Արխիւ

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Մոսկուա, ուր ընդունուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Քրեմլինի պալատէն ներս տեղի ունեցաւ երկու ղեկավարներու հանդիպումը, որու ընթացքին Փաշինեան ըսաւ. «Ռուս խաղաղապահներու տեղակայումէն յետոյ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը կայուն է, սակայն, երբեմն անկայունութեան օճախներ կը ստեղծուին, անկայուն է նաեւ վիճակը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին վրայ»։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը երէկ առաւօտ հիւրընկալեց Զեքիեան Գերապայծառը:
Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ կաթողիկէ հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին:

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ արագ ապաքինման մաղթանքներ յղեց Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսկոս Ա. Սրբազան Պապին, որ վերջին օրերուն վիրահատութեան մը ենթարկուեցաւ։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի աղբիւրները երէկ տեղեկացուցին, որ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը եղբայրական իր սէրն ու ողջոյնները փոխանցած է Սրբազան Քահանայապետին։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մենք Տիրոջ տասն պատուիրաններուն կը նայինք մեր մատներու արանքէն՝ կարեւորութիւն չենք տար, չենք կեդրոնանար, ջանք չենք թափեր պահելու: Սա մեծ մեղք է, անտարբերութիւն, արհամարհանք Աստուծոյ նկատմամբ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Տեսակցեցաւ՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Դէպի Հայք» հիմնադրամ կազմակերպութիւնը, ինչպէս Հայաստանի մէջ գործող շատ մը կազմակերպութիւններ, վերջին ամիսները նոյնպէս անցաւ դժուար ճանապարհով՝ փորձելով վերաձեւակերպել իր առջեւ դրուած հարցերը եւ նոր հրամայականներուն ընդառաջ՝ նոր մարտավարութիւն որդեգրել:

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Լսած էինք, որ կովերը դասական երաժշտութենէն կ՚ախորժին եւ երբ այդ երաժշտութիւնը ունկնդրեն, շատ աւելի կաթ կու տան։ Կարծես ճիշդ է այս ենթադրութիւնը, հիմա խօսինք օրինակներով։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ուղղափառութեան մէջ արդարութիւնը մարդու սէրէն զեղում մըն է Աստուծոյ եւ իր նմանին նկատմամբ: Իսկ բոլոր արդարութիւնները, որոնք փառասէրներուն ու մոլորեցնողներուն կողմէ կը կատարուին, ապա ատոնց մէջ քրիստոնէական հոգեւորութիւն չկայ, այլ՝ մարդկային լա՛ւ գործօն կայ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւնը այն մասին, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին տեղի ունեցողը «սահմանային միջադէպ է» եւ այդ կազմակերպութիւնը այս պարագային ընելիք չունի, մեծ դժգոհութիւն յառաջացուցած է Հայաստանի մէջ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Երեւանի «Գաֆէսճեան» արուեստի կեդրոնը այս շրջանին ձեռնամուխ եղած է «Յուշերու տուն» անուանեալ նոր կրթական ծրագրի մը, որու պաշտօնական մեկնարկը երէկ յայտարարուեցաւ թանգարանի աղբիւրներուն կողմէ։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Եիցաք Հերցոք երէկ պաշտօնապէս ստանձնեց Իսրայէլի նախագահի պաշտօնը։ Քնեսեթէ ներս տեղի ունեցած երդման արարողութիւնով ան դարձաւ Իսրայէլի 11-րդ նախագահը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տնօրէն Թետրոս Կեպրէյէսուս յայտարարեց, որ քորոնաժահրի նոր հիմնամանրէները յաղթական դուրս կու գան պատուաստանիւթերու դէմ պայքարէն։ Ժահրի նոր՝ առաւել ուժեղ վարակիչ յատկութիւններու տէր տարբերակները կը յաղթեն պատուաստանիւթերուն։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Ազգային Պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճէյմս Օսթինի հետ։ Դրական ու շինիչ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ այս հեռախօսազրոյցը, որու ծիրէն ներս ծաւալուած քննարկումները կը շարունակուին նաեւ այսօր։

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Եւրոյանձնաժողովի ընդլայնման եւ հարեւանութեան հարցերով յանձնակատարը Հարաւային Կովկասի մէջ:
Եւրոպա օգնութեան ծաւալուն ծրար մը պատրաստած է Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն համար: Վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլի ընդգծեց Վրաստանի ձգտումը՝ Եւրոմիութեան լիիրաւ անդամ դառնալու ուղղութեամբ:

Հինգշաբթի, Յուլիս 8, 2021

Սագօ Արեան կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

Նախաձեռնութեամբ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի եւ համագործակցութեամբ Ծիծեռնակաբերդի թանգարան-կաճառի, երէկ Երեւանին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը՝ ձօնուած Հայ Աւետարանական եկեղեցիէն աստուածաբան ու բարերար Արմենակ Յարութիւն Հայկազեանի, որ ծնած էր 1870 թուականին Խարբերդի մէջ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

Բանկալթըի Մխիթարեան վարժարանի ընթացաւարտ աշակերտներուն հանդէսը տեղի ունեցաւ, նախընթաց հինգշաբթի իրիկուն, դարաւոր կրթօճախի պարտէզին մէջ, միշտ յարգելով համաճարակի պարտադրած նախազգուշական միջոցառումները: Այս տարի վարժարանը կու տար իր հիմնադրութեան 196-ամեակի երեսունինն պատուաբեր շրջանաւարտները:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց երեկոյեան, Պատրիարքարանի պարտէզին մէջ ընդունելութեամբ մը հիւրասիրեց Աթոռի «Հայ Մենթի-Մենթոր» ծրագրի անդամները։ Այս ընդունելութեան ընթացքին երիտասարդներ համախմբուեցան Պատրիարքարանի երդիքին ներքեւ ու մեր Հոգեւոր Պետին ձեռամբ ստացան վկայականներ։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, ընդունեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեանն ու Արէտ Չիչէքէքէրը։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այս քաղաքավարական այցելութիւնը, որու ընթացքին հիւրեր Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ գործունէութեան եւ ներկայ վիճակին մասին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր ընդունեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըի։ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ այցելութիւնը, որու ընթացքին թաղականները Նորին Ամենապատուութեան տեղեկութիւններ փոխանցեցին եկեղեցւոյ եւ թաղի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի գործունէութեանց մասին։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանէն ներս վերաձեռնարկեց աշխատանքի։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած երկարատեւ ու ստիպողական դադարէն վերջ, նախընթաց օր համոյթի փորձերը վերսկսան Կազդուրման կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրէն ներս։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 7, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ծիրանափողի վիրթիէօզը հեռացաւ մեզմէ. բօթը երէկ համատարած ցաւ ստեղծեց ինչպէս հայ իրականութենէն, այնպէս ալ երաժշտական աշխարհէն ներս։ Անվիճելի եւ անկրկնելի մեծութիւն մըն էր վարպետը, իսկական հանճար մը, որու կորուստը որբացման զգացում կը յառաջացնէ հայ ժողովուրդին մօտ։

Էջեր