Արխիւ
Երուսաղէմի պատրիարքներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը կը դատապարտեն Հայոց Պատրիարքութեան կալուածի բռնագրաւման անարդար որոշումը եւ անյապաղ միջամտութիւն կը պահանջեն։
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը չի մարսեր իր ազգապատկան կալուածներու սեփականութեան իրաւունքին դէմ ձեռնարկուած անակնկալ յափշտակութեան քայլը:
Ս. Աթոռը իսկական զօրաշարժի մէջ:
Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութիւնը առկայ ծանր մարտահրաւէրներուն բոլոր հարթութիւններու վրայ կը ջանայ հակազդել իր դէմ կատարուած անարդարանալի ոտնձգութեան:
Կալուածոց տեսուչ Տ. Կորիւն Եպիսկոպոս Պաղտասարեան եւ դիւանապետ Տ. Աղան Վարդապետ Գոգճեան հրատապ հանդիպում մը ունեցան պապական նուիրակ Ըլանա Գերապայծառին հետ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչները։ Հանդիպման ներկայ էր Պատրիարքարանի լուսարարապետ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, այս դպրաց դասու նախագահն է։
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Վաղը աշխարհը կը նշէ Միջազգային մայրենի լեզուի օրը, որ աշխարհի մէջ կը յիշատակուի 2000 թուականէն ի վեր։ Այս որոշումը ընդունուած է 1999 թուականի նոյեմբերին, ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 30-րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու նպատակով:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Գաղտնիք չէ, որ Հայաստանի իշխանութեան գլուխը գտնուող անհատները, որոնք կը կոչուին իշխանութիւն, մեծամասնութեամբ թերհասներ են, չըսելու համար կեանքին մէջ չկայացած անձնաւորութիւններ են, երկրի առաջին դէմքէն սկսած, մինչեւ որեւէ մէկ նախարարութեան ամենէն յետին ՔՊ-ական պաշտօնեան:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օրհնութիւնը՝ աստուածային կենսաբուխ արարք մըն է՝ որուն աղբիւրն է Հայրը։ Հօր օրհնութիւնը միանգամայն «խօսք» է եւ պարգեւ։ Մարդուն նկատմամբ «օրհնութիւն» բառը պիտի նշանակէ «երկրպագել Արարչին եւ Անոր յանձնուիլ՝ զԱյն գոհաբանելով եւ փառաբանելով»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Մեր վերջին յօդուածին վերջաւորութեան գրած էինք, որ մանկութենէ արդէն իսկ պիտի անցնինք պատանեկութեան եւ երիտասարդութեան, սակայն, կ՚որոշենք այստեղ վերջ դնել «Ծնողք-զաւակ յարաբերութիւն» յօդուածաշարքին՝ հաւատալով, որ դաստիարակութեան մէջ հիմնական բաժինն ու հիմքը մանկութիւնն է:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Շատ տարիներ առաջ էր: Հաւատացէ՛ք, հիմա նոյնիսկ անունը չեմ յիշեր, իսկ դէմքն ալ՝ շատ պղտոր: Հասակաւոր, վաթսունը անց, հայ մըն էր, որ այդ օրերուն աչքառու էր նոյնիսկ ամերիկեան գլխարկով փողոցէ-փողոց իր «պտոյտը»:
ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ո՜վ ընտիր մազեր՝ ինչպէս հօրս հազը:
Ո՜վ հին մազեր՝ ինչպէս մանկութիւնս եւ ձեռքիս վրայ եղող դաջուածքը:
Գլուխդ այս մայթին վրայ դիր եւ լսէ՛ զիս ո՜վ հացը, աղը եւ մտրակները ուրացող:
Մանկութեանս փորձեցի մսավաճառ դառնալ, սակայն ձախողեցայ, որովհետեւ միս ծախելէն աւելի՝ կ՚ուտէի:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Զոհողութիւնը՝ իր ամենապարզ մեկնութեամբ, մարդուն իրմէ, իր ունեցածը կամ ունեցածէն մէկ մասը սիրայօժար ուրիշի մը տալու պատրաստակամութիւն մըն է։ Այս իմաստով, զոհողութիւնը, ուրիշի մը ի նպաստ կամաւոր զրկանք մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երէկուան մեր յօդուածը աւարտեցինք կարեւոր հարցով մը. վերյիշելու համար այստեղ դարձեալ կը կրկնենք, որպէսզի խօսինք անոր յառաջացուցած հոգեբանական ու մանկավարժական հարցերուն մասին. «Տեսա՞ծ էք պատանիներ, որոնց երբ հարց տաք, մայրը կը պատասխանէ»:
Թեհրան եւ Պաքու հետամուտ փոխադարձ շահաւէտ գործակցութեան հարստացման:
Իրան եւ Ատրպէյճան նոյնանման առաջնահերթութիւններ ունին Կասպից ծովու պարագային:
Տանըլտ Թրամփ-Վլատիմիր Փութին հաւանական հանդիպումը տեղի կրնայ ունենալ մինչեւ ամսավերջ:
ԱՄՆ եւ Ռուսաստան յատուկ ներկայացուցիչներ կը նշանակեն՝ Ուքրայնայի հակամարտութեան կարգաւորման հասնելու համար:
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապի առողջական վիճակը այս շրջանին լրջօրէն վատթարացած է։ Ան քանի մը օրէ ի վեր հիւանդանոց փոխադրուած է, ուր մասնագէտներու հսկողութեան տակ կը գտնուի։
«Քարնեկի» հիմնարկի աւագ փորձագէտ Թոմաս տը Վաալ համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղը արդէն կորսնցուցած Հայաստան առեւտուրի առարկայ չի դարձներ Սիւնիքը։
Հայաստանի առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Երեւանի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ։ Նախագահ Տէր-Պետրոսեանի ապարանքին մէջ տեղի ունեցած զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը։
Ռիատի ժամադրութեան հետ նոյնաժամանակ Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրի երդիքին տակ երէկ տեղի ունեցան ծաւալուն քննարկումներ:
Թուրքիա միշտ պատրաստակամութիւն կը յայտնէ հարթակ տրամադրելու՝ Ուքրայնայի պատերազմի կարգաւորման ուղղեալ յառաջիկայ խաղաղութեան բանակցութիւններուն:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը կը շարունակէ իրերայաջորդ, ծանրածանր մարտահրաւէրներ դիմագրաւել։ Գոյաբանական բնոյթով, նոյնաժամանակ ու մէկէ աւելի այդ հիմնախնդիրները Սուրբ Աթոռի երկինքին վրայ կուտակուած են՝ մինչ համայն հայութիւնը մտահոգութեամբ կը հետեւի իրադարձութիւններուն ու կը ջանայ Սրբոց Յակոբեանց զինուորեալ միաբանութեան ու սաղիմահայ փոքրաթիւ համայնքին զօրակցիլ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ, ընդդիմադիր «Հայաստան» դաշինքի ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան համոզուած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հայոց վերադարձի միակ ճանապարհն է՝ 9 նոյեմբեր 2020 թուականի եռակողմանի յայտարարութենէն կառչիլը։
Եւրոպական Միութիւնը կ՚արձագանգէ Ուքրայնայի հարցով ԱՄՆ-Ռուսաստան խտացեալ որոնումներուն:
Էլիզէի պալատի քննարկումները առիթ դարձան ընդգծելու, որ խաղաղութիւն հաստատել անկարելի է՝ առանց Եւրոպայի: