Արխիւ

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան դիմագրաւած առկայ հարցերը բոլոր հարթութիւններու վրայ ուշադրութեան առարկայ կը դառնան Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։ Նուիրապետական աթոռներու գահակալներն ալ զգայնութեամբ կը հետեւին իրադարձութիւններուն, որոնք ունին նուրբ նշանակութիւն։

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Պատառիկ մը եւս կլանեց զիս մեծն Վազգէն Շուշանեանի օրագիրներէն, ուր ինչպէս միշտ կը հոսին ազգայինի եւ համամարդկայինի բովանդակ համադրումներ, գեղագիտական ու լեզուական բարձրագոյն հանգանակով մը ու յաւերժապէս արժէքաւոր թելադրականութեամբ:

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ի՞նչ կ՚ընեն բարկացող ու երկայնամիտ մարդիկը:
Պատասխան.
Առակագիրը կը գրէ. «Բարկասիրտ մարդը վէճ կը հանէ, բայց երկայնամիտը կռիւը կը դադրեցնէ» (Առ 15.18): Այլ խօսքով, բարկութիւնը վէճի ու խռովութեան կը տանի, մինչ երկայնամտութիւնը՝ խաղաղութեան ու համերաշխութեան:

Երեքշաբթի, Մայիս 30, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Աստուած մարդը իմացական եւ բանաւոր արարած ստեղծեց, տալով անոր արժանապատուութիւնը անձի մը՝ որ օժտուած է նախաձեռնութեամբ եւ իր գործերուն տիրապետութեամբ։ Արդարեւ, «Աստուած թողուց մարդը իր անձնական դատումին». (ՍԻՐ. ԺԵ 14), որպէսզի ան կարենայ անձամբ փնտռել իր Արարիչը եւ ազատօրէն փարելով Անոր, հասնիլ լի եւ երանաւէտ կատարելութեան։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

Երեւանի ղեկավարութիւնը արձագանգեց Թուրքիոյ ընտրութիւններու արդիւնքին։ Այսպէս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը երէկ ուշ երեկոյեան շնորհաւորեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի վերընտրութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

Թուրքիոյ ընտրողներուն 84.29 տոկոսը մասնակցութիւն բերաւ Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան երկրորդ փուլի պատմական ու վճռորոշ քուէարկութեան:
Էրտողան վերընտրուեցաւ:
Անընդմէջ 17-րդ անգամ ժողովուրդէն հաւանութիւն:
Ձայներու 52,14 տոկոսին տիրանալէ վերջ ԱՔ կուսակցութեան ղեկավարը ուշ գիշերին Անգարայի մէջ խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, իր դաշնակիցներուն ներկայութեամբ՝ հանրահաւաքի մասնակիցներու ծովածաւալ բազմութեան մը սիրոյ արտայայտութիւններու պայմաններուն ներքեւ. «Ոեւէ մէկուն չենք դառնացած, ոեւէ մէկը չէ կորսնցուցած»:
Միջազգային անմիջական ուշադրութիւն:

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին նշուեցաւ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան 562-րդ տարեդարձը։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր եկեղեցի։ 

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

«Բարեկամ» խումբը, որ վերջերս պաշտօնական միութիւն մը կազմեց, ներկայիս կը նշէ իր ձեռնարկած կրթական ծրագրին երկրորդ տարեդարձը։ Այս առթիւ «Բարեկամ»ի ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին համայնքային յայտնի բարերար եւ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլին, որու յանձնեցին յուշանուէր մը։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ Հոգեգալստեան տօնին առթիւ փայլուն տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան՝ նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան օրը կը կատարուի նաեւ մեր այս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութիւնը։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Իր հիմնադրումէն 41 տարի յետոյ անուանի հայ նկարիչ Մինաս Աւետիսեանի (Մինաս) տուն-թանգարանը կը ներկայանայ նորովի: Օրերս Մինասի ծննդավայրին մէջ՝ Շիրակի մարզի Ջաջուռ գիւղը վերաբացուեցաւ անմահ նկարիչի տուն-թանգարանը՝ նոր երեւոյթով, նոր ձեւաւորումով եւ նոր ցուցադրութեամբ:

