կեանք մը՝ քան ներկայիս:
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ նախակրթարանի շրջանաւարտներու հանդէսը։ Յայտագրի գործադրութեան ընթացքին տղաքը բարձր գնահատանքի արժանացան իրենց յաջող ելոյթներով։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդիսութիւնը առիթ դարձաւ մեծ խանդավառութեան։ Մանկապարտիզպանուհիներէն Թանիա Փաքէրթիքի ողջոյնի խօսքով սկսաւ հանդիսութիւնը, որմէ վերջ արտայայտուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան Իսթանպուլի վանատունէն Հայր Յակովբոս Ծայրագոյն Վարդապետ Չօփուրեան։
Շիշլի մարզակումբի ճատրակի մարզիկները վերջին օրերուն կարեւոր նուաճումներ ունեցան։ Ակումբի պատանի մարզիկներէն Տանիէլ Պետրոս Ճամկէօզ մասնակցեցաւ Պէյօղլուէ ներս կազմակերպուած միջվարժարանային մրցաշարքի մը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն վերադարձաւ իր Աթոռը։ Ինչպէս ծանօթ է, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը շուրջ շաբաթէ մը ի վեր կը գտնուէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ուր մասնակցեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ գումարուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) նստաշրջանին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
2019 թուականին Լիբանանի տնտեսական տագնապի սրումէն ի վեր երկրի Կեդրոնական դրամատան կառավարիչին՝ Ռիատ Սալամէիի անունը որպէս մեղաւոր դրուեցաւ շրջանառութեան մէջ։
Սամաթիոյ ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի շրջանաւարտից աւանդական հաւաքին առթիւ։ Բաժակի պահուն բոլորը յարատեւութիւն մաղթեցին իրենց սիրեցեալ դպրոցին։
Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին կազմակերպուեցաւ ֆութսալի մրցաշարք մը, որ ձօնուած էր հոգելոյս Ռոպէր Չեթինքայայի յիշատակին։ Վարչութեան այս նախաձեռնութեան իր զօրակցութիւնը բերաւ նաեւ Ռոպէր Չեթինքայայի որդին՝ Այգուն Չեթինքայա։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ այս ամրան շրջանի առաջին Ս. Պատարագը մատուցուեցաւ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի։ Օրուան քարոզին մէջ հայր սուրբը անդրադարձաւ Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնին։
Շաբաթավերջին Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի մանկանց կազմը յաջող համերգով մը հանդէս եկաւ, ինչ որ գտաւ լայն արձագանգ։ Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական նախաձեռնութիւն մը։ Այսպէս, խորքին մէջ ընկերային ու բնապահպանական զգայնութիւններու հետամուտ ծրագիր մըն էր այս մէկը։
Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսաստանի փոխ-վարչապետներու աշխատանքային խումբին գործունէութիւնը կը շարունակուի՝ Հարաւային Կովկասէ ներս տարածաշրջանային տնտեսական ու փոխադրութեան հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման օրակարգով։
Ֆրանսական մամուլին մէջ վերջերս լոյս տեսած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Ֆրանսուա Սիւրօ կ՚ըսէր հետեւեալը. «Գրականութիւնը ժամանց մըն է, միջոց մը ժամանակէն անդին անցնելու համար»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ նշեց Կաթուղիկէ Սուրբ Էջմիածնի տօնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը Ս. Պատարագի արարողութեան մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ։
Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ընդլայնուած կազմով նստաշրջանի աւարտին յայտարարութիւն:
Մայր Աթոռը կը շարունակէ անհանգստութիւն յայտնել Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած քաղաքականութեան շուրջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Մեր ընթերցողներուն տեղեկացուցած էինք, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի «Հայ մատենագրութեան թուանշային գրադարանը» թուայնացուցած է արեւմտահայ գրականութեան դասականներէն Յակոբ Օշականի տպագիր հիմնական ժառանգութիւնը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ներկայ ժամանակներուն բնութեան հաւասարակշռութիւնները արագօրէն կը փոխուին, կենդանի տեսակներ կ՚անհետանան, տեղի կ՚ունենան աննախադէպ բնական աղէտներ եւ անոնց քանակն ու սաստկութիւնը օրէ օր կը մեծնան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Միջին դարու վերջաւորութենէն սկսեալ իմաստասիրութեան ընկերային եւ քաղաքական կարեւորութիւնը հետզհետէ կորսնցուցած կ՚երեւի։ Միջին դարու երեւելի իմաստասէրներէն William Ockham (1300-1349), Keiser-ի կողմէ Պապի հանդէպ գիրեր գրելու նպատակով վարձուած, կաշառուած էր։