Արխիւ

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը լոյս ընծայած է գրականագէտ, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիոյ Մանուկ Աբեղեանի անուան գրականութեան կաճառի տնօրէն Վարդան Դեւրիկեանի գիրքը՝ Մկրտիչ Ա. Խրիմեան Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի մասին:

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022

ԲԺԻՇԿ ՎԱՀԱՆ ԱՐԾՐՈՒՆԻ (1902)
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Իսկ եթէ ապրած տեղս հիւանդանոց չկայ. օրինակ, մեր գիւղին մէջ, կը հարցնէք դուք, այն ատեն ի՞նչ ընենք:
-Այն ատեն հիւանդը պէտք է տունը պահել, ուրիշ միջոց չկայ:

Հինգշաբթի, Մարտ 31, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մեր թուականէն 87 տարիներ առաջ՝ 27 օգոստոս 1935 թուականին հրապարակագիր, ազգային եւ քաղաքական գործիչ Շաւարշ Միսաքեան մի քանի բարեկամներու հետ միասին կ՚երթայ Վիլժուիֆ, իր խօսքերով՝ «այն չարաշուք հաստատութիւնը, ուր տարիներէ ի վեր կը հիւծի մեծ Վարպետը՝ Կոմիտաս»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Աւելի քան դար մը առաջ, Պոլսոյ մէջ հայեր երկրին մէջ խռովութիւններ ստեղծելու եւ ապստամբութեան փորձեր ընելու մեղադրանքով դատարան կը տարուին: Դատաւորը Պ. Պ. անունով ամբաստանեալին հարց կու տայ.

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

«Հայկական կողմը կը կարողանա՞յ իրեն համար կարեւոր խնդիրները օրակարգի մաս դարձնել»:
Արման Մելիքեան. «Ատրպէյճան կ՚ուզէ հասկցնել, որ արտաքին որեւէ դերակատար պէտք չէ միջամտէ Արցախի կազամատակարարման հարցին, որովհետեւ կ՚ուզէ կը լուծէ, իսկ եթէ չուզէր՝ թող մարդիկ սառին իրենց տուներուն մէջ»:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

Պէյրութի մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներու մասնաճիւղերու շրջանային խորհրդաժողովը։ Այս հաւաքոյթին մասնակցեցաւ նաեւ ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան, որ նոյն օրերուն այցելած էր Պէյրութ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմական մթնոլորտին մէջ խաղաղութեան հովեր փչեցին Վոսփորէն:
Նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտնեց, որ կողմերը կարգ մը նիւթերու շուրջ հասած են փոխադարձ ըմբռնման:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

Երէկ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Թիֆլիզի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի եւ փոխ-վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար Տաւիտ Զալքալիանիի հետ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Գրողին եւ անոր տողերուն եւ արտայայտութիւններուն ծանօթացման գրաւոր եւ բաց դաշտ մըն է գրախօսականը: Կը սիրեմ խանդավառուիլ մեր նոր արժէքներով եւ ահա այս օրերուն, վերեւ նշեալ գրքոյկը: Ու համեստօրէն, հայ գիրքը վերարժեւորելու ու անով մեր կեանքը ծաղկեցնելու գիտակից յանձնառութեամբ, կը փորձեմ Գէորգ Քէօշկէրեանի նոր լոյս ընծայած «Հայկական ասացուածքներ - թրքերէնէ թարգմանուած» գրքոյկին մօտենալ եւ զայն ընթերցողին հրամցնել:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ուղղափառ եկեղեցիներու խորհուրդի հերթական ժողովը, որուն տանտէրն էր Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 31-րդ օրն է:
Աստուած յաճախ մեզի հետ կը խօսի, սակայն միշտ չէ որ մենք Աստուծոյ ձայնը կը լսենք եւ կը փորձենք մտիկ ընել: 

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այլեւս անկարող էի համբերել. տեսակ մը տագնապ կը զգայի: Կցկտուր պատասխանները զիս չէին բաւարարեր, կը հանէին հունէ: Երբ բոլոր սուտերը լմնցան՝ պայթեցաւ դառնագին ճշմարտութիւնը. Չալոն չկայ:

Չորեքշաբթի, Մարտ 30, 2022

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահքի ճանապարհորդութիւնը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին: Մեր սիրելի ընթերցողներուն՝ յատկապէս պահեցողներուն կը ներկայացնենք փունջ մը մտածումներ պահեցողութեան մասին, որպէսզի ա՛լ աւելի ամրանալով ու զօրանալով ուրախութեամբ եւ հաստատակամութեամբ դիմաւորեն Տէր Յիսուսի Հրաշափառ Յարութիւնը, քայլ մը աւելի մօտենալով յաւիտենական երջանկութեան ու հանգիսիտին՝ Աստուծոյ քաղցր ներկայութիւնը վայելելուն:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Մեծ պահոց 30-րդ օրն է:
Ճանապարհորդութեան աւարտին շատ չէ մնացած: Այդ պատճառով, ամէն ճիգ թափենք, որպէսզի կարենանք զգաստ, առողջ եւ լաւ վիճակով հասնինք աւարտին, կարենալ համարձակապէս կանգնելու մեր Տիրոջ ներկայութեան:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

Ռուսաստան-Ուքրայնա բանակցութիւններու հերթական փուլը տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ տանտիրութեամբ:
Նախագահ Էրտողանն ալ առանձին-առանձին կը հիւրընկալէ Մոսկուայէն եւ Քիեւէն Իսթանպուլ եկած պատուիրակութիւնները:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւանի Ռուսական արուեստի թանգարանին մէջ ինքնատիպ ցուցահանդէս մը բացուած է՝ «Սամովար»: Թէյ եռացնող մետաղեայ սարքն է սամովարը, որ ինքնաեռ թարգմանած ենք հայերէնով:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ահա կ՚ըսեմ անհրաժեշտն ու ճշմարիտը։ Չեմ փորձեր աժան չքմեղանքով մը ինքզինքս արդարացնել: Օրին ստացած էի, «Ազդակ»ի 95-ամեակի բացառակին, մասնակից դառնալու հրաւէրս ու նաեւ, ժամկէտէն առաջ ալ, «սրտի խօսքս» պատրաստած:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Մարդկութիւնը իր երկար պատմութեան ընթացքին անցած է զանազան ու տարողունակ հանգըրւաններէ, որոնց բնութագրումն ու վերծանումը կրնայ դասակարգուիլ գիտական, քաղաքական, ընկերային, մշակութային ու տնտեսական արժեչափերով:

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

«Հրեաներէն շատեր այս գրութիւնը կարդացին, որովհետեւ հոն՝ ուր Յիսուսը խաչուեցաւ, քաղաքին մօտ էր» (Յհ 19.20):
Ինչո՞ւ ուզեցին քաղաքէն դուրս խաչել. նախ այս է, որովհետեւ բոլոր մահապարտները այնտեղ կը տանէին սպաննելու, որպէսզի գարշութեան հոտէն քաղաքացիները չզազրին: 

Երեքշաբթի, Մարտ 29, 2022

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Գիրքերու մէջ յաճախ կարդացած էի «մահուան տեսիլ» արտայայտութեան մասին, սակայն մինչեւ երեք տարիներ առաջ անոր ինչ ըլլալը այնքան ալ ծանօթ չէր ինծի:

Էջեր