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Կարգ մը լրատուամիջոցներու, կայքէջերու եւ այլն, լուսանկարներու մէջ ներկայացուած են զանազան դրուագներ, որոնք սադրիչ ըլլալէ անդին կը զարմացնեն տեսնողները, նաեւ կը մղեն խորհրդածելու տուեալ լուսանկարիչներու բարոյագիտական արժէքներուն մասին։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մելգոն-Ասատուրի պատրաստած «Երեքդարեան պատմութիւն Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ Պալաթի 1627-1931» գիրքէն կը քաղենք հետեւեալ տեղեկութիւնները.
1832-ին, Պալաթու եւ Ֆէնէրի բարձունքին վրայ գտնուող «Գանլը քիլիսէ» թաղը, Պէզճեան Յարութիւն Ամիրայի ծախքով, յանուն «Ս. Առաքելոց» նոր դպրոց մը կը բացուի, որուն հոգածութիւնը եւ խնամքը կը յանձնուի «Հայ գինեպաններու էսնաֆ»ին։

Երկուշաբթի, Մայիս 29, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մա՜հ կնոջ:
Մեր թուականէն 139 տարիներ առաջ այսպէս կը գրէր երիտասարդ յօդուածագիր մը Պոլսոյ մէջ հրատարակուած «Ընտանիք» հանդէսի 15 յունիս 1884 թուականի թիւին մէջ:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

Համայնքային հինգ լիսէներու աւարտական դասարաններու աշակերտները երէկ խանդավառ շրջապտոյտ մը կատարեցին՝ դէպի Վոսփորի Եւրոպական ափի մեր եկեղեցիները։ Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Լենա Ենիեորկանի ջանքերով կեանքի կոչուած նախաձեռնութիւն մըն էր այս մէկը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կողմէ Գայիանէ Յակոբեանի բանտարկութեան կապակցութեամբ հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ թողարկուած հրապարակումը։

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Մայիս 28 է...
Սակայն տակաւին հոս-հոն, մահամերձի նման կ՚ապրինք տառապանքով եւ պառակտումով: Տխուր է մեր հոգին մեր երկրի նման:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հասարակութեան մէջ անվստահութիւն, հաւաքական անբանութիւն ու դատարկութիւն եւ խարխլուած արժեհամակարգ:
Նահատակ Ժորա Մարտիրոսեանի մօր բանտարկութիւնը՝ վարչապետի որդի Աշոտ Փաշինեանի առեւանգման փորձին բերումով ամօթալի դիպաշար:

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Սուրբ Յարութեան յաջորդող ութերորդ կիրակին, Յինանց յիսուներորդ օրը կը կոչուի Հոգեգալուստ, Պենտեկոստէ:
Տէր Յիսուս Քրիստոս Իր երկրային առաքելութեան ընթացքին, Իր աշակերտներուն մի քանի անգամ խօսած ու խոստացած էր Մխիթարիչի մը մասին, որ Իր յարութենէն ետք պիտի ղրկէր անոնց: 

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

«Ինքնախաբէութիւն» տառացիօրէն կը նշանակէ՝ մարդուն ինքն իրեն համոզելը, ինքն իրեն խաբելը՝ պատրանք, որ մոլորութեան մէջ ըլլալ կ՚ենթադրէ՝ հաւատացած ըլլալով, թէ ճշմարիտ ճամբու վրայ է։ Արդարեւ, ինքնախաբէութիւն է՝ անթերի ըլլալ, ամենազօրաւոր կարծել ինքզինք, քանի որ մարդ «կատարեալ» չէ եւ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ եւ մէկ խօսքով՝ անկատար էակ մըն է։

 

Շաբաթ, Մայիս 27, 2023

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Վստահաբար բոլորիս ալ ծանօթ է ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի դիմագրաւած դժուարին օրերը, սակայն հակառակ այդ բոլոր դժուարութիւններուն, մեծապէս գնահատելի ու յուսադրիչ էր մի քանի օրեր առաջ տեղի ունեցած Համազգայինի «Գայեանէ» եւ «Քնար» պարախումբի տպաւորիչ ելոյթը:

Էջեր